Ազրպէյճան Կը Կազմակերպէ Իր Սեփական Սփիւռքը` Հայկական Սփիւռքին Հետ Մրցելու Համար


Յարութ Սասունեան


Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքին մասին` զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային հսկայական ուժ: Վերջին տարիներուն Ազրպէյճան վարակուած է հայկական սփիւռքին նկատմամբ նոյն վախով: Նախագահ Ալիեւ «հայկական սփիւռք»-ը ներկայացուցած է իբրեւ Ազրպէյճանի ամէնէն մեծ թշնամին: Հետեւաբար Ազրպէյճանի ղեկավարները սկսած են հսկայական միջոցներ վատնելու` զանազան երկիրներու մէջ իրենց սեփական սփիւռքը ձեւաւորելու նպատակով` իբրեւ «հայկական հզօր լոպի»-ի հակառակորդ:

Զարմանալիօրէն, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ երկրէն դուրս գտնուող հայերու հայրենադարձութեան համար, Ազրպէյճան կը փորձէ ճիշդ հակառակը ընել` խրախուսելով ազրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ` իր սփիւռքը ընդլայնելու համար…

Ազրպէյճանի սփիւռքին հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի նախագահ Նազիմ Իպրահիմովը վերջերս յայտարարեց. «Համակարգող կեդրոններու ստեղծումը աշխարհի ազրպէյճանցիներու համար կը շարունակուի, եւ այդ մէկը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջնահերթութիւններէն է… Ազրպէյճանի պետութիւնը նիւթական հսկայական պայմաններ ստեղծած է այս մէկը գործադրելու համար: Նախագահին հրահանգով մենք կ՛աջակցինք մեր սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այս գործունէութեան շնորհիւ` ազրպէյճանական սփիւռքը ոչ միայն պատշաճ կերպով կը պատասխանէ հայկական լոպիին, այլեւ երբեմն կը յաղթէ անոր»:

Անցեալ տարի Պաքուի պետական համալսարանի շրջանաւարտ Սերգէյ Ռումեանցեւ յօդուած մը հրապարակեց OpenDemocracy.net կայքին վրայ` «Կեցցէ ազրպէյճանական սփիւռքը» վերնագիրով», նշելով, որ` «Պաքուն ամէն բան կ՛ընէ, որպէսզի  զօրաշարժի  ենթարկէ կամ  նոյնիսկ  ստեղծէ համաշխարհային ազրպէյճանական սփիւռք»: Ազրպէյճանական սփիւռքին հիմնական նպատակն է` հակազդել հայերուն արցախեան հակամարտութեան մէջ: Ազրպէյճանի ղեկավարները հայկական սփիւռքը կը դիտեն «որպէս չափազանց ազդեցիկ եւ խիստ համախմբուած», ուրեմն` «Ազրպէյճանի մէջ Իլհամ Ալիեւի իշխող վարչակարգին համար արտասահմանի մէջ սփիւռքը կը հանդիսանայ քաղաքական լոպիի հոմանիշ»:

Ազրպէյճանցիները հայկական սփիւռքի մասին այնպիսի չափազանցուած տեսակէտ ունին, որ երբ անցեալ տարի Ռուսիոյ Գերագոյն դատարանը որոշեց չեղեալ համարել համառուսական ազրպէյճանական համագումարի արձանագրութիւնը, «շատ մը (ազրպէյճանցի) մեկնաբաններ շտապեցին եզրակացութիւններ կատարել հայկական դաւադրութիւններու եւ խարդաւանանքներու մասին», կը գրէ Ռումեանցեւ: Ճշմարտութիւնը այն է, որ ազրպէյճանական կազմակերպութիւնը խախտած էր ռուսական օրէնքները: Հայերը ոչ մէկ կապ ունէին անոր փակման հետ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այնքան տպաւորուած էին հայկական սփիւռքի քաղաքական ազդեցութեամբ, որ 2000-ականներու սկիզբը անոնք «այս նախագիծին մէջ ներդրած էին մեծ թիւով նիւթական եւ խորհրդանշական դրամագլուխ: Անոնք փորձած էին կարելի եղածին չափ արագ հնարել իրենց երեւակայած սփիւռքը», կ՛ըսէ Ռումեանցեւ:

Ամէն բան սկսաւ, երբ 1970-80-ականներուն Հայտար Ալիեւ` ներկայ նախագահին հայրը, Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարն էր: Ան կազմակերպեց ազրպէյճանցի բազմաթիւ ուսանողներու կրթութիւնը Խորհրդային Միութեան զանազան համալսարաններուն մէջ եւ խրախուսեց ազրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը դէպի խորհրդային զանազան  հանրապետութիւններ…

Մինչեւ 16 մարտ 2016` Ազրպէյճանցիներու Բ. համաշխարհային քոնկրեսի կայացումը. «Արտասահմանի ազրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէն պատրաստած էր վաւերագրական ժապաւէն մը` «Մենք 50 միլիոննոց ազգ ենք» վերնագիրով», կը գրէ Ռումեանցեւ: Կոմիտէն յայտարարած է, որ 10 միլիոն ազրպէյճանցիներ կ՛ապրին աշխարհի մօտաւորապէս 70 երկիրներու մէջ:

Ռումեանցեւ համոզուած է, որ երկրէն դուրս ապրող ազրպէյճանցիները ամրակուռ խումբ չեն. զգալի տարբերութիւն կայ ազրպէյճանցի գաղթականներու գտնուած շրջաններուն մէջ. «Ազրպէյճանական սփիւռքի աշխուժութիւնը հիմնականին մէջ կը սահմանափակուի ազրպէյճանցի գործարարներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներով կազմուած նեղ շրջանակով»:

Ռումեանցեւ կը պատմէ արտերկրի մէջ ազրպէյճանցիներու կազմակերպչական ջանքերու սկզբնաւորման մասին. «Նոյեմբեր 2001-ին, Պաքուի մէջ, Հայտար Ալիեւի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանցիներու համաշխարհային հիմնադիր համագումարը: Յաջորդ տարի ստեղծուեցաւ Արտասահմանի մէջ ազրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէն, որուն մնայուն ղեկավար նշանակուեցաւ Նազիմ Իպրահիմովը: Անոր գլխաւորած առաջին ժողովը յանգեցաւ յաւելեալ մարմինի մը ստեղծման` «Աշխարհի ազրպէյճանցիները համակարգող խորհուրդ» անունով, անշուշտ` համաազրպէյճանական նախագահ Հայտար Ալիեւի գլխաւորութեամբ: Հետագային սփիւռքի կառուցման յաջողութիւնը կը չափուէր անով, թէ քանի՛ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունի, եւ թէ ինչպէ՛ս միացնել այդ բոլորը մէկ կառոյցի մէջ»:

Ազրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրեսը բաղկացած է տեղական-տարածաշրջանային մարմիններէ, այնուհետեւ ազրպէյճանական կազմակերպութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ եւ, վերջապէս, Համաշխարհային քոնկրեսը, որ իր հրամանները անմիջականօրէն կը ստանայ Ազրպէյճանի կառավարութենէն:

«Եթէ հինգ տարի առաջ մենք ունէինք 336 սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, ապա այժմ անոնց թիւը կը հասնի 416-ի», հպարտութեամբ յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Ազրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրեսի վերջին համաժողովի մասնակիցներուն:

2015-ին կայացած Դ. համաշխարհային քոնկրեսին ընթացքին պատուիրակները յայտարարեցին, որ գոյութիւն ունին նման 462 կազմակերպութիւններ:

Ազրպէյճանի պաշտօնական լրատուական միջոցները ազրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած թիւով քանի մը ձեռնարկներ ամբողջ աշխարհին կը ներկայացնեն չափազանցուած ձեւով, կարծես թէ մեծ թիւով ազրպէյճանցիներ ընդգրկուած են ազրպէյճանամէտ գործունէութեան մէջ, Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ, իբրեւ աջակցութիւն Ալիեւի վարչակարգին: Օրինակ, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը 2006-ին այցելեց Պերլին, փոքր թիւով ազրպէյճանցիներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին եւ հետեւեալ ուղերձը յղեցին նախագահ Ալիեւին. «Պարո՛ն նախագահ, դուք կը վայելէք ամբողջ աշխարհի ազրպէյճանցիներուն աջակցութիւնը…»:

Ռումեանցեւ իր յօդուածը կ՛աւարտէ` նշելով, որ ազրպէյճանական սփիւռքը չի կրնար համեմատուիլ հայերու, հրեաներու եւ յոյներու դասական սփիւռքներուն հետ: Երկրէն դուրս գտնուող ազրպէյճանական կազմակերպութիւններուն մեծ  մասը «գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ»: