Անայիս Պասմաճեանի Թատերական Յաջողութիւնը


Բեմագիր եւ արտադրիչ Անայիս Պասմաճեան գործի վրայ. կողքին՝ թատերական իր խմբակէն Նիք Քայլ:

Կարին Սաղտըճեան


Վանգուվըրաբնակ երիտասարդ թատերագիր Անայիս Պասմաճեանի վերջին երաժշտական թատերգութիւնը, Նոյեմբեր 21էն 24, մեծ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ Կրէնվիլ Այլընտի (Վանգուվըր) Red Gate Revue Stage թատերասրահին մէջ:

Ալպիրէօ (Albireo) զաւեշտական փիէսին մէջ երկու եղբայրներ միաժամանակ իրարու կը բախին եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն՝ իրենց եղբայրական գոյակցութեան մէջ: Ռայքըր եւ Չէյմպըրզ եղբայրները կէս մարդ եւ կէս սիրէն են (siren, առասպելական կերպար, որ կէս մարդ եւ կէս թռչուն է՝ կախարդիչ ձայնով): Անոնց ձայնի հիպնոսացնող ուժը կ՛աշխուժանայ միայն, երբ միասնաբար՝ ներդաշնակօրէն կ՛երգեն: Ժամանակ մը իրարմէ հեռու ըլլալով, Ռայքըր իրարանցում կը ստեղծէ, երբ եղբօր կեանքին մէջ յանկարծ կը յայտնուի՝ խանգարելով անոր համար կարեւոր ընթրիք մը: Դիպաշարին կծիկը կը քակուի եւ կը զարգանայ հիւմըրով, սրամտութեամբ, զուարթախոհ երգերով եւ աւարտին կը հասնի իրականութեան բացայայտմամբ եւ եղբայրական կապի վերահաստատումով:

UBC Players Club-ի դերասաններ Ճէտ Ուիզ, Ռէյչըլ Քէնթ եւ Քոլթըն Ֆայֆ բացառիկ խաղարկութիւն ցուցաբերեցին Ալպիրէօի մէջ:

Երաժշտախառն թատերախաղը՝ Albireo, արգասիքն է բեմագիր Անայիս Պասմաճեանի, բեմադրիչ Լիըմ Լազենպիի եւ UBC Players Clubի երիտասարդ արհեստավարժ դերասաններուն: Իսկ արտադրիչն է դարձեալ Անայիս Պասմաճեան իր՝ Rushed Productions ընկերութեան հովանիին տակ:

Երաժշտական թատերգութեան կերպարները ունէին կուռ կառոյց, իսկ երիտասարդ դերասանները աչքառու էին իրենց արդէն իսկ արհեստավարժ տաղանդով: Իսկ բեմանականացման բազմաթիւ հնարքները, ինչպէս՝ անպաճոյճ բեմահարթակը, փայտեայ դրան մը օգտագործումը տեսարաններու փոփոխութեան համար եւ բեմին վրայ զուգընթաց տեսարաններու թաւալումը, բոլորը՝ այնքան վարպետութեամբ կատարուած էին բեմադրիչ Լազենպիի կողմէ:

Այսպիսով թատերգութեան բոլոր տարրերը քով քովի գալով անմիջական եւ գրաւող միջավայրի մը վերածած էին փոքր թատերասրահը: Առաւել՝ բեմ – հանդիսատես օրկանական կապը պահուած էր թատերասրահի ներքին կիսակլոր լուծման շնորհիւ: Իբրեւ արդիւնք՝ Ալպիրէօ գեղագիտական բացառիկ հաճոյքն մըն էր, որ հասդիսատեսը մագնիսացուց ամբողջ երկու ժամ:

Պասմաճեան առաջին անգամ սկսած է գրել 16 տարեկանին համացանցի վրայ գրական փորձառական կայքէջի մը մէջ: Երկրորդական վարժարանի մէջ անոր նախասիրութիւնը կ՛երթայ արուեստի վերաբերող նիւթերու, հակառակ անոր որ ինք աւելի հակուած էր գիտական նիւթերու:

Համալսարանի մէջ առաջին երկու տարին արուեստներու մէջ փորձարկելէ ետք, օր մը կը հասնի այն եզրակացութեան, թէ գրելու տաղանդ ունի եւ կ՛ուզէ թատերագիր դառնալ: Ան լաւ կը յիշէ այն պահը, երբ իր մէկ կարճ թատերգութիւնը բարձրաձայն դասարանին առջեւ կարդալու ատեն նկատեց դասընկերներու հիասքանչ հակադարձը: Այս տարերային եւ անմիջական հակադարձը ունկընդիրին մօտ մտքիս մէջ յստակացուց եւ մէջս ամրագրեց այն համոզումը, թէ գրելը պէտք է ըլլայ իմ ընելիքս, կ՛ըսէ ան հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Թատերական այս փիէսը Պասմաճեանի 6րդ է: Ան իր միւս կտորները 2014էն ի վեր ներկայացուցած է Brave New playrites Festivalին, Dionysia Cold Reading Series Festivalին եւ Vancouver Fringe Festivalին նման թատերական հարթակներու վրայ:

25ամեայ Անայիս Պասմաճեան ծնած է Քալկըրի: Ան աւարտած է Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Ստեղծագործական Գրականութեան ճիւղը եւ այժմ՝ նոյն մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Էտինպըրկի համալսարանին մէջ: