Աշխարհի Ամենաերկար Zip Lineը Հայաստանի Մէջ Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Յուլիսին


«Արմենփրես»․- Աշխարհի ամենաերկար zip lineը Ենոքաւանի «Yell Extreme Park»ի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի այս ամառ, ըսած է «Yell Extreme Park» նախագիծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխչեան:

«Zip lineի ճարտարապետական հատուածը գրեթէ պատրաստ է եւ միայն մէկ երկու հարց մնացած է լուծելու: Իսկ բուն շինարարութիւնը պիտի սկսի Յունիս 20­ին: Մենք նախատեսած ենք շինարարութիւնը աւարտել Յուլիսի վերջը», ըսած է ­Չիբուխչեան:

Շուտով Արցախի մէջ եւս պիտի ըլլայ «Yel Extreme Park»: «Արցախի մէջ հրաշալի բնութիւն կայ եւ մեծ ներուժ զբօսաշրջութեան զարգացման համար», ­շեշտած է ան:

 Հայաստանի մէջ աշխարհի ամենաերկար  zip lineի կառուցման նպատակով Indiegogo համաֆինանսաւորման միջազգային հարթակով Մայիս 4էն Յունիս 2ը տեղի ունենած է դրամահաւաք, որուն արդիւնքով հաւաքուած է 22 հազար 165 տոլար:

«Yell Extreme Park» նախագիծը 2015էն կ՛իրականացնէ ոլորտի զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ` ձգտելով դառնալ տարածաշրջանի մէջ զբօսաշրջութեան մեծ կեդրոն: Նախագիծը նպատակ ունի Հայաստանի մէջ զարգացնել արկածային զբօսաշրջութիւնը, ստեղծել նոր աշխատատեղեր, աշխուժացնել հասարակական կեանքը եւ խթանել առողջ ապրելակերպը:

Նախագիծը իր գործունէութիւնը սկսած է Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ` zip lineով, իսկ այժմ աշխոյժ պտոյտ նախընտրողներուն կ՛առաջարկէ նաեւ paraglayding, roppark, paintball, ձիով արշաւներ, արտաճանապարհային պտոյտներ եւ այլն: Ընդլայնելով գործունէութեան աշխարհագրութիւնը` «Yell Extreme Park»ը 2017ի Մայիսէն Ստեփանակերտի օդակայանի հետ համատեղ երկտեղանի մարդատար օդանաւով սկսած է իրականացնել Ստեփանակերտ-Շուշի յետադարձ ուղղութեամբ առանց կանգառի (non­stop) զբօսաշրջային թռիչքներ:

Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ենոքաւան համայնքին մէջ կառուցուող աշխարհի ամենաերկար zip lineը պիտի ունենայ 2680 մեթր երկարութիւն եւ 200-­300 մեթր բարձրութիւն: Zip lineով թռիչքը պիտի տեւէ 3-­4 վայրկեան` առաւելագոյնը 120 քմ․/ժ արագութիւն զարգացնելու հնարաւորութեամբ: