Ամերիկահայ 7ամեայ Արէն Էմրիկեան` Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեան


Շիքակոյէն 7ամեայ Արեն Էմրիկեան, դարձած է մինչեւ 8 տարեկան երեխաներու «Քատեթ» մրցանքի ախոյեան:

7ամեայ Արէնը 11 խաղի մասնակցած է եւ կրցած է բոլորէն շատ միաւորներ հաւաքել աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ»։

Արէնը սկսած է ճատրակ խաղալու իր մայրիկին շնորհիւ, որ նկատած է, թէ երեխան յակում ունի այդ մարզաձեւին հանդէպ:

«Ես ամէն օր 1,5 ժամ փորձ կ՛ընէի: Մայրիկս արդէն միշտ կը պարտուի ինծմէ, իսկ հայրիկիս հետ խաղալը աւելի հետաքրքրական է: Ես կրնամ 4-5 քայլ առաջ մտածել եւ չեմ սիրեր պաշտպանուիլ: Յարձակման դիմելով խաղս աւելի յաջող կ՛ընթանայ», ըսած է Արէնը։