«Այլեւս Չունինք Հայաստանի Օրակարգ եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Ունինք Համազգային Օրակարգ, Որու Նպատակը Համազգային Նպատակներու Իրագործումն է». Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած է Թեհրանի Հայ Համայնքին Հետ


Փետրուար 27ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երկօրեայ այցով մեկնեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն։ 

Թեհրանի «Սաատապատ» պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցած Ռիհանիի եւ Փաշինեանի հանդիպումը։ Այնուհետեւ երկու երկիրներու առաջնորդները լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար հանդէս եկան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: Փաշինեանի հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԻԻՀ հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամէնէիի, խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հետ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը հանդիպի Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ։

Իրան կատարած պաշտօնական այցի առաջին օրուան վերջին հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկին Աննա Յակոբեանի եւ իր գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան հետ ունեցաւ Թեհրանի հայ համայնքին հետ: Հանդիպումը կայացաւ Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան մէջ: Վարչապետին հետ հանդիպման ներկայ եղան հազարաւոր իրանահայեր։

Ողջունելով իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչները` Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, ըսաւ, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այստեղ գտնուիլը` մաքուր հայկական, մաքուր հայաստանեան, մաքուր ընտանեկան, մաքուր հարազատ այսպիսի մթնոլորտին մէջ: “․․․ ապրելով հայրենիքէն դուրս, այո, բարեկամական, եղբայրական Իրանի մէջ, այնուամենայնիւ շատ կարեւոր է, որ ապահոված էք այսպիսի մթնոլորտ: Սա կը փաստէ, որ Իրանի քաղաքացի ըլլալը որեւէ հակասութեան մէջ չէ մտած եւ չի մտներ հայ ըլլալու հետ, հայաստանցի ըլլալու հետ, հայաստանակեդրոն ըլլալու հետ”, ըսաւ ան:

 Խօսելով Հայաստան-սփիւռք կապերու մասին, ան նշեց․ «Հայաստանի մէջ սփիւռքի հետ կապուած հարցերով կրնայ քննարկումներ, բանավէճեր, տարբեր մօտեցումներ եւ տեսակէտներ ըլլալ, բայց կ՛ուզեմ յստակ խնդիր դնել բոլորիս առջեւ, առաջին հերթին, ի հարկէ, իմ եւ մեր կառավարութեան առջեւ. պէտք է բացառել այնպիսի գործողութիւնները, որոնք որեւէ կերպով կասկածի տակ կը դնեն այն բացառիկ ազգային միասնութիւնը, որ այսօր կը վայելէ հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Իրանի եւ ի սփիւռս աշխարհի: Այդ միասնութիւնը դուրս է որեւէ քաղաքական, կուսակցական շահէ, մեր ազգային միասնութիւնը վեհ է ամէն ինչէ եւ բոլորս կը ծառայենք այդ ազգային միասնութեան:

 «․․․Մեր յեղափոխութեան եւ կառավարութեան մեծագոյն առաքելութիւնն այն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեզմէ իւրաքանչիւրը, մենք` որպէս ամբողջութիւն, ոչ միայն հաւատանք մեր հայրենիքի, ժողովուրդի ապագային, այլեւ վստահ, համոզուած ըլլանք, որ մենք յաղթական պիտի քալենք 21-րդ դարու մէջ: Սա նոր համազգային քայլարշաւ մըն է, որմով մենք նոր էջ պէտք է բանանք մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

«․․․Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունինք Հայաստանի օրակարգ եւ Սփիւռքի օրակարգ, ունինք համազգային օրակարգ, որուն նպատակը մեր համազգային նպատակներու եւ երազանքներու իրագործումն է:

«Բազմիցս ըսած եմ. շատ երկար ժամանակ տառապանքներու մէջ, չարչարանքներու մէջ մեր ժողովուրդը երազած է, մենք երազած ենք նոր յաղթանակներու, նոր երջանկութեան եւ նոր միասնութեան մասին: Կ՛ուզեմ ըսել, որ եկած է երազանքները կեանքի կոչելու ժամանակը եւ այսօրուան ձեր ներկայութիւնը կը վկայէ, որ մենք միասնական ենք եւ վճռական երազանքները կեանքի կոչելու ճանապահին, ըլլայ ատիկա տնտեսապէս Հայաստանը հզօրացնելու, ըլլայ Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջի իրականացման, ըլլայ մեր երազանքներու իրականացմամ հարցը:

«Մենք մեր ձեռքերով պիտի կերտենք մեր ապագան, այնպէս, ինչպէս մեր ձեռքերով կերտած ենք մեր ներկան: Մեր ճակատագիրը այլեւս արեւելքները, հիւսիսներն ու հարաւները չէ, այլ մեր ձեռքերուն մէջ է եւ մենք որպէս արժանապատիւ քաղաքացիներ` մեր ձեռքը պէտք է վերցնենք մեր ճակատագրի ղեկը եւ որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ պէտք է առաջնորդենք նորանոր յաղթանակներ: Բայց կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ այս երազանքներու իրականացումը իւրաքանչիւրէս, առաւել եւս ինձմէ, կառավարութենէն կախուած է:

Իր խօսքին վերջաւորութեան ան ըսաւ․ «Այսօորուան հանդիպումէն այնքան ուժ ստացայ, որ Հայաստան վերադառնալէն ետք իմ առաքելութեան մէջ պիտի ըլլամ կրկնակի, եռակի, քառակի ջանասէր: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այսպիսի հանդիպման եւ մթնոլորտի համար»:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան պատասխանեց ներկաներու շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման, Իրան կատարած այցին եւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու այլ թեմաներու:

Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Թեհրանի հայ համայնքին հետ, “Արարատ” մարզամշակութային միութեան կեդրոնին մէջ։