Արազ Հասըրճեան Կը Պատմէ Օժանդակութեան Նպատակով Հայաստան Իր Այցելութեան Մասին


Birthright Armenia-ի կամաւոր անդամներուն եւ այլ հայ կամաւորներու հետ։ Նոր Տարուան համար խաղալիքներ նուիրաբերողներու նուէրները պատրաստած պահուն

«Թորոնթոհայ»,- Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու նպատակով Հայաստան այցելած թորոնթոհայ Արազ Հասըրճեան կը պատմէ այնտեղի դժուար կացութեան, իր ունեցած փորձառութեան եւ տարած կամաւոր աշխատանքներուն մասին, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Ձմրան երբեք չէի այցելած Հայաստան, հետեւաբար շատ բաներ տարբեր էին ինծի համար։ Հակառակ անոր, որ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի օրերուն կը գտնուէի հոն, սակայն մթնոլորտը շատ տխուր էր: Բնականաբար, հրապարակին մէջ ո՛չ տօնածառ կար եւ ուրախութեան ո՛չ մէկ նշոյլ։ Ցոյցերը եւ պայքարը կը շարունակուէին, մարդիկ շատ դժգոհ էին եւ կը պոռթկային այսօրուան տխուր իրավիճակին մէջ գտնուելնուն պատճառով։ Շատեր կորսնցուցած էին իրենց հարազատները, տուները եւ կամ ունէին հաշմանդամ դարձած երիտասարդներ եւ անոնք ո՛չ միայն նիւթական, այլ բարոյական օժանդակութեան ալ կարիքը ունէին։

Խոստովանիմ, որ նախքան երթալս վախ մը կար մէջս, որովհետեւ կը կարծէի, թէ մեր հայրենակիցները պիտի ըսէին, որ հանգիստ կեանք մը ունեցող գանատահայը, պատերազմէն ետք եկաւ հոս եւ մեզ յիշեց. Սակայն ճիշդ հակառակը եղաւ, շատ լաւ ձեւով դիմաւորեցին զիս եւ գնահատեցին օժանդակութեան նպատակով Հայաստան գտնուիլս։

Ճամբորդութեանս բուն նպատակը Ստեփանակերտ երթալն ու խումբերու հետ նուիրեալ գործունէութիւն տանիլն էր, բայց Հայաստանի մէջ հաստատուած հարազատներս զգուշացուցին ճամբուն անապահովութենէն, ուստի մնացի Երեւան, ուր այնքան ընելիք կար, որ ամէն օր առցանց կապեր հաստատելով կամաւորական աշխատանքներ գտայ։ Նախ Թորոնթոյի հարազատներուս, բարեկամներուս եւ նուիրատուներուն` ինծի վստահուած գումարները, նուէրները եւ զարմիկիս ղրկած ձեռնահեռաձայնները յանձնցեցի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Թորոնթոյի մէջ գտնուող ընկերուհիներէս ոմանք կը ճանչնային Երեւանի մէջ հաստատուած կազմակերութեան մը անդամները, որոնք առցանց կապ մը հաստատելով, սփիւռքէն՝ Supermarket.am-էն, Parma-էն եւ կամ այլ տեղերէ սննդամթերքի պատուէրները ապահովելով կը հասցնէին Երեւանի եւ կամ մօտակայ գիւղերուն մէջ հաստատուած ընտանիքներուն։ Ես ալ քանի մը անգամ Թորոնթոյէն առցանց սննթամթերք ապահոված էի անոնց եւ գիտէի, որ այդ կազմակերպութեան մէջ խումբ մը կամաւորներ շաբաթական դրութեամբ պաշար կը բաժնէին եւ ամէն շաբաթ՝ ըստ պահանջքին, սննդամթերքին ցանկը կը փոխուէր։ Երեւանի մէջ գտնուած ժամանակս այդ կազմակերպութեան անհատներուն հանդիպելով աշխատեցայ իրենց հետ եւ անոնց միջոցով ալ ծանօթացայ եւ օժանդակեցի Արցախէն Երեւան հասած եւ տարբեր պարագաներ ունեցող ընտանիքներու, որոնք հարազատներ, տուն-տեղ կորսնցուցած էին եւ նիւթական ծանր պայմաններու բերումով չէին կրնար իրենց տան վարձերը ապահովել։

Birthright Armenia առցանց կապով տեղեակ եղայ կամաւորական աշխատանքի վայրերուն եւ կազմակերպութիւններու հետ ծանօթանալով կամաւորական աշխատանքներ ըրի, այսպէս օրինակ՝ Արցախի պզտիիկներուն, Կաղանդ Պապային ղրկած նամակներուն համեմատ, Նոր տարուան նուէրներ բաժնուեցան, ուրիշ օր մը AGBU-ի սրահին մէջ տաքուկ հագուստ, գիրքեր եւ այլ նուէրներ փաթեթաւորուեցան՝ Նոր Տարուան առիթով պզտիկներուն նուիրելու։

Ամենէն հաճելի օրս այն օրը եղաւ, երբ ամբողջ օր մը անցուցի Հատրութէն փախած բազմանդամ ընտանիքի մը հետ, որոնց ընտանիքի անդամներէն մէկը զոհուած էր, ընտանիքին հայրը քաղաքէն դուրս գործ մը ապահոված եւ ամէն օր երկար ճամբայ կը կտրէր գործի հասնելու համար։ Պզտիկներուն մայրը կ’ըսէր. «Եթէ մեր երեխաները չըլլային՝ մենք կը գժուէինք, անոնցմէ ոյժ կ’առնենք ու անոնց համար կ’ապրինք»։ Հակառակ իրենց դժուար կացութեան՝ շատ հիւրասէր էին անոնք եւ սրտաբաց ընդունեցին զիս։ Այսպիսի հազարաւոր ընտանիքներ կան, որոնք օժանդակութեան կարիքը ունին, որովհետեւ վերադառնալիք տեղ չունին եւ ներկայիս իրենց ապրած տան վարձքերը վճարելու կարողութիւն չունին։

Հայաստան գացած ժամանակս մասնաւոր ծրագիրներ չունէի, սակայն երբ հոն հասայ տեսայ, թէ կարիքները շատ են եւ բազմազան։ Ես իմ փոքրիկ բաժինս բերելով մասամբ մը գոհունակութիւն զգացի, բայց տակաւին բաւարարուած չեմ ու կ’ուզեմ դարձեալ երթալ։ Հաւատացէ՛ք, դեռ շատ ընելիք կայ հոն բոլորիս համար։

Ներկայիս շատ դժուարութիւններ կան Հայաստանի մէջ, անոնց կը գումարուին համաճարակի հարցը եւ ծանր տնտեսական վիճակը, որովհետեւ ոչ զբօսաշրջութիւն եղած էր անցեալ տարի, ո՛չ ալ սփիւռքահայութեան՝ Հայաստան այցելելու շնորհիւ յառաջացած եկամուտը, պատերազմն ալ վրայ եկաւ եւ աւելի վատ եղաւ պարագան, հետեւաբար, ուր որ ալ ըլլանք, պէտք է հայկական արտադրութիւնները քաջալերենք։ Պէտք է մեր հայրենակիցները զգան, որ մենք ամբողջ սրտով իրենց հետ ենք, ու երբ որ առիթը ունենաք անձամբ երթանք ու մեր ժողովուրդին օգտակար դառնանք։  «Արցախը մերն է, Արցախը Հայաստան է ու այդպէս ալ կը մնայ», ըսելով միայն չբաւարարուինք, այլ՝ «Մենք ենք մեր սարերը», ըսելով պէտք է շարունակենք մեր պայքարը եւ առանց յուսախաբութեան օգնենք մեր ժողովուրդին»։

Birthright Armenia-ի կամաւոր անդամներուն եւ այլ հայ կամաւորներու հետ։ Արցախէն Երեւան հասած ընտանիքներուն համար սննդամթերք եւ պաշար փաթեթաւորած ժամանակ

 

Երևանի Տիկնիկային թատրոնին մէջ։ «Հայ Երիտասարդ Ակտիւիստներ» խմբակին կողմէն Արցախի ընտանիքներուն համար կազմակերպուած միջոցառման պահուն։ Ներկաներէն իււրաքանչիւրը ստացաւ նուէրներու պայուսակ մը։

 

Արազ Հասըրճեան՝ Հատրութէն Երևան տեղափոխուած ընտանիքներէն մէկուն փոքրիկին հետ խաղցած պահուն:

 

ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ։ Նուէներ կը փաթեթաւորենք տեղահանուած երեխաներուն համար: