Արաբ Գրող, Հայագէտ Նիզար Խալիլի Ոչ Եւս է


Նիզար Խալիլի Քեսապի մէջ։

“Գանձասար”,- Մայիս 8 -ին իր մահկանացուն կնքած է քեսապաբնակ սուրիացի գրող, մանկավարժ եւ հայագէտ 93-ամեայ Նիզար Խալիլին:

Խալիլի ծնած է Հալէպ 1925-ին, բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութ, Լիբանան։
1943-1946 թուականներուն պաշտօնավարած է Հալէպի Նոր Գիւղ Հայկական թաղամասի Զաւարեան վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէնի ուսուցիչ։

Հայերէնին տիրապետած է մանկավարժական իր աշխատանքին ընթացքին։ Ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մասնաւորապէս՝ գեղարուեստական գրականութիւնը։ Քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան։

Նիզար Խալիլի հայ մշակոյթին եւ հայ-արաբական գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է։ Ան առանձին գրքոյկներով արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Յովհաննէս Թումանեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի ստեղծագործութիւնները։

Ան նաեւ հայերէնի թարգմանած է արաբ հեղինակներու գործերը։ Ինչպէս նաեւ գրած է շատ մը հայերէն բանաստեղծութիւններ։

2012-ին Հայաստան այցելութեան ժամանակ տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին իրեն ուղղուած այն հարցումին, թէ իր թարգմանած ո՞ր գիրքը իրեն համար ամենահոգեհարազատ եղած է, ան պատասխանած է․ «Ամենահոգեհարազատը, որ կը խօսի սրտիս` Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ն է, քանի որ ան իր մէջ կ՛ընդգրկէ մարդկային իւրայատուկ շունչ` կրօնի ու գիտութեան հետ միախառնուած: Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» պոէմն ու Ապու Լալա Մահարիի «Ալ ֆուսուլ վալ ղայաթ» («Բաներ եւ արդիւնքներ») գիրքերը շատ նմանութիւն ունին, կարծես, մէկը միւսէն թարգմանուած ըլլայ, մէկը քրիստոնէական ոգիով, իսկ միւսը` իսլամական: