Այսօր Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններ


Սալբի Սաղտըճեան


Այսօր Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան Ազգային ժողովի ընտրութիւններ։ Առաւօտեան ժամը 8ին բացուեցան հանրապետութեան բոլոր 2009 ընտրական տեղամասերը եւ տրուեցաւ քուէարկութեան մեկնարկը:

ՀՀ ոստիկանութեան հրապարակած վերջին տուեալներուն համաձայն` Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 2 միլիոն 564 հազար 244 քաղաքացի:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցին 9 քաղաքական ուժեր, որոնցմէ 5­ը կուսակցութիւններ են, 4­ը դաշինքներ։ Կուսակցութիւններն են՝ Հայաստանի Հանրապետական, «Հայկական Վերածնունդ», Հայաստանի Կոմունիստական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ազատ Դեմոկրատներ» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ծառուկեան», «Ելք», Կոնգրես-ՀԺԿ եւ «Օհանեան­-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքները:

Երեւանի այն տեղամասը, ուր գացի իմ քաղաքացիական պարտքս կատարելու բաւական բազմամարդ էր։ Ընտութեան մասնակցելու եղած քաղաքացիները հերթի կը սպասէին։ Տեղական եւ օտար դիտորդներ կը հետեւէին ընտրութեան ընթացքին։ Ընտրական յանձնաժողովի նախագահը պատկան մարմիններուն հեռաձայնով կը տեղեկացնէր, որ կէսօրուան մինչեւ ժամը 12 իր տեղամասին մէջ քուէարկած է մօտ 300 հոգի։ Այցելեցի նաեւ մէկ այլ ընտրատեղամաս, ուր նոյնպէս հերթեր կային։

Ընտրատեղամասի մը առջեւ հերթի կանգնած քաղաքացիներ

Ըստ երեւոյթին՝ մարդիկ եկած են քուէարկելու՝ գիտակցելով իրենց քուէին կարեւութեան։ Ընտրատեղամասէն դուրս քանի մը հոգիի հետ զրոյցի ընթացքին` անոնք կարծիք յայտնեցին, որ եկած են, որպէսզի իրենց քուէին տէրը ըլլան։ «Չենք ուզում մեր քուէն կորի», կ՛ըսեն ընտրութիւն կատարած երկու քաղաքացիներ։

Երիտասարդ Անին կը շեշտէ, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գիտակցի իր քուէին կարեւորութեան։ «Մենք հաւատում ենք, որ մեր ձայնը ինչ որ բան պիտի փոխէ այս երկրի մէջ, եթէ չհաւատայինք, չէինք գայ», կ՛ըսէ ան։ Իսկ Ռուզաննա տատիկը ոչ մէկուն չի հաւատար․ «պարզապէս եկել եմ», կ՛ըսէ։ Շատեր ալ կը խուսափին կարծիք յայտնելէ։

Ծանօթներէս մէկը կը յայտնէ, թէ ինք պիտի չերթայ քուէարկելու, որովհետեւ ոչ մէկ կուսակցութիւն յոյս չի ներշնչեր իրեն։ «Վիճակը նոյն էլ պիտի մնայ, ոչ մի բան չի փոխուելու», կ՛ըսէ ան ու կը պատմէ, թէ պետական հաստատութեան մէջ աշխատող իր ամուսինին եւ միւս բոլոր աշխատողներուն մէկ ամիս առաջ ստիպած են՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) անդամագրուելու եւ իրենց քուէն անպայման տալու նոյն կուսակցութեան։

Կը խօսուի նաեւ ընտրակաշառքներու մասին։ ՀՀԿն իրաքանչիւր քուէի համար կը վճառէ 10 հազար դրամ։ Բացի այդ, կուսակցութիւններ կը դիմեն նաեւ այլ հնարքներու․ «Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքը ահազանգներ ստացած է քաղաքացիներէ, որ համատարած ընտրակաշառքներուն զուգահեռ Հանրապետական կուսակցութեան համար աշխատող կեղծարարներ կաշառուած քաղաքացիներուն կը բաժնեն տարատեսակ տարբերանշաններ` համարակալած թուղթեր, թափանցիկ կպիչներ (sticker), տարբեր գոյներով թելեր, որպէսզի զանոնք զետեղեն ծրարին մէջ՝ վերահսկելու քուէարկութեան բովանդակութիւնը:

Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան իբրեւ դիտորդ կը մասնակցին ընտրութիւններուն:

Իր քաղաքացիական պարտքը կատարելէ ետք, ՀՅԴ համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` ընտրակաշառքի մասին ահազանգեր, տեղեկութիւններ ստացա՞ծ են այսօր, ան պատասխանած է. «Ընտրակաշառքի մասին ստացած ենք մինչեւ այսօր, չեմ բացառեր, որ այսօր ալ ըլլայ, որովհետեւ ատոր պատրաստուած են շատերը: Այս ընտրութիւններուն ամենաստուերոտ մասը ընտրակաշառքի հանգամանքն է», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ «ընտրակաշառք տուողն ալ, վերցնողն ալ պէտք է իմանան, որ նոյն յանցաւոր համագործակցութեան մէջ են: Մեր ժողովուրդը պիտի հասկնայ` այս ձեւով չի կրնար այն երկիրը ունենալ, որուն մասին կ՛երազէ»:

Քուէարկութիւնը պիտի աւարտի երեկոյեան ժամը 20:00ին, իսկ ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները յայտնի պիտի դառնան Ապրիլ 3ին:

2015 թուականի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք, ասիկա խորհրդարանական առաջին ընտրութիւններն են, որով Հայաստանը կ՛անցնի կառավարման  խորհրդարանական ձեւին: Այսինքն` երկրի նախագահը պիտի շարունակէ ըլլալ պետութեան գլուխը, իսկ  2018ին գործող նախագահի լիազօրութիւնները աւարտուելէ ետք նոր նախագահը պիտի ընտրէ արդէն 2017ին ձեւաւորուած խորհրդարանը, նորընտիր նախագահը իր հերթին անյապաղ պիտի նշանակէ խորհրդարանական կայուն մեծամասնութեան ներկայացուցած վարչապետը:

Շուտով պարզ կը դառնայ, որ գործի դրուած ընտրախախտումներուն, կաշառքներուն զուգահեռ որքանո՞վ ազդու պիտի ըլլայ ժողովուրդին ձայնը։ Արդեօ՞ք այս ընտրութիւնները պիտի փոխեն ներկայ քաղաքական իրավիճակը։

ԵՐԵՒԱՆ, 2 Ապրիլ 2017