Այնճարի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 104 Եւ Մուսա Լեռ–Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակը


Սեպտեմբեր 15-ին, Ս․ Խաչի օրուան առիթով հերիսայի օրհնութիւն՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Նարեկ Արք․ Ալեմէզեանի։

Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակին եւ Մուսա լեռ–Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով Այնճարի մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ տօնախմբութիւն։

Սեպտեմբեր ամսուան ձեռնարկներուն մեկնակը տրուեցաւ Սեպտեմբեր 1-ին, երբ բացումը կատարուեցաւ «Ժամանակի հրաշալիքը» անունը կրող ժամացոյցի աշտարակին՝ հովանաւորութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Բացմեան խօսքին մէջ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, ողջունելէ ետք ներկաները, ըսաւ, թէ Այնճարի պատմական ժամացոյցը հաստատուած էր «Հիլֆպունտ» կազմակերպութեան բարերարներու եւ միսիոնարներու կողմէ: Ըստ անոր, Այնճարի պատմական ժամացոյցը ո՛չ միայն ժամանակը ցոյց կու տար գիւղի բնակիչներուն, այլ նաեւ դարձած էր խորհրդանիշ կեանքի յարատեւման` հակառակ պատերազմին, հալածանքներուն, սովին եւ համաճարակներուն:

Սեպտեմբեր 7-ին նշուեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ 60-ամեակը եւ տեղի ունեցաւ Փայտեայ Խաչի եւ Վահան Ա. Քհնյ. Քենտիրճեանի կիսանդրի բացումը։

Սեպտեմբեր 13-ին երեկոյեան ընթացք առաւ Այնճարի տոհմիկ երեկոն՝ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ախթամար» մասնաճիւղին։ Մինչեւ Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերը տեւած տոհմիկ երեկոյի ընթացքին մերթ ընդ մերթ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին հայրենի երգչուհի Նարէ Գէորգեան, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեան եւ երգչուհի Կասիա խանդավառեցին մթնոլորտը ազգային-գաւառական երգերով։ Ներկայացուեցան նաեւ Մուսա լերան բարբառով երգ եւ կենդանի պատկեր։

Սեպտեմբեր 14-ին բացումը կատարուեցաւ այնճարցիներու տարիներու երազը եղող ազգագրական թանգարանին։ Ձեռնարկի հանդիսավար Զուարթ Քէշիշեան նշեց, որ «Ազգագրական թանգարանի մը հաստատման գաղափարը ծնունդ առաւ 2010-ին, եւ շնորհիւ գիւղի պատկան մարմիններուն․․․ այսօր մենք կանգնած ենք գործնական իրագործման մը դիմաց» եւ թուեց թանգարանի զանազան բաժանմունքները, ընդգրկած թանկարժէք իրեղէնները:

Ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 14 Սեպտեմբեր 2019-ի  երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: 

Ներկայ էին կրօնական, քաղաքական, կուսակցական եւ ազգային մարմիններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ,  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեմէզեան օրուան պատգամը ուղղեց եւ վեհափառ հօր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ երեք հիմնական խորհուրդներուն, որոնց առաջինը Մուսա լերան հերոսամարտի 104-րդ տարեդարձն է` Մուսա լերան քաջարի կեցուածքով խորհրդանշուող` աւելցնելով, որ հերոսամարտը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի իբրեւ պահանջատիրութիւն, իբրեւ գոյապայքար, իբրեւ Հայ դատ: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ երկրորդ առիթը Մուս լեռ – Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակն է, որ կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդին  շինարար ոգին, ճահիճը կեանքի ովասիսի վերածելու իրականութիւնը: Երրորդ խորհուրդը՝ շաբաթ մը առաջ նշուած Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակն էր, որ կը խորհրդանշէ հայ քրիստոնեայ հաւատքին մշտարծարծ ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» համոյթը եւ «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի պարախումբը ներկայացնելով փունջ մը հայկական տոհմիկ եղանակներ եւ պարեր։

Հետեւելով Այնճարի աւանդութիւններուն, Ս․ Խաչի տօնին առիթով՝ 15 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի աւարտին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը իր պատգամին մէջ ըսաւ․ «Այսօր ճիշդ է, որ մենք ունինք Մուսա լեռ – Այնճարը` Լիբանանի հիւրընկալ եւ ասպնջական հողին վրայ, սակայն մենք մեզ կը նկատենք ժառանգորդները մեր հերոսներուն, եւ Այնճարը կը մնայ այն կտոր մը հողաշերտը, որ մեզ յաւիտենական կապի մէջ կը պահէ մեր կորսնցուցած, բայց վերատիրանալիք հայրենիքին։ Այսօր Այնճարը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք նոյնիսկ եթէ ֆիզիքապէս զրկուած ենք մեր սրբացած հայրենիքէն, սակայն ուր որ ալ գտնուինք, կը ստեղծենք մեր հոգեւոր հարենիքը, մեր մշակութային հայրենիքը, մեր գաղափարական հայրենիքը` իբրեւ վկայութիւն հայ ժողովուրդի պատմութեան  շարունակականութեան»:

Պատարագի աւարտին հոգեւոր հայրերն ու երգչախումբի անդամները դուրս եկան եկեղեցիէն երգելով «Կիլիկիա» մաղթերգը: Անոնց հետեւող հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը ձայնակցելէ ետք քայլերգին, իր կարգին սրտաբուխ ոգեւորութեամբ միաբերան երգեց «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք, անտանելի նեղութիւններ կրած ենք…», ու բոլորը միասնաբար ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յուշահամալիր, ուր հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ նահատակներու հոգիներուն: Ապա հոգեւոր հայրերը կատարեցին աւանդական «Հերիսայի» մատաղի օրհնութիւնը։

Տոհմիկ երեկոյի ընթացքին ներկայացուած Մուսա Լերան աւանդական ճաշերու տաղաւարը։

Տոհմիկ երեկոյի ընթացքին ներկաները կը պարեն՝ տաւուլ-զուռնայի ընկերակցութեամբ։

 

Ազգագրական թանգարանի պաշտօնական բացումը։

 

Այնճարի նորաբաց ազգագրական թանգարանը։

 

Ս․ Պատարագին ներկայ բազմութիւնը՝ Ս․ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, 15 Սեպտեմբեր 2019։