«Աշխարհն Առանց Ցեղասպանութեան» Կազմակերպութիւնը Մրցանակ Շնորհած է Թուրք Պատմաբանին


(Ակօս).- Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քլարք համալսարանի պատմութեան փրոֆէսոր, վտարանդի թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամին «Աշխարհն առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ մրցանակ շնորհուած է:

Կազմակերպութեան  նպատակներէն է  «Պաշտպանել անմեղ մարդիկ, կանխել այլատեացութեան եւ նախապաշարմունքի հիման վրայ իրականացուող ցեղասպանութիւնը, աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի յանցանք գործած մարդիկ պատասխանատւութեան ենթարկուին դատական կարգով, ինչպէս նաեւ յիշատակել զանոնք, որոնց կեանքն ու մշակոյթը ոչնչացուած է»:

Կազմակերպութեան ղեկավար Էլլեն Քէնետի՝ Աքչամին շնորհուած մրցանակին առիթով՝ յղած է նամակ մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է. «Մենք երկար ժամանակ է, որ կը հիանանք ձեր խիզախ աշխատանքով, որուն նպատակն է փաստել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործած վայրագութիւնները: Հակառատկ թուրք ծայրայեղականներուն կողմէ եղած մահուան սպառնալիքներուն` դուք ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեր խօսքին մէջ ցուցաբերած էք հետեւողական յամառութիւն»: