Ատոմ Էկոյեանին Շնորհուած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի Բարձրագոյն Տիտղոսը


Գանատայի կառավարութիւնը` ձեռամբ Ընդհանուր կառավարիչ Տէյվիտ Ճոնսթընի, Փետրուար 17ին Ատոմ Էկոյեանին շնորհած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի բարձրագոյն տիտղոսը (Companion of the Order of Canada)` երկրի մշակոյթի մէջ կատարած ներդրումին համար:

Էկոյեանը կը նկատուի Գանատայի մշակութային գանձերէն մէկը, որ նաեւ ձեռք ձգած է միջազգային համբաւ: Իր ֆիլմարուեստին մէջ ան կ՛արծարծէ արդի ժամանակներու հոգեբանական մեկուսացման, մեր կեանքի մէջ արհեստագիտութեան դերի թեմաները:

Իր մեծապէս գնահատուած ֆիլմարուեստին կողքին, ան նաեւ փնտռուած ուսուցիչ է. կը դասաւանդէ եւ կը հանդիսանայ մշակութային ձեռնարկներու եւ ֆիլմի փառատօններու գործօն մասնակից եւ ժիւրի: Էկոյեան պատկառելի վաստակ ունի նաեւ իրբեւ տեսողական արուեստներու եւ օփերայի բեմականացման մէջ: