Այսօր Կը Նշուի Ս․ Սարգիսի Տօնը


Երեւանի փողեցներով խաչերթ, Փետրուար 8, Երեւան

Այս տարի Փետրուար 8-ին կը նշուի Ս․ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ Սուրբ Սարգիսի տօնը հռչակուած է երիտասարդներու օրհնութեան օր: Սուրբ Սարգիս զօրավարը նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի: Տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ` ժողովրդական սովորոյթներով: Ան երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ՛ունենան: Ան սիրոյ երազանքը իրականցնող Սուրբ է:

Սուրբ Սարգսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդները աղի բլիթ (կլորակ կակուղ հաց) կ՛ուտեն, հաւատալով, որ երազի մէջ պիտի յայտնուի իրենց փեսացուն կամ հարսնցուն։ Այդ օրուան յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդոյթի` Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ եթէ մատուցարանին մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիու պայտին հետքը, այդ տարի կ’իրականանայ հաւատացեալին երազանքը: Տօնի առթիւ սիրահարուած երիտասարդները իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն:

Այսօր Ս․Սարգիս Զօրավարի անունը կրող եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ:

Նախքան պատարագը՝ առաւօտեան` ժամը 10:00-ին, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի բերուեցաւ 17-րդ դարու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ընդօրինակուած Աւետարանը: Գարեգին Բ․  Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ եկեղեցի բերուեցաւ նաեւ Ս. Սարգիսի աջը: Յաւարտ Ս. Պատարագի` Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ  Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյան  սուրբ մասունքով օրհեց հաւատաւոր ժողովուրդն ու զինուորները:

Զինուորներու օրհնութեան կարգ՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, Փետերուար 8, Երեւան

Այս տարի հինգերորդ անգամ ըլլալով Տ. Նաւասարդ Արք․ Կճոյեան պարգեւատրեց վերջին շրջանին սահմանին ծառայութեան ընթացքին առաւել աչքի ինկած 20 զինծառայողներ: Ասիկա երախտիքի դրսեւորում է մեր սահմանները անառիկ պահող զինուորներուն:

Կէսօրին՝ ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն, Արարատեան Հայրապետական թեմի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն Մաշտոց եւ Բաղրամեան պողոտաներով հազարաւոր երիտասարդներ, եկեղեցական համայնքներու անդամներ, զինուորականներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, համալսարանական ուսանողներ եւ բոլոր ցանկացողները միասնաբար մասնակցեցան խաչերթին։ Այնուհետեւ Սիրահարներու այգիին մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի երգիչներու մասնակցութեամբ մեծ համերգ, որուն ելոյթ ունեցան Մարտին Մկրտչյանը, Մրոն, Սիլվա Հակոբեանը, Աննա Խաչատրեանը, Ալլա Լևոնեանը, Ռուբէն Սասունցին ու Վարդան Բադալեանը, ինրպէս նաեւ «Մասունք» աւանդական երգի պարի համույթը։

Խաչերթէն պատկերներ, Փետրուար 8, Երեւան