ԱՌԻն 6 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարած Է Արցախի Քաշաթաղ Եւ Շահումեան Շրջաններուն Մէջ


ԱՌԻ ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեան ներկայացուցած է ԱՌԻի աշխատանքը:

Ան ըսած է. ««Հողը անոր է, որ այնտեղ կ՛ապրի»: Հազարաւոր ազատամարտիկներ իրենց արիւնը թափեցին ազատագրելու համար տարածքներ, որոնք ամայի կը մնան: Եթէ այդ տարածքները չվերաբնակեցուին, ուշ կամ կանուխ զանոնք կը կորսնցնենք: Հետեւաբար ԱՌԻն եկաւ օժանդակելու համար Արցախի ժողովուրդի վերաբնակեցումին»: Ան աւելցուցած է, որ գիւղացիներուն հասանելի չեն դրամատուները: Իսկ Արցախի մէջ ամէն տեսակ ազդակներ կան՝ բնութիւնը, մարդուժը, առատ ջուրը, սակայն կը պակսէր դրամագլուխը: ԱՌԻն եկաւ այդ բացը գոցելու, գիւղացիին հայթայթեց այն դրամագլուխը, զոր պէտք ունէր, որպէսզի զարգացնէ իր աշխատանքը, արտը մեծցնէ եւ կովերը բազմապատկէ:

Ալեքսանտրեան անդրադարձած է ԱՌԻի գործունէութեան․ Անհատը անդամ կը դառնայ ԱՌԻին շատ փոքր գումարով մը, որմէ ետք կը կատարէ դրամարկումը, որ կը կատարուի գումարի փոխանցումով: Այդ գումարը կը տրուի գիւղացիին՝ իբրեւ փոխատուութիւն երեք տարուան համար: Իւրաքանչիւր տարուան աւարտին դրամարկողը կը ստանայ տոկոսը: ԱՌԻն իր կարգին այդ գումարները կը փոխանցէ պետութեան պատկանող հիմնադրամի մը, որ կը կոչուի «Գիւղ» հիմնադրամ՝ «Ակրոֆոնտ», որ իր կարգին գումարը կու տայ գիւղացիին: Գիւղացին կը գործածէ այդ գումարը արտը մշակելու, քաղաքը մեծցնելու: Ապա այդ գումարները ետ կը տրուին ԱՌԻին եւ ԱՌԻն ետ կու տայ զանոնք «գիւղ» հիմնադրամին. հիմնադրամը զանոնք ետ կը փոխանցէ ԱՌԻին եւ վերջապէս ԱՌԻն կը վերադարձնէ զանոնք դրամարկողներուն:

ԱՌԻին մաս կը կազմէին 16 անհատներ, իսկ այժմ անիկա ունի 187 բաժնետէր: Ընկերութիւնը սկսած է 300,000 տոլար գումարով մը, իսկ այժմ անիկա բաժնետէրերէն ստացած է 3,700,000 տոլարի վարկ: ԱՌԻն իր կարգին «Գիւղ» հիմնադրամին փոխանցած է 4,100,000 տոլար եւ 1,800,000 տոլար յատկացուցած է շինարարութեան: Այսինքն՝ շուրջ 6,000,000 տոլարի ներդրում կատարած է ԱՌԻ-ն Արցախի Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջաններուն մէջ, որոնք Հայաստանը եւ Արցախը կը շաղկապեն: Ցարդ, 8 տարիներու ընթացքին ԱՌԻն իր բաժնետէրերուն բաժնած է շուրջ 900,000 տոլարի գումար մը: Իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարելէ եւ բաժնետէրերուն տոկոսները վճարելէ ետք, ԱՌԻն տարին կը փակէ 18,000 տոլար շահով մը:

Այժմ ԱՌԻ-ն «Գիւղ» հիմնադրամին տուած է 1,600,000 տոլար: Իսկ շինարարական աշխատանքներուն համար տուած է 1,700,000 տոլար եւ բաժնետէրերէն ստացած է 3,700,000 տոլար: