Ազրպէյճան Կը Վարձէ Լոպիիստական Եւ PRի Չորս Ընկերութիւններ


Յարութ Սասունեան


Թուրքիոյ կառավարութեան վարձած լոպիստական եւ PRի ընկերութիւնները բացայայտելէ ետք, այժմ կը տեղեկացնեմ Ազրպէյճանի վարձած չորս համանման ընկերութիւններուն մասին:

Դիտարկելով արտաքին քաղաքականութեան հանդէպ Ազրպէյճանի նենգամիտ մօտեցումները` նկատեցի հետեւեալ պատկերը.

1) Ինչպիսի գործողութիւններու ալ ձեռնարկեն ամերիկահայերը` իրենց հարցերու լուծման համար, Ազրպէյճան կը ձգտի նմանակել զանոնք եւ հակազդել անոնց` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր վարձու ընկերութիւններուն միջոցով: Նախագահ Ալիեւ 2013 թուականի իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի «հիմնական թշնամին հայկական լոպին է»: Ան նաեւ նշեց, որ «հայկական լոպին օր ու գիշեր կը փորձէ զրպարտել Ազրպէյճանը, վարկաբեկել անոր հեղինակութիւնը: Անոնք նիւթական մեծ աղբիւրներ ունին: Անոնք սերտօրէն կապուած են իշխանութիւններուն հետ` իրենց երկիրներուն, ուր «լոպինկ»-ի անուան տակ նուիրատուութիւններ կ՛ընեն օրէնսդիրներուն: Բայց, իրականութեան մէջ, այդ կաշառք է: Այսպիսով, հայկական լոպին մեր դէմ կազմակերպուած պայքարի յառաջատարն է»: Իր քննադատական ծաւալուն ճառին մէջ, Ալիեւ անարդարօրէն հայերուն վերագրեց` կաշառելու հետեւողական արշաւը, ամբողջ աշխարհի տարածքին, բան մը, որ կ՛իրականացուի ի՛ր իսկ կառավարութեան կողմէ:

 2) Ազրպէյճան կը հետեւի Թուրքիոյ աւելի փորձառու պաշտօնեաներու քայլերուն` Հայաստանի եւ հայկական հարցերու վերաբերեալ իր քաղաքականութեան մէջ, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու համար հայերուն մեղադրելը: Ցաւօք, Ազրպէյճան նաեւ կը նմանակէ Թուրքիան` իր սեփական քաղաքացիները ճնշելու հարցով, դժուարացնելով որոշել, թէ այս երկու երկիրներէն ո՛ր մէկը աւելի բռնատիրական է:

3) Ընդունելով, որ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պատճառով իր դէմքը վարկաբեկուած է Արեւմուտքի մէջ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը վարձած է PRի եւ լոպիստական ընկերութիւններ` իր բացասական հեղինակութիւնը մաքրելու համար: Պէտք էր ակնկալել, որ եթէ վարչակարգը այդքան մտահոգ է արտասահմանի մէջ իր վատ համբաւով, ան գէթ իր երկրին մէջ պիտի բարելաւէր մարդկային իրաւունքներու դաշտը, ուստի անհրաժեշտ չէր ըլլար միլիոնաւոր տոլարներ վատնել ամերիկեան ընկերութիւններու վրայ` իր պատկերի մաքրման անհնարին գործը իրականացնելու համար: Ալիեւ, 2013 թուականի իր ելոյթին մէջ, բաղձանքը շփոթելով իրականութեան հետ, Ազրպէյճանը նկարագրեց իբրեւ «ժամանակակից, յառաջադէմ, բաց, հանդուրժողական երկիր»: Ո՞վ կրնայ խաբուիլ նման բացայայտ սուտերով:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ վարձած է տասնեակ PR եւ լոպիստական ընկերութիւններ, սակայն այս պահուս անոր համար կ՛աշխատին նմանօրինակ չորս ընկերութիւններ:

1) Ազրպէյճան ամսական 45 հազար տոլար կը վճարէ Փոտեսթա կրուփ, ինկ.ի` «[Ազրպէյճանի] վերաբերող հարցերու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան համար. խորհրդատուութիւն [Ազրպէյճանի]` Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վերաբերեալ, գործունէութիւն Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ.` անհրաժեշտութեան պարագային կապերու հաստատում` Քոնկրեսի անդամներու, անոնց աշխատակազմերու եւ գործադիր ճիւղի պաշտօնեաներու, լրատուական միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»:

2) ՍՈԳԱՐ ԵՈՒ. ԷՍ. ԷՅ.ը (Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան Միացեալ Նահանգներու դուստր ձեռնարկութիւնը) Ռոպերթի Ուայթ ՍՊԸին կը վճարէ 125 հազար տոլար` «[Ազրպէյճանի] վերաբերող հարցերու ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան համար. խորհրդատուութիւն [Ազրպէյճանի]` Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վերաբերեալ` գործունէութիւն Քոնկրեսի եւ գործադիր ճիւղի մէջ եւ, ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական դաշտէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ. անհրաժեշտութեան պարագային կապերու հաստատում` Քոնկրեսի անդամներու, անոնց աշխատակազմերու եւ գործադիր ճիւղի պաշտօնեաներու, լրատուական միջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ»: Զարմանալի չէ, որ Ռոպերթի Ուայթի կատարած գործառոյթները ՍՈԳԱՐ ԵՈՒ. ԷՍ. ԷՅի համար նոյնն են, ինչ որ Փոտեսթա կրուփ, ինկ.ինը` Ազրպէյճանի կառավարութեան համար:

3) Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը ամսական 50 հազար տոլար կը վճարէ BGR Government Affairs ՍՊԸին` «ռազմավարական ուղղորդում եւ խորհրդատուութիւն տրամադրելու համար պետական գործերու եւ PR գործունէութեան առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս է պէտք եղած մօտեցումը` Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնատար անձերու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներու եւ այլ անհատներու, Միացեալ Նահանգներու մէջ»:

4) Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ազրպէյճանի հիւպատոսութիւնը, 2009ին չորս ամիս ժամկէտով, միանուագ 35 հազար տոլար վճարելով, վարձած է Tool Shed Group ընկերութիւնը, որուն գլխաւոր գրասենեակը նախապէս կը գտնուէր Վուտլենտ Հիլզի մէջ, Քալիֆորնիա, իսկ այժմ` Փարքըրի մէջ, Քոլորատօ: Tool Shed Groupը ներկայիս նաեւ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր պայմանագիրը կը նորոգուի վեց ամիսը անգամ մը: Tool Shedը կը ղեկավարէ Ճէյսըն Քաց` Ամերիկայի հրէական կոմիտէի հասարակայնութեան հետ կապերու նախկին տնօրէնը: Tool Shed «խորհրդատուական ծառայութիւններ կը տրամադրէ հիւպատոսութեան, ներառեալ ճեպազրոյցներու եւ դասախօսութիւններու կազմակերպում, հանդիպումներու դիւրացում` համայնքի անդամներու, ընտրուած եւ նշանակովի պաշտօնեաներու, ձեռնարկութիւններու ղեկավարներու հետ, ինչպէս նաեւ` «հեղինակային կարծիքներու» շարադրում եւ տարածում»:

Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղ. պատմութիւն եւ փաստեր» խորագիրով գունաւոր գրքոյկ մը տարածեց Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող բոլոր հիւպատոսութիւններուն եւ, հաւանաբար, շատ ուրիշներու: Այս 16 էջնոց քարոզչական նիւթը, լեցուն` Արցախի մասին խեղաթիւրումներով, ամենայն հաւանականութեամբ պատրաստուած էր Ազրպէյճանի եւ անոր հիւպատոսութեան PRի եւ լոպիստական ընկերութեան` Tool Shed Groupի կողմէ: 16րդ էջի վերջաւորութեան նշուած է` «Հրատարակուած է Ազրպէյճանի հիւպատոսութեան կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ»: Հետաքրքրական է, որ այս նախադասութեան մէջ նշուած չէ, թէ ո՛վ պատրաստած է գրքոյկը, այլ, պարզապէս, թէ  ո՛վ հրատարակած է զայն…