Անցեալ Տարի Հայաստան Այցելած է 1.5 Միլիոն Զբօսաշրջիկ


«Փանորամա»․- Վիճակագրական տուեալներու համաձայն` անցած տարի Հայաստան այցելած է 1.5 միլիոն զբօսաշրջիկ: Մինչեւ 2017 թուականի Մայիս այցելութիւններու թիւը աճած է մօտ 30 տոկոսով` անցած տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, ըսած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Խզմալեան: Ան յոյս յայտնած է, որ մինչեւ 2020 թուականը Հայաստան կրնայ ունենալ տարեկան մինչեւ 2.5 միլիոն զբօսաշրջիկ: Ըստ անոր՝ Սփիւռքի միայն10 տոկոսը եղած է Հայաստան։

Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը երկու հիմնական ընելիք ունի ` թուային շուկայականութիւն (marketing) եւ զբօսաշրջային արդիւնքի ձեւաւորում, ըսած է ան:

Անոր խօսքով, զբօսաշրջիկը պէտք է տեղեկացուած ըլլայ, այլ խօսքով՝ որքան իրազեկուած է Հայատան եկող զբօսաշրջիկը` նախապէս, աւելի վստահ եւ յաճախակի մեր երկիր կու գայ:

«Մեր խնդիրն է, որ մարդիկ ոչ թէ գան եւ այստեղ ճանչնան Հայաստանը, այլ մինչեւ գալը տեղեկանան` ինչ երկիր է Հայաստանը, ինչ զբօսաշրջային ուղղութիւններ կան, որուն կարելի է դիմել եւ ինչ ծառայութիւններ ստանալ», նշած է բանախօսը:

Արա Խզմալեան տեղեկացուցած է, որ հիմնադրամը այս տարի կը նախատեսէ մասնակցիլ Ռուսիոյ մէջ կայանալիք «Օտդիխ» ցուցահանդէսին, ուր հանդէս պիտի գան հայ զբօսաշրջային գործարկուներ (tour operators): Անոնք պիտի ներկայացնեն մեր երկրի հետաքրքրութիւն ներկայացնող զբօսաշրջային ուղղութիւնները:

«Պէտք է ամրապնդել զբօսաշրջիկի հետաքրքրութիւնը, թէ ինչու ան պէտք է տեսնէ Գառնին, Գեղարդը կամ Զօրաց քարերը: Որքան շատ պատճառներ եւ հիմքեր ստեղծենք, այնքան աւելի շատ զբօսաշրջիկները շահագրգռուած կ՛ըլլան Հայաստան այցելելով»,- ըսած է ոլորտի ներկայացուցիչը: