Հայոց Բանակի Կազմաւորման 27ամեակին Առիթով Հայաստանի Եւ Արցախի Ղեկավարութիւնը Այցելեց «Եռաբլուր» Պանթէոն


ՀՀ եւ Արցախի պետական այրեր “Եռաբլուր”ի մէջ ծաղիկներ կը խոնարհէն զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմին։

ԵՐԵՒԱՆ,- Յունուար 28ը Հայկական զինուած ուժերու կազմաւորման օրն է, ան 27 տարեկան է: 1992ի Յունուար 28ին Կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» պատմական որոշում`իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը:

Բանակի օրուան առիթով` այսօր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պետական այրերը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Գարեգին Բ․ ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի ուղեկցութեամբ, այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

Անոնք ծաղիկներ դրին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ` զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: 

Եռաբլուրի մէջ հնչեց ՀՀ պետական օրհներգը, հոգեւոր հայրերը առոթք յղեցին առ Աստուած:

Արցախի նախագահի Բակօ Սահակեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ արժեւորելով եւ կարեւորելով Հայոց բանակի առանձնահատուկ տեղն ու դերը հայրենիքի եւ հարազատ ժողովրդի պաշտպանութեան, յատկապէս ըսաւ․ «Փառաբանում ու մեծարում ենք մեր ողջ ժողովրդին, որ իրաւամբ հանդիսանում է հայրենեաց պաշտպան․․․ եւ հպարտանում ենք մեր իւրաքանչիւր զինուորի սխրանքով, քաջութեամբ ու խիզախութեամբ: Նրանք ամուր կանգնած են սահմանին եւ պատուով են կատարում հայրենեաց պաշտպանի իրենց սուրբ առաքելութիւնը»:

Նոյն օրը Հայոց բանակի օրուան առիթով ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պետական պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն:

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան` իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Բանակը պէտք է ըլլայ անբիծ, անբասիր: Իսկ բանակին մէջ ծառայելը՝ ոչ միայն պարտականութիւն, այլ նաեւ` մեծ պատիւ»։ «Բանակը խնդիր ունի մասնակցելու ոչ միայն երկրի պաշտպանութեանը, այլեւ տնտեսութեան զարգացմանը` սերտօրէն համագործակցելով եւ՛ գիտական մարմինների, եւ՛ գործարար շրջանակների, եւ՛ բոլոր այն քաղաքացիների հետ, ովքեր ցանկութիւն ունեն իրենց ներդրումը բերել», կարեւոր նկարեց ան։

Բանակի օրուայ առթիւ, Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրերով` ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խի­զա­խու­թեան եւ նուիրումի համար մօտ երեք տասնեակ զինծառայողներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պարգեւներով:

Երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուելով Բանակի օրուան նուիրուած տօնական հանդիսութեան՝ շնորհաւորական իր խօսքին մէջ շեշտեց․ «Մենք այսօր հաւաքուել ենք վերահաստատելու մեր ուխտը մեր նախնիների, մեր հերոսների ու նահատակների, մեր լեգենդար զօրահրամանատարների ու զինուորների առաջ. մենք այս հայրենիքը որեւէ մէկին չենք զիջի, մենք այս յաղթանակը որեւէ մէկին չենք զիջի»։

Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան իր հերթին յայտնեց, որ Զինուած ուժերու արդիականացումը նոր իշխանութիւններու առաջնահերթութիւններէն է: «Եւ մենք միասին քայլ առ քայլ լուծելու ենք բոլոր խնդիրները, որոնց արդիւնքում պիտի էլ աւելի բարձրանայ բանակի մարտունակութիւնը», ըսաւ ան:

Ծաղկեպսակներու զետեղում՝ անյայտ զինուորներու շիրիմին։

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կազմավորման 27րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառման ժամանակ: