Աշխա՛րհ, Ո՞ւր Կ’երթաս


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Երկկենցաղ եղած ենք։ Մէկ եզրին մեր բնական կեանքը իր բեղուն  առօրեայով, ուր կան անմիջական հարազատներ, շրջապատ, ընտանիք, աշխատանք եւ ամենօրեայ հոգսեր, միւսին` դիմատետր, ինսթակրէմ եւ ընդհանրապէս համացանցային աշխարհ, ուր հեռու-մօտիկ, հարազատ-օտար, անպաշտօն եւ պաշտօնական անձեր դարձաց են այդ ենթադրեալ աշխարհին բաղադրիչները, որոնց հետ կ’ապրինք հեռախօսին կամ համակարգիչին պաստառին կառչելով, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ անցած դարձածէն տեղեակ կ’ըլլանք քանի մը կոճակ սեղմելով:

Այդ ենթադրեալ աշխարհին նորութիւններուն քայլ պահելը դժուար է։ Վերջերս անդրադարձայ, որ հոն սկսած եմ օրական տասնեակ անգամներ` «Շնորհաւոր ըլլայ» եւ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» գրել, որովհետեւ ուրախ եւ տխուր առիթներու յայտարարը եղած այս էջերէն է, որ կ’իմանանք ծնունդներու, տարեդարձներու, վկայուելու, յոբելեաններու, ինչպէս նաեւ մահերու եւ արկածներու լուրերը։  Չմոռնանք տօները, ուր մենք` անկոչ հիւրերս կրնանք մասնակցիլ անոնց ու մեր տիւաններուն երկնցած կը մտնենք իւրաքանչիւրին տունը ու մասնակից կը դառնանք անոնց ուրախութեան: Հոն՝ իսկական հրաւիրեալները քանի մը հոգի կ’ըլլան, սակայն անկոչ հիւրերուն թիւը միլիոններով` հոգ չէ, թէ անոնցմէ ոմանք նկարներուն մէջի ուտելիքներէն չունին, այդպիսի շքեղ սեղաններ չեն կրնար պատրաստել, անօթի են, պատերազմի ահաւոր օրեր կ’ապրին կամ հարազատներէ հեռու սիրտ կը մաշեցնեն, սակայն նկարները տեղադրողներուն համար թերեւս աչք ծակելն է նպատակը կամ ուրիշին նախանձը շարժելով իր սեփական ուրախութիւնը արտացոլելը, ո՜վ գիտէ…

Մայրերու Օրուան առիթով դիմատետրի մեր «ընկերներուն» ողջ կամ հանգուցեալ մայրերուն ու մեծ մայրերուն կը ծանօթանանք, ապա` Հայրերու Օրուան առիթով` հայրերուն, մեծ հայրերուն, հօրեղբայրներուն ու ապագացու հայրերուն։ Յուլիսին` ուրախութիւնը կը բաժնենք վկայուողներուն, համալսարան ընդունուողներուն եւ հպարտ ծնողներուն ու այս անգամ կը ծանօթանանք անոնց զաւակներուն։ 

Այսպէս` լուրերը, նորութիւնները, Զատիկը, հատիկը, Կաղանդը, կնունքը, տօները, եւ տարեդարձները դիտելով կ’անցընենք մեր տարիները։ Մեզմէ ո՞վ օրական քանի մը ժամ չի նստիր համակարգիչին դէմ կամ չի մտներ ձեռնահեռաձայնի ովկիանին խորքերը, որ վերջերս Փանտորայի տուփի վերածուած է. 2020 թուականի առաջին իսկ օրերէն այդ տուփը բացողին դէմ տխուր լուրէն, երկրաշարժէն, փոթորիկէն, պատերազմէն, համավարակէն, պայթումներէն եւ ընդհանրապէս արկածներէն ու մահերէն զատ ուրիշ բան դուրս չի գար։ 

Ո՞րոնք աւելի հանգիստ կեանք ունին արդեօք՝ մեր նախնիները, որոնք աշխարհէն կտրուած` իրենց առօրեայ հոգսերու իւղին մէջ կը տապկուէին, թէ մե՞նք, որ մեր անձնական կեանքին մէջ կամայ-ակամայ կը մխրճենք համայն աշխարհի հոգն ու ընկճուածութեան ծանր բեռը։ Արդեօք այդ Փանտորայի տուփը փակ ձգելով պիտի խաղաղի՞ մեր կեանքի նաւահանգիստը, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահուած եւ որեւէ առիթով մահաբեր պայթումի վերածուող ռումբի պէս պիտի խլէ մեր քաղցր կեանքը։ Աշխարհը ո՞ւր կ’երթայ, ո՞ւր։