«Անկախութեան Սերունդի Երիտասարդութիւնը Հայրենասէր է, Աշխատասէր, Ձգտող, Նորարար, Համարձակ»․Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայ


«Երկիր Մեդիա»․- Տարիներ կ՛անցնին սուրիական պատերազմէն, սակայն ժամանակի հետ հակամարտութեան ուժգնութիւնը չի մեղմանար` մարելով վերադառնալու վերջին յոյսը: Վահէ Սալահեան, որ ծնած, մեծցած է Հալէպ եւ այժմ կ՛ապրի Երեւան, մեծ փափագ ունի մէկ անգամ եւս տեսնելու իր ծննդավայրը:

«Յատկապէս Հալէպը իմ յիշողութիւններուս մէջ պահպանուած է որպէս բարգաւաճող, պատմական եւ զարմանահրաշ քաղաք, ուստի յառաջիկայ տարիներուն հազիւ թէ ցանկամ պղտորել այդ գեղեցիկ յիշողութիւններս: Կը սպասեմ, մինչեւ ամէն ինչ նախկինի պէս ըլլայ, որուն դժուարութեամբ կը հաւատամ: Կ՛երթամ, բայց չեմ մնար»:

Երեւանի մէջ կ՛ապրի արդէն 7 տարիէ:

Առաջին անգամ Հայաստան եկած է 2004ին, երբ դեռ 9ը տարեկան էր: Չէր ալ կրնար պատկերացնել, որ քանի մը տարի անց պիտի վերադառնայ` արդէն մշտական բնակութեան նպատակով:

 «Ծնած ըլլալով անապատային քաղաքի մը մէջ` կ՛ակնկալէի, որ Հայաստանի մէջ անհաւանական շատ ծառեր եւ բուսականութիւն պիտի տեսնեմ: Ատոր փոխարէն տեսայ եղած կանաչութեան անհաւանական բազմազանութիւն»:

Ծննդավայրի կարօտը մեղմացուցած են այն սէրն ու ջերմութիւնը, որոնք առաջին իսկ օրերէն գտած է Հայաստանի մէջ: Շատ զարմացած է` առաջին անգամ տեսնելով, թէ ինչպէս փողոցի մէջ բոլորը ակնթարթօրէն հաւաքուած են եւ օգնած վատառողջ անծանօթին:

«Ուրիշ ոչ մէկ երկրի մէջ այդպիսի երեւոյթի չէի հանդիպած. բոլորը սրտացաւ են բոլորի նկատմամբ: Այդ պահուն ամէն մէկը իր ունեցածով կը կիսուէր` շաքար, տուրմ, ջուր…»:

Զարմացած է նաեւ մեր ճաշատեսակներուն մէջ շատ սոխ օգտագործելու, տղամարդոց եւ կանանց ծխելու տենդագին սովորութիւններուն,  խանութներու, հանրախանութներու կամ ընդհանրապէս այնտեղ, ուր մարդոց հերթ է, ուղղաձիգի փոխարէն շրջանաձեւ հերթերէն եւ առաջ անցնելու «շտապողականութենէն»:  Նաեւ անկէ, որ Հայաստանի մէջ բաւական ցայտուն կը դրսեւորուին տարուան եղանակային հերթափոխերը:

«Տպաւորուած էի նաեւ «ցաւդ տանեմ» կամ «մեռնեմ ջանիդ» դիմելաձեւերով, որոնց արեւմտահայերէն համարժէքները` «հոգիս», «հոգիդ սիրեմ», բնորոշ են Սուրիոյ փոքրիկ «Հայաստանին»:

Հասկցած է, որ մեր երկիրը անփոխարինելի է` յատկապէս քաղցրահամ ջուրի հսկայական պաշարներով:

«Գրեթէ ամէն քայլափոխի կը հանդիպիս ցայտաղբիւրներու կամ թաքնուած անուշահամ աղբիւրներու»:

Հայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան ներկապնակն ալ, ըստ անոր, խիստ գունաւոր է` անհաւանական եռանդ ունեցողներէն մինչեւ ծուլութեան սիրահար փնթփնթանները:

«Կարեւոր կը համարեմ անկախութեան սերունդի երիտասարդութիւնը, որ հայրենասէր է, աշխատասէր, ձգտող, նորարար, համարձակ: Դու կը ստեղծես քու հնարաւորութիւնդ: երկրի կառավարութիւնն ալ իր հերթին կը ձեռնարկէ հնարաւորը` պայմանները աւելի գրաւիչ դարձնելու համար»:

Վահէ Սալահեան Հայաստան եկած բազմաթիւ երիտասարդներէն մէկն է, որ քանի մը տարիներու ընթացքին կրցած է կապուիլ մայր հողին, իր մէջ ձեւաւորել ապագան միայն մեր երկրին մէջ տեսնելու, պատկերացնելու համոզումը:

Շատ բաներէ զարմացած է, յուզուած, շատ բաներ համեմատած, այնուհետեւ հասկցած է, որ այն  տարածքի ուժն ու առանձնայատկութիւնը, ուր հայը, հայկականութիւնը կը միահիւսուին եւ կ՛ամրանան պետութեամբ, ուրիշ ոչ մէկ տեղ հնարաւոր է գտնել: