Աթէշեանի Փոխարէն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի Տեղապահ Կրնայ Դառնալ Գերմանիոյ Հայ Համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդը


«Ակօս»․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ,  Տ. Սահակ եպս․ Մաշալեան նշած է, որ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի պաշտօնին ընտրուելու համար թէեւ ինքն ու պատրիարքի փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան նոյնպէս իրաւունքներ ունին, սակայն ըստ Մաշալեանի` ներկայ փուլին այդ պաշտօնին համար ամենայարմար թեկնածուն գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Գարեգին Բեկչեանն է:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 23-24ին էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին որոշուած է Մարտ 15ին դադրեցնել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի լիազօրութիւններն ու ընտրել պատրիարքի տեղապահ եւ վերջինիս գլխաւորութեամբ հետամուտ ըլլալ պատրիարքի ընտրութիւններու նախապատրաստման ու իրականացման:

«Ես` որպէս տեղապահ, կը տեսնեմ եւ կ՛առաջարկեմ արքեպիսկոպոս Բեկչեանը, որ իր խաղաղասէր բնոյթով եւ տարիներու առաջնորդական փորձով ունակ է կարգաւորելու այս լարուած իրավիճակը», ըսած է Մաշալեան: