Աշխարհածանօթ Արուեստագէտներ Ատոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանջեան, Սերժ Թանգեան, Էրիկ Նազարեան Կոչ Կ՛ուղղեն Աշխարհի Արուեստագէտներուն Այցելելու Արցախ


“Հետք”․- Ապրիլ 3ին եռօրեայ այցելութեամբ անուանի սփիւռքահայերու խումբ մը, որուն մէջ Սերժ Թանգեան, Արսինէ Խանջեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիկ Նազարեան, ժամանած են Արցախ՝ ճանչնալու Արցախի ժողովուրդը, ծանօթանալու Արցախի կեանքին եւ Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի կողմէ Արցախի սահմանային գօտիներուն մէջ տարուող աշխատանքներուն: Այցը կազմակերպած է Թուֆենկեան հիմնադրամը:

Ստեփանակերտ ժամանելուն պէս հիւրերը հանդիպեցած են Արցախի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ` քննարկելու համար Արցախին վերաբերող հիմնահարցերը: Հանդիպման յաջորդած է մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Սերժ Թանգեան, Արսինէ Խանջեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիկ Նազարեան խօսեցած են դէպի Արցախ իրենց այցին եւ ատոր առաքելութեան մասին, իսկ այնուհետեւ պատասխանածն լրագրողներու հարցումներուն:

Ասուլիսի ընթացքին հիւրերը աշխարհի արուեստագէտներուն կոչ ըրին այցելելու Արցախ եւ աջակցելու երիտասարդ եւ տաղանդաւոր այն Արցախցիներուն, որոնք կը շարունակեն գրել, ստեղծագործել, նուագել եւ նկարել, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պատերազմի պատճառով մեկուսացած են աշխարհէն եւ շրջափակման մէջ կը գտնուին:

«Հակառակ անոր, որ միջազգային հանրութիւնը այլեւայլ պատճառներով դեռ չէ ճանչցած Արցախի պետութիւնը, հազարաւոր տարիներ ի վեր այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդի զաւակները կը շարունակեն ստեղծագործել եւ արարել, կառուցել եւ ծաղկեցնել, նոյնիսկ երբ սահմաններու  երկայնքով չեն դադրիր ազրպէյճանական յարձակումները, ռումբի պայթիւնները, զէնքերու կրակոցները: Այստեղ` այս պատմական հողի վրայ, պատերազմական  այս պայմաններուն մէջ, հազարաւոր երեխաներ ու երիտասարդներ կը զրկուին ստեղծագործելու եւ արարելու իրենց արդար իրաւունքէն, քանի որ երկիրը դեռ կը մնայ շրջափակուած, իսկ զինադադարը` փխրուն: Հազարաւոր տաղանդներ գրիչ եւ վրձին բռնելու փոխարէն ստիպուած կ՛ըլլան զէնք վերցնելու եւ ճակատ մեկնելու` իրենց տունն ու հայրենիքը պահելու համար:

«Բայց այս բոլորով հանդերձ` մեծ է այն տաղանդաւոր երիտասարդներուն եւ արուեստագէտներուն թիւը, որոնք կը շարունակեն գրել, ստեղծել, նուագել եւ նկարել, նոյնիսկ երբ պատերազմի պատճառով մեկուսացած են: Այս ստեղծագործ տաղանդները աշխարհին բացուելու եւ փոխադարձ ճանաչողութեան շատ սահմանափակ հնարաւորութիւններ ունին:  Նրանք պարզապէս զրկուած են արուեստագէտի համար կենսական այս իրաւունքէն:

«Ահա այս պատճառով, աշխարհի բոլոր ազատ մտածող արուեստագէտներուն կոչ կ՛ուղղենք, որ այցելեն Արցախ, դառնան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գործընկերներ, կապ եւ շփում հաստատեն տեղի արուեստագէտներուն եւ ստեղծագործ, տաղանդաւոր մարդոց հետ, աջակցին, որ անոնք եւս աշխարհին բացուելու հաւասար հնարաւորութիւն ունենան եւ կարենան իրականացնել խաղաղութեան մէջ ստեղծագործելու եւ աշխարհի հետ կիսուելու իրենց համամարդկային իրաւունքը», ըսուած է կոչին մէջ: