Ապաստան Ստանալու Համար Դիմած Եմ Յունաստանին. Սեւան Նշանեան


Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ Յուլիս 14ին յայտարարած էր թրքական բանտէն փախուստի մասին, ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած է Յունաստանի իշխանութիւններուն: Այս մասին մտաւորականը ըսած է «Արմենփրես»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: Ան յայտնած է, որ գործընթացը բարեյաջող կերպով աւարտելէն ետք կը ցանկար այցելել Հայաստան:

– Պարոն Նիշանեան, հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտնած էիք, որ Յունաստան էք: Յունաստանի իշխանութիւններուն ներկայացուց՞ած էք ապաստան տրամադրելու դիմում:

-Գործընթացին այսօր կը սկսինք: Յունաստանը ի սկզբանէ դիտարկած եմ որպէս իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիք, սա շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ կեանքիս նոր փուլը անցնելով այստեղ:

-Բոլորին ամենաշատ հետաքրքրող հարցը մէկն է` ինչպէ՞ս փախաք բանտէն: Նախապատրաստութիւնները որքա՞ն տեւեցին:

-Դիւրին էր: Ոչ մի խնդիր եղաւ: 1.5-2 տարի ծրագրեցինք, սակայն գործնականօրէն այդ ծրագիրներէն եւ ոչ մէկուն կարիքը եղաւ: Քալեցինք, գացինք:

– Փախչելէն ետք ըսիք, որ այդ երկրին մէջ գումարով ամէն բան հնարաւոր է: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ մէջ արդարադատութեան համակարգի ներկայ վիճակը:

– Թուրքիոյ Հանրապետութեան դիւանակալութիւնը անհեթեթ, ոչ խելամիտ մեքանիզմ է, որ կ՛ապրի երազներու, անմեղսունակ աշխարհի մէջ: Եթէ հասկնաս ատոր տրամաբանութիւնը, շատ հեշտ կրնաս խաղցնել մատներուդ վրայ:

-Բանտէն դուրս գալու մասին թուիթըրեան ձեր էջին մէջ գրած էիք` ըսելով. «Թռչունը թռաւ: Տարոսը մնացած ութսուն միլիոնին»: Սակայն որքանով տեղեակ եմ` ձեր ընտանիքը այժմ Թուրքիա է: Անոնց համար չէ՞ք վախնար:

-Չորս մեծ զաւակներս այժմ ամառնային հանգիստը կ՛անցնեն Թուրքիոյ մէջ: Հասուն ու խելամիտ մարդիկ են: Չեմ կարծեր, որ անոնց գլխուն բան մը գայ:

-Նոյնիսկ բանտին մէջ անգործ չէք մնացած եւ գիրքեր գրած էք: Այդ գրքերը վերցուցա՞ք էք ձեզի հետ:

-Վարտիքս, շապիկս ձգեցի, բայց ինչպէ՞ս կրնայի այնտեղ ձգել գիրքերն ու տետրերը: Նախ եւ առաջ պէտք է վերանայէի 3-4 տարի ուշացած արմատական բառարանը: Ենիփազարի բանտին մէջ գտնուելու ընթացքին ատոր վրայ աշխատելու բաւական ժամանակ ունեցած եմ: Բացի այդ, գրած եմ գիրք թրքերէն լեզուի պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւն կրօնի եւ կրօններու վերաբերեալ: Ատոնք հրատարակութեան նախապատրաստելը մէկ տարի կը տեւէ: Բացի այդ, փոքր աղջկաս` Անահիտին ուղղուած նամակներէս փոքր գիրք մը գրած եմ, թէեւ վստահ չեմ` արդեօք կ՛ուզե՞մ զայն հրատարակել:

-Ապագային Հայաստան գալու մտադրութիւն ունի՞ք:

-Երբ կարենամ օրինական կերպով հանգիստ շրջիլ, առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային կը ցանկանամ գալ Հայաստան: Բանտին մէջ գտնուելուս ժամանակ Հայաստանի մէջ գտնուող ընկերներէս մեծ աջակցութիւն ու սէր ստացած եմ: Շատ մարդիկ կան, որոնց կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել: