Ամրապնդենք Պատերազմի Դաշտին Վրայ Նուաճուած Յաղթանակը


Սալբի Սաղտըճեան


Քառվաճառ

Քանի մը անգամ առիթը ունեցած եմ այցելելու Արցախ։ Անիկա իր բնութեամբ նման է իմ հայրենի բնօրրանին՝ Քեսապին։ Տեսնելու, բացայատելու եւ իմանալու շատ բան ունի լեռնային աշխարհը։

Այս անգամը Արցախ կը մեկնինք նորակառոյց Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհով։ Երեւան-Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիէն ետք՝ անիկա երկրորդ միջպետական ճանապարհն է, որ իրարու կը կապէ Հայաստանն ու Արցախը։ Անոր շինարարութիւնը կը ֆինանսաւորէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը։

Սոթքի ոլորանները անցնելէ ետք կը մտնենք Քառվաճառի անտառները։ Ճանապարհի երկայնքով՝ մեզի կ՛ուղեկցի Թարթարը, կամ արցախցիներու բարբառով՝ Տրտու գետը։ Քարվաճառը իր աշխարհագրական դիրքով, ե՛ւ պատերազմի ժամանակ ե՛ւ այսօր ունի կարեւոր ռազմական և ռազմավարական նշանակութիւն: Շրջանը բարձադիր է արցախեան սարահարթի համեմատ, այս շրջանէն սկիզբ կ՛առնեն Արցախի գրեթէ բոլոր գետերը։ Անիկա Կոչուած է նաեւ հայոց միջնաբերդ։ 1993ին՝ շրջանի ազատագրութեամբ, Հայաստանն ու Արցախը իրարու կապուեցան երկրորդ ճանապարհով մը եւս։

Առաջինը, ուր կանգ կ՛առնենք, Պետոյի (Պետրոս Ղեւոնդեան) նահատակութեան վայրն է։ Ճանապարհի եզրին կանգնեցուած յուշաքարը սրբատեղի դարձած է այստեղէն անցնողներուն համար, որոնք ծաղիկներ կը խոնարհեն՝ յարգելով ազատամարտիկին յիշատակը։ Արցախեան հերոս Պետօն եղած է Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատարը։ 1994ի  Յունուարին Պետօն փոքր խումբով մը կ՛անցնի Քարվաճառ` Օմարի լեռնանցք` տեղի պաշտպանական ջոկատներուն օգնելու նպատակով: Ան կը մշակէ եւ իր գումարտակով կ՛իրականացնէ լեռնանցքի ազատագրման ծրագիրը: 1994ի Փետրուար 14ին մարտի դաշտէն վիրաւոր ընկերը դուրս բերելու ատեն՝ ականի պայթիւնէն կը նահատակուի։

Բոլորս լուռ ենք։ Խօսքերը աւելորդ կը թուին։ Լռութեամբ եւ արցունքը մեր աչքերուն կը յարգենք հրամանատարին յիշատակը ու կը շարունակենք մեր ուղին։

Մեքենան կը սլանայ լեռներուն մէջէն, որոնց երբեմն մը մօտենանք, երբեմն կը հեռանանք։ Մայր ճանապարհէն կը շեղինք՝ դէպի Դադիւանք։ Դադիւան լերան անտառապատ ստորոտին՝ Թարթառ գետի ձախ ափին կանգնած է միջնադարեան վանական համալիրը։  Ըստ աւանդութեան՝ այստեղ 1ին դարուն կառուցուած է մատուռ՝ Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէն։  Վանական համալիրը կառուցուած է 9-13րդ դարերուն։ Դադիվանքը կոչուած է նաեւ Խութավանք բլրակի (խութի) վրայ կառուցուած ըլլալուն համար:  Համալիրը իր մէջ կը ներառէ Ս․ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, մատուռը, ժամատուն, գաւիթներ եւ այլ օժանդակ կառոյցներ: Համալիրի արեւմտեան մասին մէջ կառուցուած է երկյարկանի զանգակատուն: Զանգակատան երկրորդ յարկի խորշին մէջ կը գտնուին երկու, նմանը չունեցող բարձրարուեստ խաչքարեր։

Հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը համարուող Դադիվանքը լի է զբօսաշրջիկներով, որոնք կը հիանան անոր ճարտարապետութեամբ եւ զայն շրջապատող կախարդական բնութեամբ։

Սարսանգ եւ Երից Մանկանց վանք

Նորակառոյց ճանապարհը կ՛անցնի Սարսանգի կողքով։ Կանաչապատ լեռներու գոգաւորութեան մէջ փռուած է փիրուզագոյն լիճը։ 1970ականներուն անոր վրայ կառուցուած են ջրամբար եւ ելեկտրակայան։ 1992 թուականի ամրան այստեղ տեղի ունեցած են կատաղի մարտեր, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը կասեցուած են ազրպէյճանական բանակի յարձակումը եւ վերականգնած Սարսանգի նկատմամբ վերահսկողութիւնը։

Խորհրդային ժամանակ ջրամբարի կառուցման հիմնական նպատակը եղած է ազրպէյճանական տարածքներու ոռոգումը։ Այսօր թշանամին իբրեր խաղաքարտ կ՛օգտագործէ ջրմաբարը․ Քանի մը տարի առաջ Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովին քննարկման դրուեցաւ Ազրպէյճանի ներկայացուցած հակահայկական բանաձեւը, որ կը պահանջէ Սարսանգի ջուրի համատեղ օգտագործումը։ Սակայն, դեռ 1998ին պաշտօնական Ստեփանակերտը առաջարկած էր համատեղ օգտագործել Սարսանգի ջուրը, սակայն ազերիները մերժած էին։

Կը հասնինք մինչեւ Սարսանգի հիւսիս-արեւմուտքը, Մռաւ լեռնաշղթայի հարաւային կողմը գտնուող Երից Մանկանց վանքը։

Մարտակերտէն կը մեկնինք դէպի հիւսիս։ Մօտ կէս ժամ ետք ճանապարհը կը բաժնուի երկուքի, մէկը կը տանի դէպի Մատաղիս եւ Թալիշ, իսկ միւսը՝ մեր որոշած վայրը։ Հեռուն, ամպերուն մէջ կ՛երեւի ձիւնածածկ Մռաւը։

Անտառապատ լեռներու կողերով, հողոտ ու քարքարոտ արահետով մեքենան կը գլորվի։ Ներքեւը, անդնդախոր կիրճին մէջ կ՛աղմկէ Թարթառի վտակը՝ Թրղի գետը։ Ճանապարհը նախ կ՛իջնէ մինչեւ կիրճը, գետի վրայ կառուցուած կամուրջը, ուր զինուորական անցարգել կայ։ Մեր սահմանապահները կը հսկեն ձորին մէջէն անցնող ճանապարհը։

Դարձեալ վերելք է։ Լեռներուն մէջ, առանձին բլուրի մը վրայ կ՛երեւի Երից Մանկանցը։ 17րդ դարու կառոյց է, պատմական Ջրաբերդի տարածքին։ Կայ վարկած, որ վանքը կառուցուած է, իբրեւ մրցակից Գանձասարի եւ Խաչենի իշխաններուն։

Վանական համալիրը կը բաղկանայ եկեղեցիէն, վանականներու համար նախատեսուած բնակելի սենեակներէ, դահլիճէ, վեհարանէ ․․․ տարածքի մեծութիւնը եւ բազմաթիւ կառոյցները ենթադրել կու տան, որ վանքը ունեցած է բաւական մեծ թիւով վանականներ։ Գլխաւոր եկեղեցին եռանաւ գմբէթաւոր բազիլիկ է, կառուցուած սպիտակաւուն քարերով: Վերջերս որոշ նորոգութիւններ կատարուած են հոն։ Երկաթեայ ձողերով ամրացուած են եկեղեցւոյ սիւները, մաքրուած են ներսի պատերը։

«Ճերմակ եկեղեցին յստակօրէն ընդգծւում է լանջաւոր լեռների մուգկանաչ ֆոնի վրայ եւ նայողին այն թւում է ամպակերտ մի տեսիլք` իջած երկնքից ու հանգրուանած քրիստոնեայ Արցախ աշխարհի այս գեղատեսիլ անկիւնում: Այստեղ լեռներն իրենց ժայռեղէն գագաթները պսակում են ամպերով, անդնդախոր ձորերն իրենց գրկում հազիւ են զսպում սրընթաց գետերին որոնց խշշոցը վախով է պարուրում կուսական անտառներին» (aadmag.am)։

Զգայացունց բնութեան գիրկը կը տարուինք մտքերու մէջ, առանց զգալու ժամանակի թաւալումը։ Դժուար է հեռանալ այս դրախտային անկիւնէն․․․

Մռաւի լեռնաշղթան այսօր, ցաւօք սրտի, դարձած է սահման եւ մեր պատմական հայրենիքի մէկ հատուածը` Շահումեանը, կը բաժանէ Արցախ աշխարհէն։ Արցախեան շարժման առաջին իսկ օրերէն, Շահումեանի շրջանի գիւղերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան։ Սակայն, 1991-1992ին ազրպէյճանական բանակը ռուսական զօրքերու օգնութեամբ բռնագրաւեց Գետաշէնի, ապա  Շահումեանի շրջանները եւ հայաթափեց։ Այսօր Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ  հիմնուած են նոյն գիւղերուն անուններով նոր բնակավայրեր՝ Նոր Գետաշէն, Նոր Էրքէջ, Նոր Մանաշիդ, Նոր Ղարաչինար, Նոր Վերին Շէն․․․, իսկ Քարվաճառի շրջանը այժմեան վարչատարածքային բաժանումով կը կոչուի Շահումեանի շրջան։

Շուշին այսօր

Շուշի ենք՝ մասնակցելու բերդաքաղաքի ազատագրութեան 25ամեակի տօնակատարութիւններուն։ 1992ի Մայիս 8ին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը եւ կամաւորական ջոկատները թշնամիին ճիրաններէն ազատագրեցին Շուշին:

2017ի Մայիս 8-9ին բերդաքաղաքը մարդաշատ է Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն եկած բազմաթիւ հիւրերով եւ զբօսաշրջիկներով։ Շուշեցիք ուրախ են, որ իրենց ուրախութիւնը եկած են կիսելու աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած հայեր։ Քաղաքի տարբեր մասերու մէջ տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ ձեռնարկներ․ Շուշիի մայր տաճարին՝ Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Շուշիի եւ ամբողջ Արցախ աշխարհի ազատագրութեան համար իրենց կեանքը զոհած մեր նահատակներու հոգիներուն համար։ Տեղի կ՛ունենան երգահանդէս, պար, արցախի արտադրութիւններու ցուցահանդէս-վաճառք։ Քաղաքը վերագտած է իր երբեմնի կենսունակութիւնն ու փառքը։

Շուշին իր ազատագրութենէն քառորդ դար ետք կը պարզէ գեղեցիկ եւ բարեկարգուած դիմագիծ․ կուպրապատուած եւ լուսաւորուած են քաղաքի գլխաւոր փողոցները, վերանորոգուած են բնակելի շէնքերը, կառուցած են բազմաթիւ կրթական եւ մշակութային կեդրոններ․ այնտեղ կը գործեն Գիւղատնտեսութեան համալսարանի մասնաճիւղը, արհետսագիտական համալսարանը, Եզնիկ Մոզեան արհեստագործական ուսումնարանը, հոն տեղափոխուած է Մարդու իրաւունքներու իրաւատաշտպանի գրասենեակը, Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը։ Վերջերս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմնի եւ Արցախի Հանարպետութեան կառավարութեան համաֆինասաւորմամբ՝ բացուեցաւ Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնը:

Շուշիի մէջ բացուած են նաեւ Պատմութեան թանգարան, ակադեմիկոս Գ. Ա. Գաբրիէլեանցի անուան Երկրաբանութեան թանգարան, Կերպարուեստի թանգարան եւ պատկերասրան, գորգերու անհատական թանգարան, ցուցասրահ, Ժամհարեանի մասնաւոր թանգարան:

Վերանորոգուած հին շինութիւններն ու կառոյցները նոր տեսք եւ գրաւչութիւն կու տան քաղաքին․ Շուշիի կերպարուեստի թանգարանը կառուցուած է նախկին իջեւանատան հիմքին վրայ՝  պահպանելով շէնքին ճարտարապետական առանձնայատկութիւնները։ Նոյն ձեւով վերանորոգուած պատմական շէնքի մը մէջ կը գործէ Նարեկացի արուեստի միութեան Շուշիի մասնաճիւղը։ Տակաւին կան բազմաթիւ պատմական շէնքեր, որոնք կը սպասեն կեանքի կոչուելու։ Շուշին հարուստ է նաեւ պատմական յուշարձաններով եւ գեղեցիկ բնութեամբ։ Անիկա թանգարան է բաց երկինքի տակ։

Շուշին այսօր ունի մօտաւորապէս 5 հազար բնակչութիւն։  Ըստ քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի՝ քաղաքի բնակչութիւնը տարիէ տարի կ՛աւելնայ։ «Շատեր կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի», կը հաստատէ ան: 

Կը նախատեսուի մինչեւ 2020 թուականը Շուշին վերականգնել որպէս Արցախի մշակութային կեդրոն։ Նախատեսուած ծրագիրները ի կատար ածելու համար հարկաւոր է բոլորիս աջակցութիւնը։

Պատերազմի դաշտին վրայ նուաճուած յաղթանակը ամրապնդենք՝ մեր լուման ներդրելով Շուշիի եւ Արցախ աշխարհի հզօրացման եւ շէնացման գործին։