Այսօր Սումգայիթի Ջարդերու 29րդ Տարելիցն է


Փետրուար 27ին Սումգայիթի ջարդերու 29րդ տարելիցն է։

Փետրուար 26ին` դէպքերէն մէկ օր առաջ, Միխայիլ Գորբաչով հայ՝ մտաւորականներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ «մտավախութիւն» յայտնած է Պաքուի մէջ ապրող աւելի քան 200.000 հայերու անվտանգութեան ապահովման շուրջ` անիկա ուղղակիօրէն կապելով ԼՂԻՄը Հայաստանի ԽՍՀին վերամիաւորուելու արցախահայութեան պահանջքին հետ:

Սումկայիթի մէջ կրքերը բորբոքելու համար օգտագործուած են ստայօդ լուրեր. իբր Հայաստանի մէջ զանգուածաբար կը սպաննեն ազրպէյճանցիները, կը թալանեն անոնց ունեցուածքը եւ այլն: Մասնաւորապէս սադրիչ ազդեցութիւն ունեցած է ԽՍՀՄ գլխաւոր դատախազ Կատուսեւի հեռուստատեսային ելոյթին ժամանակ հրապարակուած Ասկերանի դէպքերուն ընթացքին երկու ազրպէյճանցիի սպանութեան մասին տեղեկութիւնը:

Փետրուար 27ին Պաքուէն ընդամէնը 25 քմ․ հեռաւորութեամբ գտնուող քաղաքին մէջ իրավիճակը դուրս եկաւ վերահսկողութենէ: Քանի մը հազար ազերի ազգայնականներ սկսան աւերել քաղաքի հայ բնակչութեան տուները, սպաննել տնեցիները:

Փետրուար 29ին Սումկայիթ մտաւ խորհրդային բանակը, սակայն արդէն ուշ էր:

 Այդ ջարդերը առաջին ցեղական բռնութիւններ էին ԽՍՀՄ նոր պատմութեան մէջ եւ մեծ դեր ունեցան ինչպէս անոր ամբողջական փլուզման, այնպէս ալ ղարաբաղեան պատերազմի բռնկման գործին մէջ:

1988-1990ներուն ազրպէյճանական իշխանութիւններուն իրականացուցած հայերու զանգուածային ջարդերուն հետեւանքով՝ վտարանդի դարձաւ Ազրպէյճանի ամբողջ հայկական համայնքը` առնուազն կէս միլիոն մարդ: Կոտորածները ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ պատասխանը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան խաղաղ ցոյցերուն, որոնցմով կը պահանջուէր իրականացնել ինքնորոշման սահմանադրական իրաւունքը:

Մինչեւ այսօր Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն թիւը յստակացած չէ. ԽՍՀՄ պաշտօնական տուեալներով` սպաննուածներուն թիւը կը հասնի քանի մը տասնեակի, իսկ ոչ պաշտօնականով` հազարէն աւելի:

Փետրուար 27-29ին պետական ամենաբարձր մակարդակով Սումկայիթի մէջ կազմակերպուած եւ իրականացուած ջարդերը առ այժմ չեն ստացած համարժէք քաղաքական եւ իրաւաբանական գնահատական:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները երբեք չեն դատապարտած Սումկայիթի ջարդերը կամ ափսոսանք յայտնած ցեղական զտումներու համար: Հակառակը` Ազրպէյճան ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ զոհ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի գոյամարտը ներկայացնելով իբրեւ «յարձակում», կոպտօրէն աղաւաղելով փաստերը, իսկ հայերու հանդէպ ցեղասպանութիւն իրականացուցած ոճրագործները մինչ օրս կը մնան անպատիժ: