Անդրադարձ՝ Ժանէթ Գիրէջեանի «Դէմ առ դէմ Անցեալիս հետ» Գիրքին


Ար­շօ Զա­քա­րեան


Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը UNESCOի ցան­կին վրայ է՝ որ­պէս վտան­գո­ւած լե­զու: Այս մէ­կը վախ եւ մեծ մտա­հո­գու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ մեր մէջ։

Հայ գրո­ղը ընդ­հան­րա­պէս իր կող­քին չու­նի հրա­տա­րակ­չա­տու­ներ կամ պե­տա­կան նպաստ­ներ,  այլ միայն՝ իր ան­հա­տա­կան մի­ջոց­նե­րը,  ա­ռա­ւե­լա­գոյն պա­րա­գա­յին ազ­գա­յի­նի մը մե­կե­նա­սու­թիւ­նը։

ՀՕ­Մու­հի Ժա­նէթ Գի­րէ­ջեան  քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­ցած է իր գիր­քը ան­հա­տա­կան մի­ջոց­նե­րով հրա­տա­րա­կե­լու: Ա­նոր երկ­րորդ գիր­քը «Դէմ առ Դէմ Ան­ցեա­լիս հետ» (ա­ռա­ջի­նը քեր­թո­ւած­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մըն է՝ «Ծաղ­կա­քաղ» խո­րա­գի­րով) կը պա­րու­նա­կէ ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ։

Գի­րէ­ջեա­նի մա­կա­նու­նը թրքե­րէ­նով գաճ կը նշա­նա­կէ․ ուղ­ղագ­րու­թի­նը փո­խե­լով՝  բա­նաս­տեղ­ծու­հին զայն հա­յա­ցու­ցած  ու վե­րա­ծած է «գիր» եւ «էջ»ի։ Ան ծնած է Հա­լէպ,  Կա­թո­ղի­կէ Չա­լը­գեան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ Յա­ճա­խած է Ա­նա­րատ Յղու­թեան քոյ­րե­րու վար­ժա­րա­նը, ա­պա «Լի­սէ» Ֆրան­սա­կան դպրո­ցը և Քա­րէն Եփ­փէ Ազգ․ Ճե­մա­րա­նը։ 1959ին ա­մուս­նա­ցած է Պարգև Գի­րէ­ջեա­նի հետ և փո­խադ­րո­ւած Լի­բա­նան: 1976ին գաղ­թած են Գա­նա­տա։ Ան ու­սուց­չու­թեամբ զբա­ղած է Հա­լէ­պի, Պէյ­րու­թի և Թո­րոն­թո­յի մէջ։ «Եորք» հա­մալ­սա­րա­նէն ստա­ցած է իր BA վկա­յա­կա­նը։ 2001էն 2005 պաշ­տօ­նա­վա­րած է ՀՕ­Մի ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ու­նի ե­րեք զա­ւակ­ներ՝ Պօ­ղոս, Ա­սա­տուր և Մա­րալ։ Բախ­տա­ւո­րո­ւած է չորս թոռ­նիկ­նե­րով՝ Ա­րա, Ա­նա­յիս, Հան­նա և Ճորճ։ Իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը և գրու­թիւն­նե­րը լոյս տե­սած են սփիւռ­քա­հայ զա­նա­զան թեր­թե­րու մէջ։

 «Դէմ առ Դէմ Ան­ցեա­լիս հետ» գիր­քը իւ­րա­քան­չիւ­րիս ան­ցեա­լի ցո­լա­ցումն է և ա­պա­գա­յի ու­ղին։ Գի­րէ­ջեա­նի գրու­թիւն­նե­րը պարզ տե­ղե­կագ­րու­թիւն­ներ չեն, այլ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թեան, ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու, Հայ­կա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պի, գա­ղու­թա­յին կեան­քի, հա­ւատ­քի զօ­րաց­ման, բար­քե­րու շա­րու­նա­կու­թեան և մշա­կու­թա­յին կեան­քի վեր­լու­ծում­ներ և սեր­տո­ղու­թիւն­ներ են՝ մաք­րա­մա­քուր և հասկ­նա­լի հա­յե­րէ­նով։

Ան կը գրէ մեծմօր և թոռ­նի­կի յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թեան, պատ­կա­նե­լիու­թեան, ըն­տա­նե­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան, հայ կնոջ ա­զա­տագր­ման շար­ժու­մին, ա­մուս­նա­լու­ծու­թեան և ըն­տա­նե­կան յար­գան­քի մա­սին։ Իր գրու­թիւն­նե­րուն մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ են ա­պա­գայ սե­րուն­դի հետ կա­պո­ւած հար­ցե­րը՝ ինչ­պէս ա­ղօթ­քի կարևո­րու­թիւ­նը, հե­ռա­տե­սի­լը, պա­տե­րազմ տե­սած պա­տա­նին և մա­նա­ւանդ հա­յու­թեան ջա­հը փո­խան­ցե­լու դժո­ւար և յա­րա­տե­ւող աշ­խա­տան­քը։

Թո­րոն­թոն այն օրհ­նո­ւած քա­ղաք­նե­րէն մէկն է, ուր հայ­կա­կան բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­ներն ու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը գոր­ծակ­ցին ի­րա­րու հետ հա­մե­րաշխ մթնո­լոր­տի մէջ։ Ու­նի միջ-յա­րա­նո­ւա­նա­կան մար­մին։ Մեր ար­դի պատ­մու­թիւ­նը միայն Հա­յաս­տան-Ար­ցախ և հայ Դատ չէ, այլև մեր սփիւռ­քա­հայ կեանքն է, մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը և միու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մաս­նիկ­ներն են այս պատ­մու­թեան։ Այս տե­սան­կիւ­նէն դի­տո­ւած՝ ա­պա­գա­յի պատ­մա­բան­նե­րը և ըն­կե­րա­բան­նե­րը ան­պայ­ման Գի­րէ­ջեա­նի գիր­քին նման գիր­քե­րու կա­րի­քը պի­տի ու­նե­նան սփիւռ­քա­հայ կեան­քը հասկ­նա­լու և ըմբռ­նե­լու հա­մար։

Իր «Ա­ռաջ­նա­կարգ Մտա­հո­գու­թիւն­ներ» յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը գրէ․ «Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ՝ տա­րեց, չա­փա­հաս, ե­րի­տա­սարդ կամ պա­տա­նի, պէտք է ըլ­լայ մեր մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կան, մեր մտա­ծում­նե­րուն կեդ­րո­նը։ Մենք ա­նոնց հետ պէտք է վա­րո­ւինք այն­պէս, որ ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ինք­զինք զգայ իր տան մէջ, իր ըն­տա­նի­քին մէջ։ Հետևա­բար, մեզ­մէ կը սպա­սո­ւի ստեղ­ծել այս­պի­սի մթնո­լորտ մը, ուր ոչ ոք ինք­զինք զգայ ա­ռան­ձին կամ օ­տար, մե­կու­սա­ցած կամ մոռ­ցո­ւած։ Տա­րե­ցը թող այս հա­մայն­քը իր տու­նը նկա­տէ։ Չա­փա­հա­սը ա­նոր նա­յի իբրև իր օ­ճա­խը։ Ե­րի­տա­սար­դը թող հոն գտնէ իր յղա­ցած ծրա­գիր­նե­րուն ճամ­բան։ Մա­նու­կը հոն գայ իբրև իր ներ­կան կեր­տող և ա­պա­գան ցոյց տո­ւող ճա­նա­պար­հը։ Այս ըլ­լայ մեր գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­գոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը»։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ա­րամ Ա կա­թո­ղի­կո­սի այն կոն­դա­կին, ուր 2017 տա­րին հռչա­կո­ւած է «Վե­րա­նո­րոգ­ման Տա­րի», ան կը գրէ․ «Արդ ու­րեմն, 2017ի այս վե­րա­նո­րոգ­ման շրջա­նին մենք ալ մեր կար­գին դառ­նանք մեր ար­մատ­նե­րուն և վե­րա­նո­րո­գո­ւինք մեր բար­քե­րով և կեն­ցա­ղով, ա­մուր կառ­չինք մեր հայ­րե­րու քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին և ա­մուս­նա­կան կեան­քի հան­դէպ ու­նե­ցած հա­ւա­տար­մու­թեան և յար­գան­քին։ Թող հա­յե­րէն լե­զուն ծլի և ծաղ­կի մեր յար­կե­րէն ներս, թող հայ գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը, երգն ու հա­մեր­գը, ինչ­պէս նաև ա­ղօթ­քը մաս կազ­մեն մեր ա­ռօ­րեայ կեն­ցա­ղին և զբա­ղում­նե­րուն։ Թող Ե­կե­ղե­ցին Հայ­կա­կան ըլ­լայ ծննդա­վայ­րը մեր հո­գի­նե­րուն և ա­մէն Կի­րա­կի ըն­տա­նեօք եր­թանք Աս­տու­ծոյ տու­նը ա­ղօ­թե­լու, մեր հո­գե­պա­րար շա­րա­կան­նե­րը ունկնդ­րե­լու և Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան մեր­ձե­ցու­մով մեր հոգևոր սնուն­դը ա­պա­հո­վե­լու և իբրև մէկ մեծ ըն­տա­նիք, մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու և հա­ղոր­դակ­ցե­լու»։

 «Ծա­ռա­յու­թեան տա­րի» գրու­թեան մէջ Գի­րէ­ջեան կ­’անդ­րա­դառ­նայ ՀՕ­Մի ու­նե­ցած դե­րին եւ ներդ­րու­մին՝ մեր ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նէն ներս, ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան նպաս­տին, Մօր ու Ման­կան ծննդա­տան և Ար­ցա­խի «Սօ­սէ» Ման­կա­պար­տէ­զի վե­րա­նո­րոգ­ման մեծ աշ­խա­տան­քին։ Ան ու­նի 5 այլ գրու­թիւն­ներ՝ յատ­կա­պէս ՀՕ­Մի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղին հետ ա­ռըն­չո­ւող,  ո­րոնք կը կրեն հե­տե­ւեալ խո­րա­գիր­նե­րը՝ «Սրտի խօսք ուղ­ղո­ւած ՀՕ­Մի ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան գրա­սե­նեա­կին», «ՀՕ­Մի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը 45ա­մեայ պրիս­մա­կի ընդ­մէ­ջէն», «Քսան Տա­րի Վերջ», «Տոհ­միկ Օր Զէյ­թուն և Հա­ճըն», «Ձի­թե­նիի Ճիւ­ղը»։ Նշեալ վեր­նա­գիր­նե­րը կը ցո­լաց­նեն ՀՕ­Մի գոր­ծու­նէու­թեան բազ­մա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Գի­րէ­ջեան 53 յօ­դո­ւած­նե­րով սփիւռ­քա­հայ կեան­քը, հա­յու բա­րո­յա­կա­նը, ա­ղօթ­քի և հա­ւատ­քի կարևո­րու­թիւ­նը, կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տող և վեր­լու­ծող փունջ մը կը նո­ւի­րէ մե­զի։

Յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ Պա­րոն Անդ­րա­նիկ Չի­լին­կի­րեան գրքի բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին կը գրէ․ «Հա­րուստ և այ­լա­զան բնոյ­թի թե­մա­նե­րով ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մըն է, ուր կը տո­ղան­ցեն Թո­րոն­թո­յի կրթա­կան մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին« ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու վեր­լու­ծա­կան-նկա­րագ­րա­կան ա­ղո­ւոր յու­շա­քաղ մը»։  Գի­րէ­ջեա­նի քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­ցող հե­ղի­նակ­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու, ա­ռաջ­նորդ­նե­րու, մայ­րե­րու կա­րի­քը ու­նինք՝ վառ պա­հե­լու մեր լե­զուն, մշա­կոյ­թը, հա­ւատ­քը, հա­ւա­քա­կան կեան­քը, ի­րա­ւունք­նե­րը և ինք­նու­թիւ­նը։