Աննախընթաց Հոգեւոր Հովիւը


Օ­սան Փի­լավ­ճեան

Հայր Մեղ­րիկ Բա­րի­քեա­նի՝ Ս․­ Աս­տու­ծա­ծին ե­կեղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին (2003-2014) Թո­րոն­թո­հայ ե­կե­ղե­ցին եւ գա­ղու­թը ապ­րե­ցաւ իր զար­թօն­քի տա­րի­նե­րը։

2003-ին գոր­ծու­ղո­ւե­ցաւ Թո­րոն­թօ (Գա­նա­տա) որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս․­ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ։ Մեր ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը աշ­խու­ժա­ցաւ եւ շու­տով Հայր Մեղ­րի­կի իւ­րա­յա­տուկ նո­ւի­րու­մով ու ժ­րա­ջան աշ­խա­տան­քով նոր շունչ ստացաւ։

Նոր ո­գեւորութեամբ եւ լա­սա­տե­սու­թեամբ լե­ցուց բո­լո­րիս սրտե­րը։ Իր խոր­հուրդ­նե­րով շա­տե­րուն կեան­քը փո­խեց․Շէն­ցուց թո­րոն­թոհայ գա­ղու­թին կեան­քը։ Ե­րի­տա­սարդ, պա­տա­նի, ոս­կեայ տա­րի­քի ան­հատ­ներ եւ դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­ներ, բո­լո­րին ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի ա­ղօթ­քի կեան­ք, հո­գեւոր ճա­նա­պար­հն առ Աս­տո­ւած:

Ես Հայր Սուր­բին ծա­նօ­թա­ցայ 2003 Ապ­րի­լին եւ յա­ջորդ օրն իսկ խնդրե­ցի իր­մէ ծա­նօ­թա­նալ ըն­տա­նի­քիս ան­դամ­նե­րուն ընթ­րի­քի մը ըն­թաց­քին։ Այդ օ­րէն սկսեալ ան ե­ղաւ մեր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րէն մէ­կը։ Մենք ե­ղանք ծնողք Հայր Սուր­բին ինք ե­ղաւ եղ­բայր Թա­մա­րին, Վա­նի­կին եւ Ա­րա­րա­տին։

Իր մտեր­մու­թիւ­նը ապ­րե­ցանք կեան­քի ու­րախ եւ տխուր ա­ռիթ­նե­րուն։ Վա­յե­լե­լով կեան­քի հան­դէպ իր լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը։ Հայր Մեղ­րի­կին մի­ջո­ցաւ ու­նե­ցանք շատ լաւ շրջա­նակ մին­չեւ օրս։

2014-ին, Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թէ­մի Ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւե­լէ ետք, փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Մոնթ­րէալ։ Կարճ ժա­մա­նա­կէ ետք, անձ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րով, Սրբա­զան հրա­ժա­րե­ցաւ եւ վե­րա­դար­ձաւ Մայ­րա­վանք։

Ե­րա­նի կարենայինք աւելիով օգ­տո­ւիլ Հայր Մեղրիկին կա­րո­ղու­թիւն­ներէն եւ իր ան­սահ­ման նո­ւի­րու­մէն հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ժո­ղո­վուր­դին համար։

Հա՛յր Սուրբ, մե­զի հա­մար ողջ ես ու ողջ ալ պի­տի մնաս։ Թո­րո­նթո­յէն հե­ռա­նա­լէդ ետք, դժո­ւարութեամբ կրնա­յինք կա­պո­ւիլ ձեր հետ։ Իսկ հի­մա, ա­մէն օր, եր­կինք կը նա­յիմ ու հան­գիստ կը խօ­սիմ հետդ․․․