Անորոշ Ժամանակ, Յստակ Նպատակ


Լոռի Պէրպէրեան

Ամանորը նախ Սիտնիի մէջ նշեցուեցաւ, ինը ժամ յետոյ հասաւ Պէյրութ, եoթը ժամ ետք Թորոնթօ։ Նոյնպէս, արեւմտեան երկիրները Ս․ Ծնունդը Դեկտեմբեր 25-ին նշեցին, հայերս՝ Յունուար 6-ին, իսկ ռուսերը՝ 7-ին։ Հետաքրքրական է ինչպէս երկու տօները, անկախ իրենց նշման թուականէն ու միջավայրէն, յատուկ յոյս մը կը սերմանեն բոլորին սրտերուն մէջ։ Ոյժ մը, որ մեզի կը մղէ ինքնաքննութեան։ Ի վերջոյ, մէկը կեանքի նոր հանգրուան մը կը խոստանայ՝ նորանոր առիթներով լեցուն, իսկ միւսը նոր ապրելակերպի կ’ռաջնորդէ՝ մարդկութեան Փրկիչին ծնունդով։ Ամէն ինչ կարելի է այս տօնական շրջանին, որովհետեւ հրաշքներու բաղադրիչները բոլորը ներկայ են՝ յոյս, հաւատք եւ Աստուծոյ կամքը։

Շատերս տարեվերջին փորձեցինք լաւապէս կատարել իւրաքանչիւր գործ, որպէսզի գոհացած բարեւենք եկող տարին։ Ըսինք` «Ասիկա վերջին պարտականութիւնս է 2021 թուականին, ասիկա վերջին խօսակցութիւնս է այս տարուան մէջ, այս վերջին աղօթքս է»։ Որքան ալ տարբեր էր իւրաքանչիւրիս ամավերջի աւանդութիւնները վերոյիշեալէն, կարծեմ բոլորս կրնանք համաձայնիլ, թէ կ’ուզենք անցած տարին ըլլայ վերջին անգամը, որ մեր գէշ սովորութիւններուն կ՛ընդառաջենք։ Օրինակ, լաւ չըլլա՞ր եթէ նախկին տարին ըլլայ վերջին անգամը, որ, աւելորդ մտածելով, մենք մեզի կը մտահոգենք։ Վերջին անգամը, որ կ՛արտօնենք, որ վախը մեզ անդամալուծէ։ Վերջին անգամը, որ նախկին ձախողութիւններու վրայ կեդրոնացած՝ նոր փորձեր չենք նախաձերներ։ Ինչպէս նաեւ վերջին անգամը, որ կը հպարտանանք, կը նախանձինք, կը քննադատենք ու կը դառնանանք։

Այս տարի կրնանք արձակել այն բոլոր սովորութիւնները, որոնցմէ շատոնց պէտք է ձերբազատուէինք, իսկ նոր տարին սկսինք առաջիններով։ Ի վերջոյ, անցած տարին արտասովոր պայմաններու մէջ կ’ապրէինք, շատ մը դէպքեր առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան։ Այդ իրականութիւնը եւ նորութիւններու հանդէպ մեր ընդլայնացած ընդունելութիւնը օգտագործելով՝ կրնանք նոր աւանդութիւններ որդեգրել մեր կեանքերուն մէջ։ Օրինակ, այս տարի առաջին անգամը թող ըլլայ, որ իսկապէս մտիկ կ’ընենք ուրիշներուն։ Առաջին անգամ, որ ամբողջ էութեամբ կը ջանանք աւելի ազնիւ անձ դառնալ։ Առաջին անգամ, որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան պատգամը մեր հոգիներուն մէջ վառ կը պահենք ամբողջ տարուան ընթացքին։ Եւ յատկապէս առաջին անգամը, որ Աստուծոյ կը յանձնենք այն ինչ որ մենք չենք կրնար փոխել։

Համաձայն եմ՝ ըսելը աւելի դիւրին է քան ընելը։ Մանաւանդ ներկայիս երբ ամեն օր նոր սահմանափակումներ ու հիւանդութեան տարբերակներ կը յայտնուին մեր առջեւ, իրենց ընկերակցող դժուարութեան ու ջղայնութեան նոր պատճառներով։ Սակայն, այս հսկայ մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար, կրնանք վերանորոգուելու մեր փորձերը Յիսուսի անսասան ուժին վրայ հիմնել։ Այսպիսով, գործին յաջողութիւնը ապահովուած է։ Երանի՜ բաց մտքով ընդունինք նորութիւնները, որովհետեւ սքանչելի բաներ մեզի կը սպասեն։ Ինչպէս Աստուած կ՛ըսէ. «Առաջուանները մի՛ յիշէք ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։ Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ» (Եսայի 43:18-19)։

Չէ որ ընթացք մը կը փոխենք միայն այն ատեն, երբ անոր վնասները այլեւս չենք կրնար անտեսել. կ՚աղօթեմ, որ վերջապէս տեսնենք անտանելի հետեւանքները մեր վատ որոշումներուն ու նոր տարին սկսինք յառաջդիմութիւն հետապնդելով։

Յունուար 2022