Աշխարհահռչակ Հայ Գործիչները Կը Նախաձեռնեն Աշխարհի Հայերը Կապող Առցանց Հարթակ Ստեղծել


Ձախէն աջ՝ ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, «Synopsys» ընկերութեան հայկական մասնաճիւղի նախագահ Երուանդ Զօրեան, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան ասուլիսի ընթացքին։

«Արմենփրես»,- Աշխարհահռչակ հայ գործիչներ` «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» ձեռնարկութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան, «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրայէլեան, «Synopsys» ընկերութեան հայկական մասնաճիւղի նախագահ Երուանդ Զօրեան գաղափար մշակած են` ստեղծելու նոր առցանց հարթակ` «High connect» անուանով, որ իրարու պիտի կապէ ողջ աշխարհի հայերը:  Գաղափարին հեղինակները Հոկտեմբեր 8-ին այս մասին յայտնեցին Երեւանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու  համաշխարհային համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ:

«Պիտի ստեղծենք համահայկական առցանց հարթակ` «Հայքոնեքթ»-ը, որ առիթ կու տայ ամբողջ աշխարհի տարբեր հետաքրքրութիւններու տէր հայերուն կապուիլ», ըսաւ Թանքեան։

Ան նշեց, որ աշխատանքի ընթացքը դեռ չեն ծրագրած, այլ ընդհանուր գաղափարը զարգացուցած են: «Տարիներու ընթացքին մտածած ենք` ինչպէս ընել, որ Հայաստանը գրաւիչ ըլլայ ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ միւսներուն համար: Մենք կը մտածէինք` ինչպէս ամբողջ աշխարհի հայերը կապել: Եւ շատ մտածելէ, խօսելէ ետք եկանք այն եզրակացութեան, զոր պիտի օգտագործենք մեր համատեղ հետաքրքրութիւնները` ստեղծելու փոքր հանրութիւններ», ներկայացուց Թանքեան:

Ան օրինակ բերաւ` հայ լրագրողը կրնայ գտնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայ լրագրողներ:

ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան նշեց` անուանումը շատ լաւ է` նկատելով, որ անոր մէջ կայ «հայ» բառը:

Ալեքսիս Օհանեան նշեց`  իրենք հասկցած են, թէ որքան բախտաւոր են, որ այսքան հնարաւորութիւններ ունին: «Մենք մեր ասպարէզներէն պէտք է քաղենք մեր դասերը եւ ատոնք օգտագործենք այս հարթակին համար, որպէսզի ամբողջ աշխարհի հայերը կարենան օգտուիլ այդ կապէն ու բարգաւաճիլ», ըսաւ  Օհանեան ու նշեց` ընդհանուր տեսլականը կը միաւորէ զիրենք:

Ան նկատել տուաւ` կան ցանցեր, ուր հայերը, այսպէս թէ այնպէս, կրնան կապուիլ իրարու հետ, բայց իրենք կ՛ուզեն յատուկ տարածք ստեղծել, ուր ըլլան մարդիկ, որոնք գիտեն, թէ ինչ կը փնտռեն, ինչ ըսելիք ունին: Օհանեան շեշտեց` այս նախաձեռնութիւնը բոլորին համար է, ասով կ՛ուզեն հեշտացնել հաղորդակցութիւնը, անիկա շահոյթ չի հետապնդեր:

Էրիկ Իսրայէլեան նշեց, որ գաղափարը քննարկած են գրեթէ 1 տարի, սակայն այդ մասին մտածած են աւելի երկար: «Իրապէս հիանալի պիտի ըլլայ նման կապի հարթակ ունենալը, Հայաստանի մէջ ոչ միայն արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ, այլ նաեւ կ’ապահովուի կապը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերու միջեւ: Շատ նուիրուած ենք այս գաղափարին, մեր ամբողջ փորձը պիտի ներդրենք», ըսաւ ան:

Ան նկատեց` հայերը սփռուած են շատ երկիրներու մէջ, պէտք է կապ, եւ այդ առցանց հարթակը թոյլ կու տայ բոլորը կապել իրարու, ինչու չէ` նաեւ համագործակցիլ: