Անհրաժեշտ է Ճանչնալ Պաքուի եւ Սումկայիթի Հայերու Ցեղասպանութիւնը․ Քերոլայն Քօքս


Պարոնուհի Քերոլայն Քօքս

«Նիուզ», -Հայերու ցեղասպանութիւն իրականացուած է Պաքուի, Սումկայիթի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ զայն պէտք է ճանչնալ, որպէսզի նման բան անպատիժ չշարունակուի, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած համաժողովի ժամանակ յայտարարած է Պարոնուհի Քերոլայն Քօքս։

Փետրուար 5-ին տեղի ունեցած համաժողովը կազմակերպուած էր Պրիւքսելի մէջ «Հայ Դատ»ի գրասենեակի եւ Եւրոմիութեան մէջ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ:

Պարոնուհի Քոքս ելոյթ ունենալով  «Մոռցուած փախստականներ․ ի՞նչ կատարուած է Պաքուի հայերուն հետ» համաժողովին ժամանակ՝ յիշեցուցած է, որ Արցախ այցելութիւններուն պատճառով ինքը կը գտնուի Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ։

«Ես գիտեմ մարդիկ, որոնք Պաքուի ջարդերուն պատճառով փախած են Մեծ Բրիտանիա», ըսած է ան` աւելցելով, որ Ազրպէյճանի մէջ իրավիճակը այն տարիներուն «ժողովրդավարութեան եւ թափանցիկութեան հրաշալի պատկեր չէր», ինչպէս ատիկա կը փորձեն ներկայացնել համաժողովի ազրպէյճանցի մասնակիցները:

Համաժողովի ընթացքին ներկայացուած են Պաքուի փախստականներու պատմութիւնները: Անոնց մէջ եղած է 90-ականներու սկիզբը Ազրպէյճանը լքած Աննա Աստուածատրեան-Թիւրքոթը: Անոր խօսքերով` շատերը ունին սարսափելի յիշողութիւններ այն մասին, թէ ինչպէս ստիպուած էին փախչիլ եւ փրկուիլ: «Շատերու ոգին կոտրուած էր, շատերու կեանքը ոչնչացած` 350 000 մարդու կեանք, այնպիսին ինչպիսին ես եմ», նշած է ան:

Պատասխանելով ազրպէյճանցի մասնակիցի այն ակնարկին, թէ նման հանդիպումները չեն նպաստեր «խաղաղութեան կառուցման», Աստուածատրեան նշած է, որ իր կեանքը փրկած է ազրպէյճանուհի մը, որ նոյնիսկ չէր հասկնար զինք, քանի որ ռուսերէն չէր գիտեր: «Խաղաղութեան կառուցման համար ամենակարեւորը ճշմարտութիւնն է», ընդգծած է ան:

Պրիւքսէլի համալսարանի փրոֆէսոր Դաւիթ Պապաեւ, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոխորհրդարանին հարթակ տրամադրելու համար, «որպէսզի արտայայտուի 1990-ի Պաքուն ստիպողաբար լքած հայ փախստականներու մասին մեր մտահոգութիւնը»:

«Այդ գազանութիւնները` բռնութիւնը, ահաբեկումը, բռնաբարութիւնը, սպանութիւնը եւ մարդոց ողջ-ողջ այրելը պէտք չէ անպատիժ մնան», աւելցուցած է ան: