Ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր


Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տէյվիտ Ճուլիըսթի հետ միասին արժանացան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021-ի Նոպելեան մրցանակին, իրենց «Ջերմաստիճանի եւ հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար:

 

1967-ին Լիբանան ծնած Ամերիկահայ յայտնի գիտնական Փրոֆ. Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան իր գործընկեր Տավիտ Եուլիուսի հետ միասին արժանացան Բնախօսութեան եւ Բժշկութեան 2021-ի Նոպէլեան մրցանակին, իրենց «Ջերմաստիճանի և հպման ընկալիչներու յայտնաբերումին» համար։ Լուրը յայտարարուեցաւ Հոկտեմբեր 4-ին, Սթոքհոլմի մէջ հեռակապով կայացած Նոպելի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ։ Այս տարուան մրցանակը հաւասար է Շուետական 10 միլիոն քրոնի, որ կը համապատասխանէ 986 հազար եւրոյի։

Նշենք, որ Արտեմ Փաթափութեան 27 Մայիս 2020-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Գիտութեան Համաշխարհային փառատօնին ընթացքին արժանացած էր գիտութեան բնագաւառի հեղինակաւոր «ՔԱՎԼԻ» մրցանակին, տրուած՝ Նորվեկ Արքայական Գիտութեանց Ակադեմիոյ կողմէ, անոր, ջղային դրութեանց, մարդկային մարմիններու ճնշման եւ շփումներու զգացողութեան, ազդեցութիւնը սրտի եւ այլ մարդկային գործարաններու բջիջներուն վրայ իր նորայայտ տեսութիւններու գիւտարարութեան առ ի գնահատական:

Դոկտոր Արտեմ Փաթափութեան զաւակն է մտաւորական, հաճընցի արմատներով Սարգիս Վահագնին եւ դաստիարակ, տնօրէնուհի Հայկուհի Աճէմեան-Փաթափութեանին:

Ան Լիբանանի ներքաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր իր պսակաւորի աստիճանը ստացած է Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանէն (Եու Սի Էլ Էյ), իսկ դոկտորականը՝ հռչակաւոր ՔԱԼԹԷՔ համալսարանէն:

1982-էն ի վեր կը ղեկավարէ Սքրիբս (SCRIPPS) գիտական մեծ հաստատութեան «Փաթափութեան փորձագիտական Տարրալուծարան»ը։

Ան կենսաբանութեան դոկտորական ստացած է 1996-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ:

Ամուսնացած է եւ ունի մանչ զաւակ մը:

2017-ին գիտնական դոկտ. Արտեմ Փաթափութեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու հեղինակաւոր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ, իր հետազօտութեանց մէջ շօշափելի եւ շարունակական իրագործումներուն շնորհիւ։

Ան «Սքրիփս» հետազօտական հիմնարկի ուսումնասիրողներէն է եւ ջղագիտութեան բաժանմունքի դասախօսներէն մէկն է. նաեւ, 2017-ին, նշեալ ակադեմիոյ 84 նոր անդամներէն մէկը հանդիսացաւ։