Առնուազն 450 Սփիւռքահայ Ընտանիքներ Հայրենիք Վերադարձած Են․ Մխիթար Հայրապետեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վարկանշային դրութեամբ՝ Աւան եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանները ընդգրկող ընտրատարածքին մէջ իր թեկնածութիւնը դրած Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան դիմեց հանրութեան՝ նիւթական եւ մարդուժի աջակցութիւն խնդրելով իր ընտրապայքարին համար:

«Թերթ»ի աշխատակիցին այն հարցումին, թէ արդեօք ստեղծուած են այնպիսի տնտեսական կարելիութիւններ մարդոց համար, որպէսզի կարենան աջակցութիւն ցուցաբերել՝ նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ 6 ամիսներուն ընթացքին կարելի չէր ստեղծել երազանքի երկիր, սակայն ինք ու իր ընկերները կը վայելեն ժողովուրդի վստահութիւնը:

Անդրադառնալով Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքներուն, մասնաւորապէս՝ հայրենադարձութեան հարցին, նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ հայրենադարձութեան վերաբերեալ տարած են աշխատանքներ, որոնք շարունակական են, եւ ունին հայեցակարգ՝ սեւագիրի տեսքով: Մխիթարեան յայտնեց, որ ունին տեղեկութիւն 450 ընտանիքներու մասին, որոնք վերադարձած են, սակայն այդ թիւերը չեն արտացոլեր իրականութիւնը, որովհետեւ ունին տեղեկութիւն միայն անոնց մասին, որոնք կապ հաստատած են նախարարութեան հետ:

«Սփիւռքը Հայաստանի կողմէ կ՛ակնկալէ աւելի մեծ դերակատարում, Սփիւռքը այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է, եւ իմ բնորոշումով եւ գնահատականով՝ ատոնք հնարաւոր չէ լուծել առանց Հայաստանի մասնակցութեան եւ օժանդակութեան, առանց սփիւռքեան համայնքներու ներքին կեանքին խառնուելու, այսինքն՝ Հայաստանը համակարգողի, կամուրջի դերակատարում պէտք է ստանձնէ», ըսաւ Մխիթարեան՝ աւելցնելով. «Ես համոզումած եմ, որ լաւ չենք ճանչցած եւ դեռ լաւ չենք ճանչնար Սփիւռքը իր ողջ շերտերով, երանգներով, խնդիրներով, յաջողութիւններով: Իւրաքանչիւր համայնք ունի սեփական օրակարգը, եւ պատրաստ ենք տարբեր օրակարգերով աշխատելու: Եթէ Հայաստանը հանդէս գայ մէկ օրակարգով, ապա մենք կրկին պիտի ձախողենք Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, եւ պիտի ունենանք անդառնալի հետեւանքներ»: