Արամ Աթէշեան Հրաժարական Տուաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Փոխանորդի Պաշտօնէն


Մայիս 24ին, Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած դռնփակ նիստին պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան հրաժարական տուաւ: Այսպիսով Պոլսոյ պատրիարքութեան ղեկավարութիւնը պիտի փոխանցուի ընտրեալ տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին։

Արամ արք. Աթէշեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ եւ կոչ ըրաւ համախմբուելու ընտրեալ տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին շուրջ եւ պատշաճ կերպով կազմակերպելու պատրիարքական ընտրութիւնը։

Այդ առիթով Արամ Արք. Աթէ­շեանի եր­կու նա­մակ­նե­ր յղած է Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսին եւ արք․ Պեքճեանին։

Նա­մակ­նե­րու մէջ Արամ Աթէ­շեան կ՚անդրա­դառ­նայ, թէ պե­տու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ եկած կարգ մը ազ­դանշան­ներ մտա­ծել կու տան, որ ժա­մանա­կը եկած է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծընթաց­քին ձեռ­նարկե­լու։

Փո­խանորդ Սրբա­զանը կը խոս­տա­նայ իս­կոյն փո­խան­ցել Պատ­րիար­քա­րանի վար­չութիւ­նը ընտրեալ տե­ղապա­հին եւ սա­տարել անոր իր աշ­խա­տանքներուն մէջ։  

Ի տես այս ի­րա­դար­ձու­թեան՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. կա­թո­ղի­կոս ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցած է թէ՛ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ թէ՛ Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հետ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նած է ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան հա­մար եւ եր­կու սրբա­զան­նե­րուն փո­խան­ած իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ջանք ու ե­ռանդ չխնա­յեն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին լու­ծու­մը ի կա­տար ա­ծե­լու հա­մար։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ, Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք․ Պեքճեան 10 օրուան մէջ պիտի ժամանէ Պոլիս։ «Վեհափառին եւ ինծի նամակ ուղարկուած է, հրաւիրուած եմ «Համբարձման» ընթրիքին, սակայն Գերմանիոյ մէջ պայմանաւորուածութիւններ ունիմ: 10 օրուան մէջ կու գամ Սթամպուլ եւ կը սկսիմ աշխատանքներուս: Հանդիպումներ ունեցած եմ նախապատրաստութիւններու թեմայով, ատոն ալ 10 օրուան մէջ կ’ամբողջանան: Երբ գամ, այդ ժամանակ կը շարժուիմ համաձայն անոր, թէ ինչ կ՛ուզէ պետութիւնը եւ մենք ինչ պէտք է ընենք»,­ ըսած է Պեքճեան: