Անին Կը Վերականգնուի Եռաչափ (3D) Տարբերակով


«Հետք»․- «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»ը 2009էն եռաչափ (3D) տարբերակով կը վերականգնէ հայկական միջնադարեան Անի քաղաքը:

Ինչպէս յայտնած է պատմամշակութային յուշարձաններու եռաչափ վերականգնող Պարգեւ Ֆրանկեանը` այս տարիներու ընթացքին հնարաւոր եղած է վերականգնել Անիի գրեթէ 60 տոկոսը: Ան կը կարծէ` քաղաքը ամբողջական վերականգնել պիտի կարենան երեք տարիներու ընթացքին:

«Այս նախաձեռնութեան նպատակը հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս, պահպանելն ու փոխանցելն է», կ՛ըսէ Ֆրանկեան:

Վերականգման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ կ՛աշխատին ճարտարապետ, պատմաբան, յուշարձանագէտ:

Նախնական նաեւ կը փորձեն interactive կերպով վերականգնել քաղաքին տեսքը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մարդոց vitual կերպով մուտք գործելու  քաղաքի շինութիւններ, ներսէն ծանօթանալու անոնց ճարտարապետութեան: