Աշոտ Ղուլեան Շնորհաւորած է Գանատայի Խորհրդարանի «Արցախի Ժողովուրդի Խորհրդարանական Բարեկամներ» Խումբը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ,- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Հոկտեմբեր 28-ին շնորհաւորական նամակներ ուղարկած է Գանատայի Համայնքներու պալատի «Արցախի ժողովուրդի խորհրդարանական բարեկամներ» խումբի ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըրին եւ խումբի միւս անդամներուն` խորհրդարանին մէջ վերընտրուելու առիթով:

Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ իմ անունէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ Գանատայի Համայնքներու պալատին մէջ վերընտրուելու առթիւ:

Արցախի ժողովուրդը մեծապէս կը գնահատէ հայկական հարցերուն մէջ Ձեր` որպէս «Արցախի Ժողովուրդի Խորհրդարանական Բարեկամներ» խումբի ղեկավարի ներգրաւուածութիւնն ու աջակցութիւնը:

Վստահ եմ, որ Ձեր գործունէութեամբ յառաջիկային եւս պիտի նպաստէք Գանատայի եւ Արցախի միջեւ համագործակցութեան խորացման, մասնաւորապէս` մարդասիրական ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման:

Եւս մէկ անգամ կը շնորհաւորեմ եւ կը մաղթեմ արդիւնաւէտ խորհրդարանական գործունէութիւն»: