«Անունս է Պայքար եւ Վախճանս` Յաղթանակ» Կարգախօսով Տեղի Ունեցաւ Աւանդական Դարձած 18րդ Ջահերով Երթը


Ապրիլ 23ի երեկոյեան Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու աւանդական դարձած «Ջահերով երթը», որ տարիներէ ի վեր կը համախմբէ պահանջատիրութեան գաղափարը կրող հազարաւոր հայորդիներ: Այս տարի Ջահերով երթը կը կրէր «Անունս է պայքար եւ վախճանս` յաղթանակ» կարգախօսը:

Երթին կը մասնակցէին բազմահազար երիտասարդներ` տարբեր կուսակցութիւններէ, հասարակական կազմակերպութիւններէ, ուսանողական միութիւններէ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներ:

Երթը սկսելէ առաջ երիտասարդները` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը եւ այդ կրակով վառեցին իրենց ջահերը:

Հազարաւոր երիտասարդներ` ջահերով, Հայաստանի, Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու դրօշներով՝ Ազատութեան հրապարակէն շարժուեցան Ծիծեռնակաբերդի բարձունք, ուր յարգանքի տուրք  մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: