Այսօ՜ր, Այո՛, Այսօ՛ր


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Նոյեմբեր 9-էն ի վեր սիրտս կ’արիւնէր մեր պարտութեան, հողերու յանձնման, չարչարուող ռազմագերիներու եւ հազարաւոր անմեղ զոհերու նահատակութեան անբուժելի վէրքով։ Ամօթի եւ պարտութեան զգացումով տառապող հոգիս հոգեւոր յաղթանակ մը կը փնտռէր ու անքուն գիշերներու կորած երազներուն ովկեանին մէջ թաղուած անգտանելի յաղթանակը կ’որոնէր։

Յաղթանակ ներշնչող ազգային երգերը անիմաստ կը թուէին ինծի եւ անտրամադրութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ ջղային կը դարձնէին զիս։ «Պարտութեան մէջ յաղթանակ գտնելը ապուշութեան պէս բան մըն է» անդադար կը կրկնէի եւ անել կացութենէն դուրս ելլելու ձեւերը կը յօրինէի ես ինծի, սակայն ապարդիւն… խաբկա՜նք, պարզապէս խաբկանք։ Կորսուած ես, վնասուած ես, պարտուած ես, նուաստացած ես, ի վերջոյ տուժած ես եւ տակաւին յաղթանակ կը փնտռե՞ս` անհեթեթութի՜ւն, պատրա՜նք եւ երեւակայական աշխարհի մէջ հիւսուած անիրական վարդագոյն երազնե՜ր, որոնք վիժած են առանց լոյս աշխարհ գալու։

Իսկ այսօ՜ր, այսօ՜ր, միա՛յն այսօր հոգիս խաղաղութեան նշոյլ մը նշմարեց։ Այսօ՛ր հոգւոյս թեւերը իրենց կորսնցուցած փետուրներուն ծակտիկներուն մէջ նոր կեանքի շարժում մը զգացին։ Այսօ՛ր, այս անկրկնելի 2021 Ապրիլ 24-ին, երբ վերջապէս Ամերիկայի նախագահ Պայտըն ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը արտասանեց եւ երկար տարիներու մեր սպասումին վերջաւորութեան դրուած վերջակէտը ջնջեց ու անոր փոխարէն տեղադրեց այնպիսի կախման կէտեր, որոնց քովը գրուելիք նախադասութիւնները ոյժ եւ կորով պիտի ներշնչեն մեզի` հայերուս, մեզի` վերապրող սերունդներու շարաւիղներուս, մեզի` վիրաւորներուս, մեզի` ապրելու եւ արարելու միշտ պատրաստ հայերուս եւ ազգիս արցունքոտ աչքերուն պղտորութիւնը պիտի վերացնեն։

Այսօր նոր օր մըն է մեզի համար։ Այսօր պայծառ արեւը իր ջերմիկ լանջին մէջ գրկած է միլիոնաւոր հայեր։ Այսօր մեր բիւրաւոր վէրքերու սպիներու բուժման բալասանը դրուած է մեր ձեռքերուն մէջ։ Այսօր Եռաբլուրի լանջին ննջած մեր զաւակներուն վրէժի հոգին խաղաղած է, այսօր կապոյտ երկինքին մէջ թեւածող մէկ ու կէս միլիոն նահատակ նախնիներուս անմեղ հոգիները սկսած են հեռուներէն նշմարել Վանի, Կարսի, Կարնոյ,  Արտահանի, Խարբերդի, Մուշի, Տիգրանակերտի, Անիի, Կիլիկիոյ եւ ամբողջ Արեւմտհայաստանի ճանապարհը։

Ջրածին նախնիներուս հզօրութիւնը պատած է ազգս այսօր ու մեր հզօր ափերուն մէջ դրուած Դաւիթի թուրը սկսած է բարձրանալ` Ցեղասպանութեան հանգոյցի դարաւոր թնճուկը կտրելու ու փոխհատուցման ճամբան հարթելու։

Այսօ՛ր, այո՛, այսօր։ Այսօր մեր օրն է։ Այսօրը վաղուան յստակ քայլերուն լուսաբացն է, այսօրուան աւետիսին փսփսուքը վաղուան յաղթանակի պոռթկումին նախաքայլն է։ Այսօր աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայերուն Արարատի սուրբ կատարին հասնելու երդման օրն է։

Այսօր մեզի համար բարի լոյսի ու բարի յոյսի երանելի օր է։

 

Թորոնթօ

2021, Ապրիլ 24