Ալֆորւիլը Կողմ َՔուէարկեց Ֆրանսայի Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման


Ալֆորւիլի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան Twitter-ի իր էջին միջոցով յայտնեց, որ Ալֆորւիլի քաղաքային խորհուրդը միաձայն կողմ քուէարկեց Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման։

Որոշում առնուած է նաեւ, որ Ալֆորւիլի կողմէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրուի Արցախի բնակչութեան:

Աւելի առաջ Ալֆորւիլի քաղաքապետ Լիւք Քարուունաս դատապարտած էր Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը: «Ես կ՛ուզեմ լիարժէք աջակցութիւն ցուցաբերել իմ հայ բարեկամներուն եւ արտայայտել իմ խոր վրդովմունքը Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծութեան առնչութեամբ, որ յանգեցուց լուրջ աւերածութիւններու», նշած էր ան` աւելցնելով, որ Ազրպէյճան այս քայլով կը փորձէ հակամարտութեան նաեւ կրօնական երանգաւորում տալ:

«Միջազգային հանրութիւնը այլեւս չի կրնար կոյր մնալ բոլորիս աչքին առջեւ ծաւալուող ողբերգական իրադարձութիւններու նկատմամբ եւ պէտք է վերջ դնէ ազրպէյճանցիներու ու թուրքերու գործողութիւններուն: Աւելի քան երբեք, Ֆրանսան, որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, պէտք է լիովին խաղայ իր դերը: Ես մէկ անգամ եւս կը կրկնեմ իմ կոչը` ճանչնալ անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը», ընդգծած էր ան: