Այնթապի Պատմական Հայկական Տուները Վերածուած են Հիւրանոցներու


«Էրմէնիհապեր»․-Կազիանթեփի (Այնթապ) պատմական հայկական տուները վերածուած են հիւրանոցներու:

Դարաւոր պատմութիւն ունեցող հայկական տուները, որոնք ձմրան տաք պահող, իսկ ամրան զովութիւն ապահովող քարերով կառուցուած են, այսօր քաղաք այցելող զբօսաշրջիկներուն կողմէ մեծ հետաքրքրութեան կ՛արժանանան:

Ըստ աղբիւրին` տուները, որոնք այսօր վերածուած են հիւրատուներու, 200-300 տարուան պատմութիւն ունին: Հիւրատուներէն մէկուն տնօրէն Զէյնել Օզքարաման պատմած է, որ պատմական յուշարձաններ հանդիսացող այս տուները հայերէն մնացած են. տուներէն մէկուն վրայ նոյնիսկ հայերէն մակագրութիւն կայ:  Օզքարամանը նշած է, որ հիւրատունը մեծ պահանջարկ կը վայելէ, եւ գրեթէ միշտ շաբաթավերջին ազատ սենեակ չ՛ըլլար:

Հիւրատուներուն մէջ երկտողանոց սենեակի գիշերակացը՝ նախաճաշը ներառեալ, արժէ 150-200 (մօտ 20000 դրամ) լիրա: