Այսօր Կը Սկսի 48-օրեայ Մեծ Պահքը


«Qahana.am» ,- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով այս տարի Փետրուար 24-ին կը սկսի 48-օրեայ Մեծ Պահքը: Բուն Բարեկենդանին յաջորդող Երկուշաբթիէն սկսող Մեծ Պահքը կը տեւէ մինչեւ Սուրբ Յարութեան (Զատկի) տօնը:  Պահքի ժամանակ կ՛օգտագործուին միայն բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք` հրաժարելով ոչ միայն որոշ կերակուրներէ, այլեւ մոլի սովորութիւններէ՝ շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ: Կերակուրէն հրաժարիլը առանց մեղքէ ետ կանգնելու` անօգուտ է:

«Լերան քարոզ»-ին մէջ Քրիստոս պահքի մասին կ՛ըսէ. «Երբ ծոմ պահէք, տրտմերես մի ըլլաք կեղծաւորներու նման, որոնք իրենց երեսները կ՛այլանդակեն, որպէսզի մարդոց այնպէս երեւան, թէ ծոմ կը պահեն, ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, այդ իսկ է անոնց վարձքը, այսինքն` մարդոց երեւնալ եւ անոնցմէ գովուիլը: Այլ՝ երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ քու գլուխդ եւ լուայ քու երեսդ, որպէսզի չերեւնաս մարդոց ծոմ պահող, այլ՝ քու Հօրդ, գաղտնաբար, եւ քու հայրդ, որ տեսնէ, ինչ որ ծածուկ է, կը հատուցանէ քեզի»  (Մատթ. 6:16-18): Զղջումը, աղօթքը, ապաշխարանքը հիմնական պայմաններն են Աստուծոյ բուժիչ եւ քաւիչ զօրութիւնը ստանալու:

Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք Յիսուս «հոգիով անապատ առաջնորդուեցաւ ու քառասուն օր փորձուեցաւ սատանայէն: Չկերաւ ու չխմեց այն օրերուն» (Ղուկ. 4:1-3): Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահքի եւս մէկշաբաթեայ շրջանը` Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ: Մեծ Պահքը ունի եօթը Կիրակի, եօթը յիշարժան օրեր. Բուն Բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:

Մեծ Պահքը կը կիսուի միջինքով, այդ օրը պահքը չեն ընդհատեր: Պարզապէս ժողովրդական սովորութեան համաձայն` միջինքին բաղարջէն պահոց կաթայ կը պատրաստեն:
Մեծ Պահքի ժամանակ վաղնջական կանոններով արգիլուած եղած են պսակադրութիւնները եւ մատաղը: Սակայն Վազգէն Ա․ կաթողիկոսի շրջաբերականով խիստ անհրաժեշտութեան պարագային թոյլատրուած է պսակադրութիւն կատարել Մեծ Պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն, բացառապէս Աւագ շաբաթուան բոլոր օրերը։

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն` տարին կը բաժնուի տօնական եւ պահոց օրերու: Տարուան ընթացքին պահոց 158 օրերուն մեծ մասը կարճատեւ պահքեր են` օրապահքեր (Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը` ի յիշատակ Յիսուս քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն) եւ շաբաթապահքեր, իսկ առաւել ժողովրդականութիւն վայելողը եւ ամենաերկարատեւը Մեծ Պահքն է: