Ատոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանջեան, Սերժ Թանգեան Նոր Տան Բանալիներ Յանձնեցին Առաջամուղցի Ընտանիքներուն (լուսանկարներ)


«Ապարաժ»․- 2004ին «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմադրամին կողմէ Արցախի հարաւը հիմնադրուած Առաջամուղ գիւղը տարիէ տարի կ՛ընդլայնուի. Ապրիլ 4ին, առաջամուղցի 6 ընտանիք բնակարանամուտ տօնած է:

«Առաջամուղը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Արցախի համար: Ուստի մեր յետագայ քայլը դպրոցի վերակառուցումն ու բուժկէտի շէնքի կառուցումը պիտի ըլլայ», ըսած է Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ յոյս յայտնած, որ տարիներ ետք նորակառոյց գիւղը վերածուի քաղաքի:

Տան բանալիները տանտէրերուն յանձնեցին Սերժ Թանգեան, Արսինէ Խանջեան, Ատոմ Էգոյեան եւ Էրիկ Նազարեան: Վերջիններս երկօրեայ այցով Արցախ կը գտնուին:

Հանրայայտ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանգեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած շատ ձեռնարկներու մասնակցած է, սակայն ասիկա ամենազդեցիկն էր:

«Մենք երախտապարտ ենք այս մարդոցով, որոնք այստեղ կ՛ապրին», նշած է Թանգեան:

Դերասանուհի Արսինէ Խանջեան յայնտած է, որ Արցախ այցելելով պետք է ներկայանալ ոչ միայն որպէս զբոսաշրջիկ, այլեւ պետք է ժամանակ գտնել և շփուել արցախցիներուն հետ:

«Յոյս ունիմ, որ այն սփիւռքահայերը, արուեստագէտները  որոնց հետ ես կը շփուիմ, կրնամ անոնց յստակ ներկայացնել Արցախն ու տեղի իրողութիւնը, եւ անոնց յորդորեմ գալ Արցախ ու ժամանակ տրամադրել այս հրաշք երկրին ծանօթանալու համար: Եւ անոնք պէտք է ոչ թէ մէկ անգամ ըլլան Արցախ, այլ պարբերաբար, որպէսզի կարենան ճիշդ եւ իրական աչքերով տեսնել ու պատկերացում կազմել այս հերոսական ժողովուրդին ու երկրին մասին», նշած է դերասանուհին:

Նորակառոյց 6 տուները կառուցուած են Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի ու ԱՄՆ «Արցախ» ֆոնտի ֆինանսաւորմամբ եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ:

«Մենք ուրախ ենք եւ երջանիկ այդ պարտականութիւնը մեր վրայ վերցնելու համար: Արցախը մեր հայ ազգի ուժն է, եւ այն, ինչ մենք ըրած էինք այսօր, նուազագոյնն էր», նշած է ԱՄՆ «Արցախ» ֆոնտի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Կիլիեան:

Այսօր գիւղը 18 նորակառոյց առանձնատուն ունի: Ծրագրի համաձայն, պէտք է կառուցուի եւս 32ը: Նախատեսուած է նաեւ ընդարձակել գիւղի դպրոցն ու բուժկէտ կառուցել:

«Թուֆենկեան» հիմնադրամի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան նշած է, որ այսուհետեւ Առաջամուղի ծրագիրը պիտի իրականացնէ ԱՄՆ «Արցախ» ֆոնտը:

«Նպատակ ունինք մեր հիմնադրամի ծրագիրներու միջոցով այլ բարերարներու ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի Արցախ», նշած է Անդրանիկ Գասպարեան եւ աւելցուցած, որ պէտք չէ հպարտանանք մէկ գիւղով,  սահմանամերձ գօտիին մէջ պէտք է 20 նման գիւղ ունենանք: