Ապուրը շատ սիրուած առօրեական ուտեստ է մեր խոհանոցին մէջ տարուան բոլոր եղանակներուն ալ․ կան բազմաթիւ ապուրներու տեսակներ՝ եւ մսային եւ բանջարեղէնային եւ արմտիքային․ կան ապուրներ (խաշ, խաշու), որոնք կը ճաշակեն հացը մէջը բրդելով, յաճախ նաեւ պաղ մատուցուող ապուրներ ունինք: Սակայն պետք է ընդգծել, որ ՙապուր՚ բառն ունի երկու կիրառութիւն․ առաջինըˋջրալի կերակուր, այսպէս օրինակˋ թանապուր, ոսպապուր, կաթնապուր եւայլն: Որոշ բարբառներու մէջ ան հոմանիշն է փիլաւ բառին, օրինակˋ կորկոտապուր, ճտապուր (ճուտ = հավ), օռուզապուր (օռուզ = բրինձ), խիտապեր (խիտ = խոտ, բանջար) եւայլն: Երկուքն ալ հաւասարապէս գործածական են․ ՙապուր՚ բառն յառաջացած է ապրել, ապրուստ, պարէն, ուտելիք հասկացութենէն․ հետեւաբար երկու եզրոյթներն ալ կարելի է համարել ընդունելի եւ ճիշդ:
Ապուր բառը որպէս փիլաւ յաճախ կʼարտայայտուի ապեր կամ ապուռ հնչինափոխութեամբ։ Աւելի շատ տարածուած է որպէս ջրալի կերակուր, սակայն եւ նոյնքան տարածուած է ՙշօրպա, շօրվա, չօրպա, վռիկ՚ բառերը, որոնք հոմանիշ են ապուր բառին: Հաւանաբար ՙշօրպա՚ բառը դեռեւս 7րդ դարի արաբական տիրապետութեան շրջանին անցած է մեր լեզուին մէջ, ան յառաջացած է արաբերէնի շարապ = խմել բառէն, եւ անցած է եւրոպական լեզուներուն սուպ = soup բառով․ ինչպէս որ շուռուպ = օշարակ = syrup, նաև շերեփ բառերը:
Ժողովրդական խօսակցութեան մէջ բազմաթիւ են ապուրի հետ կապուած բառակապակցութիւններն ու առածները․ այսպէսˋապուր ընել – հոգեպահուստով ապրիլ, ապուր եփել – դատաստան տեսնել, ապուր ուտել - անթոյլատրելի արարք ընել, ապուր խառնել - ուրիշի ներքին գործերուն խառնուիլ, պաղ ապուր -պաղարիւն մարդ, ապուրցու- ընդեղէն ապուրի համար եւ ապուրամանˋ ապուրը ճաշակելու յատուկ խոր աման: ՙԱպուր կերˋ դուռ ել, փլաւ կերˋ լեռ ել՚ առածը կը նշանակէ ի տարբերութիւն փիլաւինˋապուրը չի կշտացներ, իսկ ՙքու առջեւի ապուրը կեր՚ արտայայտութեամբ կը զգուշացնեն մարդոց չխառնուիլ իրենց գործին:
Մեր աւանդական խոհանոցին մէջ յաճախ աւելի յստակ գործածութիւն ունին ապուրի հոմանիշները, կամ փոքր նրբերանգներով կը զանազանուին իրարմէ․ այսպէս օրինակˋ վռիկ – պահքի անժուր (անիւղ) ապուր, իսկ Մեծ Պահքի հիմնական ապուրըˋ թթուեցրած ծեծածով մախոխապուրն է։ Թանապուրըˋ խնոցու թանով եփած ապուրն է, մինչդեռ չորթանապուրըˋ չորցած թանով (կամ քամած մածունով) պատրաստուած է, իսկ մածնապուրըˋ թարմ մածունով եփած ապուրն է։ Ամրան պատրաստուող պաղապուրըˋ թարմ մածունը խաշած ծեծածին վրայ լեցնելով կը ճաշակեն, հռածածը (եռացած) արցախեան ապուր մըն է, մածունը կʼեռացնեն, տաք – տաք կը լեցնեն մանրուած առատ սամիթ, համեմ (գինձ) եւ անանուխ։ Թարխանապուրըˋ չոր թարխանան թրջելով կʼեփեն: Կան նաեւ որոշ քաղցրեղէններ, որոնց ջրալի տարբերակն ալ ունինք․ հալվա – հալվապուր, փոխին ձ(դ) – փոխինդապուր, մալէզ – մալէզապուր եւայլն։
Խաշ ճաշատեսակն ալ ապուրի տարատեսակ պիտի համարել։ Սովորական խաշէն զատ կան առօրեական բազմաթիւ խաշուներ․ լոբախաշու (հատիկ լուբիայով եւ ընկոյզով ապուր), ոսպախաշու, ընկըզախաշու (ընկոյզով), ձուախաշու (հաւկիթով), ձկնախաշու, տոլմախաշու (խաղողի տերեւով ու բինձով ճաշ), պանրախաշ, հացի խաշուլ, կճախաշ (կճուճ, կարասիկի մեջ եփած ընդեղէն), եւայլն:
Յատուկ ապուրներու շարքին կան բազմաթիւ հին ապուրներ, օրինակˋ Անիի անգաճապուրը (ականջի ձեւով պատրաստուած խմորագնդիկներով), պոչովապուր (արաբկիրցիներու ապուրն է, չորցած սմբուկի պոչերով եփուած), թթուապուր (քացախով եւ կծու պղպեղով համեմուած թթու ապուր Աւագ Հինգշաբթի օրուան յատուկ), վարդապետ շորպա (վանքերուն մէջ պատրաստուող ոսպապուր), անուշապուր կամ մայրամապուր (Զատիկին պատրաստուող չիրերով ու ծեծածով քաղցր կիսաջրալի ուտեստ), հատիկապուր (գարնանացանէն առաջ պատրաստուող արմտիքներով ծիսական ապուրˋաստուածներուն նուիրաբերելու համար), բակլապուր (Պահքի առաջին օրը կը պատրաստեն), մախոխապուր (պահքի գլխաւոր ապուրը, կարինցիներն ունին յատուկ պար այս անունով), դդմապուր (մարաշցիներու հարսանեկան ճաշն է) եւայլն:
Ապուրներու անունները սակայն կʼորոշուին գլխաւոր բաղադրիչի առկայութեամբ․ այսպէս օրինակˋ կաղամբապուր, ոսպապուր, լոբապուր, սիսեռապուր, սնկապուր, չիրապուր, մասրապուր, հոնապուր, մածնապուր, գնդիկապուր, ծնիկապուր (մանր կորկոտ), դդմապուր, բանջարապուր, կաթնապուր, ձկնապուր, սոխապուր, փիփերթապուր եւայլ:
Դդմապուր
Բաղադրութիւն
300 կրամ կտոր միս (ըստ նախասիրութեան)
1 գաւաթ սիսեռ
2 ապուրի դգալ լոլիկ – պղպեղի մածուկ
1 լիմոնի հիւթ
3 պճեղ սխտոր կարմիր պղպեղ
անանուխ
աղ
Պատրաստութիւն
1 – Միսը քիչ ջուրով եռացնել« թափել ջուրը:
2 – Նախապէս թրջուած սիսեռն ու միսը միասին խաշել:
3- Աւելցնել խորանարդիկներով կտրտած դդումը, եռացնել 10 վայրկեան:
4- Կրակը մարելէն առաջ խառնել համեմունքը, լիմոնի հիւթն ու ճզմուած սխտորը:
5- Մատուցել փիլաւի ընկերակցութեամբ: