Ազրպէյճան Հայաստանի Արեւելեան Սահմանին Կողմէ Դարձեալ Յարձակում Գործած է․ Կայ 15 Զոհ եւ 7 Գերի


Այսօր՝ 16 Նոյեմբերի կէսօրին ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները նոր յարձակում գործած են Հայաստանի արեւելեան սահնանագօտիի ուղղութեամբ։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ ազերիները յաձակած են արեւելեան սահմանի երկայնքով տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ: Թշնամին կը գործածէ հրետանի, զինուորական սարքեր եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր:

«Հայկական կողմը դիմած է համարժէք գործողութիւններու: Բուռն փոխհրաձգութեան հետեւանքով հակառակորդը ունի զինամեթերքի կորուստ», ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մէկ այլ լուրով նախարարութիւնը կ՛ըսէ․ «Ժամը 16:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին վրայ կը շարունակէ ծայրայեղ լարուած մնալ: Ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներու` հայկական դիրքերու վրայ նախաձեռնած յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը ունի զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց վերաբերեալ տուեալները կը ճշդուին, ինչպէս նաեւ յայտնի է երկու մարտական դիրքի կորստեան մասին։ Մարտերը բուռն ձեւով կը շարունակուին»։

Աւելի ուշ իրավիճակին մասին Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էդուարդ Աղաջանեան  «Ազատութիւն» ռադիօկայանին տեղեկացուցած է, որ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմը ունի 15 զոհ, եւս 7 անձ գերի առնուած է:

«Մեր ունեցած տեղեկատուութեան համաձայն, դեռեւս չհաստատուած տուեալներով, այս պահուն կայ 15 զոհ եւ 7 գերի առնուած անձ: Նաեւ մեր տուեալներով բաւականին մեծ կորուստներ կրած են Ազերիները», ըսած է ան։

Հայաստանի վարչապետի ընտանիքին պատկանող «Հայկական ժամանակ» թերթին  տեղեկութեամբ, Սիւնիքի մէջ Ծիծեռնաքար լերան հայկական երկու դիրքերուն համար այսօր փոխհրաձգութիւն սկսած է, երբ ազերիները պահանջած են հայկական զինուած ուժերէն լքել Ծիծեռնաքարի երկու մարտական յենակէտերը: Սակայն հայ զինծառայողները հրաժարած են կատարելէ այդ պահանջը: Լայնածաւալ ռազմական յարձակումէն ետք հայ զինուորները զինաթափուած եւ գերի առնուած են ։

Կիրակի ցերեկը նոյնպէս ազերիները յաձակած էին արեւելեան ուղղութեամբ։ Չորս հայկական դիրքեր շրջափակման մէջ յայտնուած էին:

Գործողութիւնները Իշխանասարի շղթայի երկայնքով կը ծաւալին: Այս ուղղութեամբ Ազրպէյճան հայկական տարածք ներթափանցած էր դեռ Մայիսին: Սիսիան համայնքի Նորաւանի վարչական ներկայացուցիչ Սլաւիկ Պապեանի տեղեկացմամբ, ազերիները եւս երկու քիլոմեթրի չափով առաջած են. – «Իշխանասարի արեւելեան եւ հարաւային հատուածը մեր գիւղի վարչական տարածքին մէջ է մտած են, մօտ 3-4 քիլոմեթր յառաջացած էին, հիմա մօտ 2 քիլոմեթրի չափով նոյնպէս»: