Այսօր 44-օրեայ Պատերազմին Տարելիցն է


44-օրեայ պատերազմի նահատակներու շիրիմներ, Եռաբլուր զինուորական պաթէոն

«Թորոնթոհայ»,- 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 07:10. սկսաւ հայ ազգի համար ամենասարսափելի պատերազմներէն՝ մէկը՝  Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը:

Ազրպէյճան, Թուրքիոյ ակնյայտ աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ վարձկաններու ներգրաւումով, այդ օրուընէ սկսաւ ռմբակոծել Արցախի բնակավայրերը` մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն մինչեւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր:  Հայաստանի ու Արցախի մէջ այդ օրերուն յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն ու զօրահաւաք, բազմաթիւ հայորդիներ կամաւոր մեկնեցան ռազմաճակատ` 44 օր շարունակ կենաց ու մահու կռիւ տալով հայրենի հողը պաշտպանելու համար:

Ազրպէյճանական զինուած ուժերը, Արցախի դէմ մղուած պատերազմի ողջ ընթացքին կիրառեցին չթոյլատրուած զինատեսակներ, նոյնիսկ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ:

Հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ ձեռք բերուած մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ պայմանաւորուածութեանց` Ազրպէյճանը խախտեց զանոնք: Նոյեմբեր 9-ի լոյս 10-ի գիշերը Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները պատերազմը ժամը 01:00-էն դադրեցնելու մասին յայտարարութիւն ստորագրեցին:

Այդ յայտարարութիւնը Հայ ազգին համար եղաւ շատ ծանր։ Կորսնցուցինք Արցախի 7 շրջաններ, Շուշին ու Հադրութը: Այդ գիշեր Ռուսիան մօտ 2 հազար խաղաղապահ եւ 470 միաւոր զինուորական սարքաւորումեր ուղարկեց Արցախ, ռուսական դիտակէտերը տեղակայուեցան Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Արցախը միացնող Լաչինի միջանցքի երկայնքով:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի նահատակուած զինծառայողներու ու քաղաքացիական անձերու ընդհանուր թիւը 3781 է: Այսօրուայ դրութեամբ անյայտ է 231 զինծառայողի եւ 22 քաղաքացիական անձի գտնուելու վայրը: Մինչ օրս ազրպէյճակական կողմը Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնած գերի առնուած 108 զինծառայող եւ քաղաքացիական անձ:

Յիշատակնի Միջոցառումներ՝ Ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին  

                                                              Եռաբլուրն այսօր, 27/09/2021

44-օրեայ պատերազմի տարելիցին՝ Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 11-ին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ յայտարարուոեցաւ լռութիւն վայրկեան՝ ի յիշատակ պատերազմի ընթացքին  իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներուն:

Պաշտօնական արարողութիւններու շարքին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր` Եղբայրական գերեզմանատուն, ուր ամփոփուած են արցախեան պատերազմներու նահատակներու աճիւնները:

                       Ջահերով երթ դէպի Եռաբլուր, 26/09/2021

Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ջահերով երթ դէպի Եռաբլուր պանթէոն, իսկ Ստեփանակերտի մէջ՝ դէպի Եղբայրական գերեզմանատուն:

Սեպտեմբեր 27-ին, նախագահութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայրենեաց պաշտպաններու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Ս․ Հովանի Մայր տաճարին մէջ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։

Ուղերձներով հանդէս եկան պետական պաշտօնեաներ եւ հոգեւորականներ․

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ուղերձին մէջ շեշտեց, որ «Այսօր առաւել քան երբեք պէտք է ներդնենք մեր ուժերը յանուն գերիներու վերադարձին, յանուն վիրաւորներու ապաքինման, յանուն անյայտ կորածներու յայտնաբերման, յանուն ուժեղ Հայաստանի և Արցախի…»։

Կիլիկիոյ  Արամ Ա․ Կաթողիկոս իր ուղերձին մէջ նշեց․ «․․․ Այսօր, երբ կը յիշենք մեր նահատակները, նաեւ պէտք է լսենք երկինքէն երկիր մեզի հասնող անոնց պատգամը.- հաւատքով ու նուիրումով պաշտպան կանգնեցէ՛ք հայրենիքին, թշնամիին դիմաց մնացէ՛ք ամուր, անզիջող՝ հաւատքով ու կամքով կռանուած»։