Անին Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութեան Կիզակէտ


Պոլիս, «Մարմարա»․- Ներկայիս Թուրքիոյ արեւելքը գտնուող Անի քաղաքը, որ 961-1054 թուականներուն եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, տարուան չորս եղանակներուն զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ։ Անի քաղաքը, որ մշակութային հարստութիւններով նշանաւոր է, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Մշուկութային ժառանգութեան ցանկին մէջ տեղ գրաւած է, կրելով «համաշխարհային քաղաք», «քաղաքակրթութիւններու օրրան», «հազարումէկ եկեղեցի», «40 դռներով քաղաք» անուանումները։

Այս եղանակին, երբ Անի քաղաքը ծածկուած է ձիւնով եւ ճերմակի սքանչելի տեսարան կը պարզէ, զբօսաշրջիկներու բուռն հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ։ Քաղաքը, որ 68 հեկտար տարածքի վրայ հիմնուած է, պատմութեան տեւողութեամբ պահպանութեան տակ առնուած է 4․5 քիլոմեթր երկարութեամբ ամրակուռ պարիսպներով։ Քաղաքը ամրան ամիսներուն կը ճառագայթէ կանաչ գոյնի բազմազան երանգներով, իսկ ձմրան բիւեղեայ ձիւներուն մէջ զբօսաշրջիկներուն առիթ կու տայ անցեալի մէջ պտոյտ մը կատարելու։