Առաջին Խորհրդարանի (1919-1920) Երեք Կին Պատգամաւորները


Առաջին խորհրադարնի երեք կին պատգամաւորները, ձախէն աջ՝ Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան, Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան, Վարվառա (Վարիա) Սահակեան։

 

Հայաստանի մէջ հայ կանայք ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ունեցած են 1919էն: Այդ տարուան Մարտին տեղի ունեցած խորհրդարանական առաջին ընտրութիւններուն ընտրուած են երեք կին պատգամաւորներ` երեքն ալ` ՀՅԴէն: Այդ ընտրութիւններուն, որոնք առաջինն էին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, խորհրդարանի 80 պատգամաւորներէն 72ը ՀՅԴի ներկայացուցիչներ էին:

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան

Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան

Կատարինէն եղած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրական հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի կինը: Անոնք ամուսնացած են 1917ին, երբ Արամը Երեւանի “դիկտատորն” էր: Անոնց ամուսնական կեանքը տեւեց երկու տարէին ալ քիչ, քանի որ 1919ի Յունուար 29ին Արամը մահացաւ բծաւոր տիֆէն: Կատարինէն եղած է բժշկուհի` նուիրուած որբերու ու գաղթականներու օգնութեան գործին:

Կատարինէն խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուեցաւ, երբ Արամը մահացած էր երկու ամիս առաջ: Դուստրը` Սեդա Մանուկեանը, քանի մը ամսական էր: Երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ, Կատարինէն մանկահասակ դստեր հետ ապաստանեցաւ քրոջ մօտ, ապա մեկնեցաւ Կրասնոտար` Արամի ազգականներուն մօտ: 1927ին վերադարձաւ Երեւան եւ կրկին նուիրուեցաւ բժշկութեան:

«Մայրս կրթուած, ազնիւ, իր գործին, իր մասնագիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն էր: Առաւօտեան աշխատանքի կ՛երթար, ճաշին կու գար, զիս կը կերակրէր, նորէն դուռը վրաս փակելով կ՛երթար ուրիշ աշխատանքի: Ատիկա էր անոր ամբողջ կեանքը»,- պատմած է Սեդա Մանուկեան:

Կատարինէն մահացած է 1965ին: Արամի եւ Կատարինէի դուստրը` Սեդա Մանուկեանը, մինչեւ 1976 թուականը կ՛ապրէր Երեւան, ապա տեղափոխուած է Մոսկուա, ուր մահացած է 2005ին` 86 տարեկանին: 1998ին ան այցելած է Երեւան` Սարդարապատի թանգարանին նուիրած հօր իրերը եւ լուսանկարներ:

Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան

Լուսանկարին մէջ` Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի լաւագոյն յուշագրութիւնն է ապրած փոթորկալի կեանքին մասին` վերատպուած Պէյրութի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչութեան կողմէ 2016ին: Անոր ամուսինը ՝ Պօղոս Օդաբաշեանը (Սարգիս Բարսեղեան), դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն մին։ Անոնք 1914ին ունեցան է մէկ որդի` Արմէնը, զոր կը կոչէր նաեւ Արմիկ: Մայր եւ որդի Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Կ. Պոլսով մեկնեցան Ֆրանսա` Փարիզ, ուր ապրեցան ու մահացան (Մայքլ Բաբայեանի ֆէյսպուքի էջէն):

Ծնած է 1886ին, Էտիրնէ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Ֆիլպէիի (ներկայիս Փլովտիւ) մէջ: Ընդամէնը 16 տարեկան էր, երբ ան` եռանդով լեցուն եւ հայրենիքին ծառայելու գաղափարներով ներշնչուած, իր ճանապարհին հանդիպեցաւ ապագայ ամուսինին` յեղափոխական Սարգիս Բարսեղեանին: Անոր թելադրանքով օրիորդներու խմբակ մը ստեղծեց, որ լուսաւորութիւն եւ յեղափոխական գաղափարներ տարածելու նպատակ ունէր: Այնուհետեւ Ժնեւ մեկնեցաւ` ուսանելու գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն: Այդ շրջանին սկսաւ ստեղծագործել` Էտնա կեղծանունով: Յետագային անոր պատմուածքները լոյս տեսան առանձին գիրքով` «Փոթորիկէն վերջ»:

Ուսումն աւարտելէ յետոյ ուսուցչութիւն ըրաւ Կերասոնի եւ Վանի մէջ: Պերճուհիի եւ Սարգիսի ամուսնական կեանքը կարճ տեւեց: 1909ին անոնք ամուսնացան, իսկ 1915ին Սարգիսը, որ կը վարէր Պոլսոյ ՀՅ Դաշնակցութեան բիւրոյի գործավարութիւնը, հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու հետ ձերբակալուեցաւ եւ նահատակուեցաւ: Իր յետագայ կեանքը Պերճուհին նուիրեց զաւակին ու մարդոց ծառայելուն: Ան տեղափոխուեցաւ Պուլկարիա, անուհետեւ` Թիֆլիս, իսկ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակումէն ետք անցաւ Երեւան եւ ընտրուեցաւ խորհրդարանի պատգամաւոր: Ան ընդգրկուեցաւ Ամերիկեան խնամատարութեան կոմիտէի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք շատերու պէս բռնեց գաղթի ճամբան: Որոշ ժամանակ Սոֆիա բնակելէ ետք վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր պաշտօնավարեց Նանսենեան գրասենեակին մէջ եւ շարունակեց գրական գործունէութիւնը: Մահացաւ 1940ին` երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:

Վարվառա (Վարիա) Սահակեան

Վարվառա (Վարիա) Սահակեան

Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամի) կինն էր: Առաջին հանրապետութեան տարիներուն ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ ընդգրկուած կրթական ծրագիրներու մէջ:  Այդ շրջանին ան ծանր կորուստ կրեց. անհրաժեշտ դեղորարքի պակասէն մահացաւ անոր զաւակը:

Ատոր յաջորդեց` Հայաստանի խորհրդայնացումը, ամուսինին բանտարկութիւնը: Փետրուարեան յեղափոխութեան ժամանակ Վարիան, ամուսինը եւ երկու զաւակները ոտքով փախան Թաւրիզ: Այստեղ վեց տարի ապրելէ ետք Սահակեանները փոխադրուեցան Հարաւային Իրան, յետագային` Իրաք: Սակայն կլիման չափազանց վատ անդրադարձաւ Վարիայի առողջութեան վրայ, որուն պատճառով ալ ընտանիքը ստիպուած եղաւ տեղափոխելու Լիբանան:

Պէյրութի մէջ ան դարձեալ ներգրաւուեցաւ հասարակական գործունէութեան մէջ` մասնակցելով Օգնութեան Խաչի աշխատանքներուն: 1932ին ճակատագիրը մէկ նոր հարուած հասցուց. ան կորսնցուց միւս զաւակը, մէկ տարի անց` ամուսինը: Այս հարուածները վերջնականապէս քայքայեցին Վարիայի առողջութիւնը, եւ շատ չանցած ան կնքեց իր մահկանացուն:

Պատրաստեց` Անահիտ Յարութիւնեանը

Ըստ Սոնա Զէյթլեանի «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» գիրքին, Լոս Անճելըս, 1992։