Աննա Յակոբեան Հիւրընկալած է Թորոնթոյի Մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Վան Լափոյեանը


ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ  «City of smile ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան Ապրիլ 18ին ընդունած է Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Վան Լափոյեանը, Արմենակ Ուրֆանեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի Գանատայի ներկայացուցիչ Խորէն Մարտոյեանն ու Հայկ Լափոյեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեան:

Վան Լափոյեան խնդրած է մանրամասն ներկայացնել «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործունէութիւնը` շեշտելով, որ Գանատայի մէջ բազմաթիւ հայ գործարարներ ցանկութիւն ունին իրենց մասնակցութիւնը ունենալու հիմնադրամի ծրագիրներուն: Աննա Յակոբեան շեշտած է, որ հիմնադրամին ուղղութիւնները լայն են եւ ընդգրկուն:

«Հիմնադրամին բոլոր ծրագիրներուն հիմքը կրթութիւնն է: Մեր նպատակն է երկարաժամկէտ ծրագիրներու միջոցով հասնիլ լուրջ փոփոխութիւններու, բարձրացնել մարդոց կենսամակարդակը, փոխել մտածելակերպը», ըսած է Յովհաննէս Ղազարեան` մանրամասն ներկայացնելով հիմնադրամին գործունէութեան ուղղութիւնները:

Լափոյեանի խնդրանքով Ղազարեան ներկայացուցած է «Հայաստանը առանց կերպընկալէ (plastic) թափոններու» ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները: Ան շեշտած է, որ ծրագիրը իրականացման փուլի մէջ է եւ հիմնական նպատակն է հասարակութեան լայն շրջանակներու մէջ հասնիլ վարքագիծի փոփոխութեան, որպէսզի մարդիկ հրաժարին կիրառելէ կերպընկալէ իրեր:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղուած հարցեր: