«Առանց Հայրենադարձութեան Դրական Մեծ Փոփոխութիւն Չեմ Տեսներ Հայաստանի Մէջ», Կ՛ըսէ Թորոնթոհայ Յարութ Մանուկեան


«Հայաստանի ամենամեծ բացը կրթական համակարգին մէջ է»:

Թորոնթոհայ հայրենադարձներու այսօրուան մեր հիւրն է Թորոնթոյէն Հայաստան եկած Յարութ Մանուկեան։ Ան կը պատմէ Հայաստան տեղափոխուելու իր դրդապատճառներուն եւ փորձառութեան մասին։

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սալբի Սաղտըճեան

Հարցում- Դուք ծնած էք Գանատա, Թորոնթօ, ուսանած եւ աշխատած էք այնտեղ։ Ի՞նչը մղեց ձեզի գալ Հայաստան։

Պատասխան- 2017-ին ընդունուեցայ Master’s program-ի Harvard համալսարանէն ներս։ Այն ատեն էր, որ սկսաւ ինծի համար հարց ըլլալ՝ մնալ Գանատա, կամ չմնալ, կամ ապագաս ինչ պիտի ըլլայ։  Քանի որ Harvard-ի մէջ ընտրութիւններու համակարգերու մասին կ՛ուսանէի եւ որովհետեւ նախկին փորձառութիւնը ունէի Թորոնթոյի մէջ (2012-ին, շնորհիւ թորոնթհայութեան, ընտրուած էի Քաղաքի Հանրային դպրոցներու խորհուրդի անդամ -TDSB member), այն ատեն էր, որ ընտրութիւններու հետ կապուած, մանաւանդ օրէնքներու մանրամասնութիւնները սկսայ խոր հասկնալ, եկայ Հայաստան այդ մարզին մէջ աշխատելու։ Թորոնթոյի մէջ՝ ըլլալով գաղութի բաւական աշխոյժ անդամներէն մէկը, 2015-ին  լսեցի, թէ Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութեամբ՝  նախագահականէն դէպի վարչապետական համակարգ անցում պիտի ըլլայ։ Բայց այն ատեն շատ քիչ տեղեկութիւն ունէի այդ process-ին (գործընթացին- Թ․) մասին։ 2017-ի ընտրութիւններուն Հայաստան եկայ որպէս դիտորդ եւ այն ատեն շատ մեծ յոյս ունէի, որ Հանրապետական Կուսակցութիւնը գոնէ մեծամասնութիւն չստանայ եւ ուրիշ կուսակցութիւններու հետ բանակցի, մէկ հոգիի որոշումներով ամէն ինչ չհիմնաւորուի։ Ապա յայտարարեցին, որ Սերժ Սարգսեանին վարչապետ պիտի առաջադրեն, այդ ատեն ամբողջովին յոյս կտրեցի։ Վերջին 15 տարին ամէն երկու տարին անգամ մը կու գայի Հայաստան։ Սակայն մէկ ամիս յետոյ, այսինքն՝ Ապրիլին իշխանափոխութիւն եղաւ, առաջինը որ ըսուեցաւ՝ ընտրութեան օրէնսգիրքը փոփոխութիւն պիտի ըլլայ եւ նոր ընտրութիւններ պիտի կազմակերպուին։ Ես ալ կ’ուսանէի այդ մասնագիտութեամբ ՝ Elections and Electoral Systems, ընտրութիւններու կարգաւորումը, անցկացումը, օրէնքներու համակարգումը եւայլն։ Սկիզբը միտք ունէի Գանատայի մէջ այդ տեսակի փոփոխութիւններու վրայ աշխատիլ, յետոյ երբ այս նորութիւնը եղաւ կը մտածէի ինչպէս օգնել Հայաստանի ժողովրդավարացմանը։ Չէի կրնար դուրսը նստած այս լուրերը լսել, հոգիս չէր դիմանար՝ չմասնակցիլ այս գործընթացներուն։ 2018-ի ամառը եկայ, բանակցութիւններու սկսայ․ ոչ ուղղակի մասնակցելու, բայց ներկայ ըլլալու եւ գոնէ սորվելու եւ գրելու ատոնց մասին, որոնք կրնային ինծի պէս սփիւռքահայերու ալ հետաքրքրել։ Սեպտեմբերին Պոսթըն վերադարձայ ուսումանս 2-րդ տարին շարունակելու։ Գործի առաջարկներ կու գային, բայց չէի կրնար ես ինծի երեւակայել գրասենեակի մը մէջ մնալ եւ չմասնակցիլ այստեղ կատարուող գործընթացներուն։ 2019-ի Մայիսին աւարտեցի եւ Յունիսին արդէն հոս էի։

Հ․- Եթէ ճիշդ հասկցայ, նոր իշխանութեան գալով սահմանադրութեան փոփոխութիւններու գործընթա՞ց սկսաւ։

Պ․- Այն, ատեն սահմանադրութիւն բառը չէր ըսուեր, բայց ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու ընթացքը սկսած էր նախորդ տարին, յանձնաժողովներ եւ աշխատանքային խումբեր կազմուած էին։ Պատահմամբ նախորդ ամառը ծանօթացած էի մասնագէտի մը հետ, որ ինծի շատ բան բացատրած էր ասոր մասին եւ յօդուածներս սրբագրած էր։ Դեկտեմբերին ինք պատգամաւոր ընտրուած էր եւ այդ աշխատանքային խումբի ղեկավարը եղաւ։ Ես ալ իրեն, որպէս կամաւոր, օգնական եղայ։ Այն ատեն նոյնիսկ բան չէի գիտեր Հայաստանի ընտրութիւններուն մասին, չէի  գիտեր 1995-ի 1999-ի, 2003-ի այդ ընտրական բարեփոխումբերու մասին՝ ընտրակարգը, դաշինքի concept-ը (1995-էն ի վեր դաշինքները բաւական մեծ դեր խաղցած են), սկսայ կամաց-կամաց իմանալ եւ ինչ որ ալ կը սորվէի Մարիա Թիթիզեանի հիմնած EVN Report լրատուական հարթակով սկսայ գրել, որ ուրիշներ ալ, որոնք հետաքրքրուած են այս հարցերով ինծի պէս, իմանան։ Այդպէս եղաւ Հայաստան փոխադրուիլս։

Հ․- Այսինքն, որոշեցիք դուք ալ ներդրում ունենալ Հայաստանի բարեփոխումներու գործընթացին մէջ։

Պ․- Ըսեմ, որ երբ որոշում կ’առնես, վերջը ետ կը նայիս եւ կը մտածես, արդեօք ճի՞շդ որոշումը առի, կրցա՞յ ազդեցութիւն ունենալ որեւէ մարզի մէջ։ Կրնամ ըսել՝ այո, եթէ ես հոս չըլլայի` կան ուղղութիւններ, որոնք հաւանաբար պիտի չըլլային օրէնքին մէջ եւ կարծեմ մասնաւորապէս այս վերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն պարագային։ Համամասնական համակարգը խեղաթիւրուած էր, օրինակ՝ 2016-ին Գիւմրիի մէջ թեկնածուն 35 տոկոսով մեծամասնութիւն ստացած էր խորհուրդին մէջ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները բոլորը պոյքոթած էին ընտրութիւնները, բայց ի վերջոյ օրէնքը այդպէս գրուած էր։ Վանաձորի մէջ փակ քուէարկութեամբ քաղաքապետ ընտրելու ժամանակ մեծ խնդիր եղած էր։ Ըսեմ՝ իմ անձնական միջամտութեամբ, առաջարկեցի, որ պէտք է այդ ընտրութիւնը բաց ըլլայ եւ ընտրուած աւագանիի անդամները գոնէ իմանան՝ իրենք ինչպէս քուէարկեցին եւ  աւագանիի ընտրուած անդամը պէտք է հաշուետու ըլլայ իր ընտրողներուն առջեւ։ Այդ փոփոխութիւններուն մէջ ես կրցայ դեր մը խաղալ։ Նաեւ շատ գաղափարներ ունէի, կը փորձէի առաջ բերել, մէկ մասը չկարողացայ մտցնել օրէնքի մէջ, բայց երանի՜ այդ կէտերը մէջը ըլլային, աւելի կայուն վիճակի մէջ կ’ըլլայինք։ Բայց  սահմաններ կային․․․ չկրցայ մարդոց համոզել։ Ի վերջոյ որոշում առնողը ես չեմ միայն, որոշում առնողներուն միայն կրնամ խօսիլ եւ իրենց համոզել։ 

Հ․- Ընտրական համակագին մէջ աշխատելէն բացի, ուրիշ ի՞նչ գործերով կը զբաղիք։

Պ․- Ասիկա գլխաւոր գործս է, առաւել EVN Report-ի համար յօդուածներ կը գրեմ անգլերէնով, ուրիշներու անգլերէն յօդուածներն ալ կը սրբագրեմ։ Դեկտեմբերին վերջապէս պիտի այցելեմ Գանատա, որ երկու տարիէ չեմ այցելած եւ ընտանիքս չեմ տեսած։

Հ․- Դուք հոս պետական հաստատութեան մէջ կ’աշխատիք, չէ՞։ Սփիւռքահայերը ի՞նչ մարզերուն մէջ կրնան օգտակար դառնալ Հայաստանին։

Պ․- Այն ատեն, երբ կը խօսուէր սահմանադրութիւնն ալ պիտի փոխեն եւ  փոփոխութիւններու հետ կապուած քննարկումները Խորհրդարանի մէջ պիտի չըլլային, այլ ուրիշ կազմ մը ստեղծած էին, յատուկ սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացներուն համար, դիմեցի Արդարադատութեան նախարարութիւն։ Բայց ըսեմ, որ 3-4 շաբաթ ետք պատերազմը սկսաւ եւ այդ բոլոր գործընթացը կանգ առաւ։ 

Սփիւռքը բոլորս ալ համաձայնինք, որ 200 տարիէն աւելի պիտի չդիմանայ, շատ բախտաւոր կ’ըլլանք, եթէ 80 տարի դիմանայ։ Կամ մարդիկ սփիւռքէն Հայաստան պիտի փոխադրուին, կամ սփիւռքը պիտի անհետանայ։ Հայաստանի կացութիւնն ալ խիստ վատ է հիմա, որոհվետեւ ցեղասպանական քաղաքականութեանը, որ Թուրքիան ունի Ազրպէյճանի հետ, լուրջ հակադարձ չունի մեր կողմէ։ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնն ալ պարզ է։ Միակ յոյսը Հայաստանի համար այն է, որ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Գանատայէն պէտք է որոշեն, որ  իրենց համար արժէք ունի՞ հայրենիք ունենալը եւ պիտի գան հոս եւ իրենց զոհողութիւններով հանդերձ ինչ որ բան փոխեն: Կան մարդիկ, որ տարին երեք շաբաթ կու գան Հայաստան՝ մէկ ծրագրին մաս կը կազմեն՝ ոչինչէն  լաւ է, կան նաեւ մարդիկ, որոնք երբեք Հայաստան չեն եկած։

Պատերազմին տեսանք, թէ տեղ մը հասաւ այլեւս, եթէ նայէիր փաստերուն լաւ կացութեան մէջ չէինք, բայց յոյս ունէինք, որ հրաշք պիտի ըլլայ եւ ի վերջոյ պիտի յաղթենք՝ ինչպէս 1994-ին եղաւ։ Բախտաւոր ենք, որ այսօր Ստեփանակերտ հայ կ՛ապրի։ Արցախցիին հոն վերադառնալն է իրական հայրենասիրութիւնը։

Չեմ ուզեր մեր մէջ եղած երազային հայրենասիրութիւնը պահպանել. Ասոր չեմ ուզեր մասնակից ըլլալ։ Պէտք է իրականութիւնը տեսնել։

Հ․- Վերջին պատերազմը եւ ներկայ քաղաքական անկայուն վիճակը ցոյց կու տան, որ Հայաստանը չէ կայացած որպէս պետութիւն։ Ըստ ձեզի՝ ինչպէ՞ս կրնանք դուրս գալ ստեղծուած այս ծանր վիճակէն։

Պ․- Հայաստանի մեծ բացը կրթական համակարգին մէջ է։ Երբ նոր անկախացաւ երկիրը, պատերազմի, մութ ու ցուրտ տարիներուն շատ հայեր, որոնք հնարաւորութիւն ունէին ելան Հայաստանէն՝ իրենց ընտանիքին համար աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու։ Երկրին համար ամենապատրաստուած մասը այլեւս չկար։ Նոյնիսկ պատերազմ կար գիտութիւն ունեցող մարդոց եւ ուժ ունեցողները անձանց միջեւ։ Ուժ ունեցող անձիք գիտնականներուն մղեցին, որ երթան, այսպիսով զանոնք զրկեցին Հայաստանի քաղաքացիութենէն։

Հ․- Կը կարծէ՞ք ծրագրուած քաղաքականութիւն էր։

Պ․- Կը կարծեմ մտածուած քաղաքականութիւն էր։ 2005-էն ի վեր սահմանադրութիւնը չ’արգիլեր, որ մարդիկ երկքաղաքացի ըլլան, բայց եթէ ես Հայաստանի քաղաքացիութիւն առնեմ, կան շատ պաշտօններու, որոնց չեմ կրնար հասնիլ, եթէ ես Գանատայի քաղաքացիութենէս չհրաժարիմ։

Եթէ մէկ բան կայ, որ իրական փոփոխութիւն կրնայ բերել, բայց 20-30 տարուան գործ է, սկսիլ ուսուցիչներ որակաւորել, դպրոցները կարգի բերել, կրթութիւնը բարելաւել։ Բայց դիւրին ալ չէ ատիկա ընելը վարչական կարգաւորման (regulatory trends) բազմաթիւ արգելքներու պատճառով։ Teach For Armenia անունով շատ յաջող նախաձեռնութիւն մը կայ, նախաձեռնութիւնը աւելի Հայաստան ծնած մեծցած մարդոց համար է, սփիւռքահայերուն մասնակցութիւնը սահմանափակ է։

Հ․- Որպէս հայրենադարձ ի՞նչ խորհուրդ կու տաք սփիւռքահայերուն․ անոնք ի՞նչ ընելիք ունին Հայաստանի համար, յատկապէս Հայաստանի ներկայ վիճակին մէջ։

Պ․- Ի՛նչ ունին ընելիք եւ ի՛նչ պատրաստ ենք ընելու տարբեր բաներ են։ Ի՞նչ ունին ընելիք՝ իրենց ունեցածը առնելով պէտք է տեղափոխուին հոս, տուն առնեն եւ ապրին։ Հոս mortgage չեն ունենար տալու, քալելով կրնան գործի երթալ, առօրեայ կեանքը մէկ կողմէն աւելի դիւրին կ’ըլլայ: Վստահ, երբ իր զաւակը հանրային դպրոց սկսի յաճախել, ծնողքը պիտի ստիպեն հանրային կրթական համակարգին՝ տայ այնպիսի կրթութիւն, զոր պիտի ուզեն իրենց զաւակը ունենայ եւ ատոր միջոցաւ 300 ուրիշ աշակերտներ ալ պիտի օգտուին։ Կրնայ ըլլալ սփիւռքի միայն մէկ տոկոսը առնէ նման քայլ, իսկ մնացեալը աւելի լաւ վիճակի մէջ կրնան շարունակել ապրիլ, բայց ատոր հետեւանքը կրնայ ըլլալ այն՝ որ իրենց թոռնիկները ոչ հայերէն խօսին, ոչ ալ Հայաստան այցելեն։

Առանց հայրենադարձութեան դրական մեծ փոփոխութիւն չեմ տեսներ Հայաստանի մէջ։    

Հ․- Հայաստանի մէջ ինչ լաւ բաներ կան, որ ուրիշ տեղ չկայ։

Պ․- Ես կեդրոն կ’ապրիմ, 10 վայրկեան քալելով գործի կը հասնիմ, Թորոնթօ ասանկ բան չկայ։ Թորոնթոյի մէջ, եթէ գործի մէջ բանի մը սկզբունքով դէմ ես ազատութիւն չունիս զայն անմիջապէս մերժելու։ Եթէ այդ գործը չառնես, այդ ամսուան mortgage payment-ը պիտի չկարենաս տալ: Հայաստան՝ եթէ սկզբունքով դէմ եմ բանի մը, կ’ըսեմ ` ես պիտի չմասնակցիմ ասոր։  Նոյնիսկ եթէ կազմակերպութիւնը այդ ճանապարհով պիտի անցնի, առանց ինծի պիտի անցնի, ես ունիմ ազատութիւնը մերժելու: Ընկերային կեանքը շատ աւելի լաւ է, մարդամօտութիւն կայ ժողովուրդին մէջ. շատ դիւրին է նոր ընկերներ ունենալ, դիւրին է մարդոց ծանօթանալ։ Այստեղ պարզապէս մեծամասնութիւնը հետաքրքրուած է դիմացինով՝ առանց վատ նպատակի: