Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ձեռնադրութեան Հանդիսաւոր Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ


Հոկտեմբեր 21ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ նուիրուած Արամ Ա․ հայրեպետի ձեռնադրութեան 50ին։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ իր տիկինը, Լիբանանի նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցիչները, քրիստոնեայ համայնքապետերու ներկայացուցիչները, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Հայաստանէն ժամանած նախարարներ, ազգային բարերարներ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները։

 Օրուան պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Իր պատգամին մէջ վերափառ հայրապետը, որ կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ, անցնող 50 տարիներուն, յատկապէս որպէս Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ ապա Կաթողիկոս, փորձած է Քրիստոսի թելադրութեան հաւատարիմ ըլլալ իր ծառայական կեանքին մէջ։ Ան յիշեց, որ ինք ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակ է եւ Լիբանան ծնած հայ եկեղեցւոյ առաջին Կաթողիկոսը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ցեղասպանութենէն ետք Լիբանանի հայ համայնքի վերակազմակերպման, որ դարձաւ նաեւ յառաջապահը հայ ժողովուրդի վերածննդեան ու սիրտը Սփիւռքի հայութեան։

Հայրապետը ողջունելով վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանը՝ շեշտեց, թէ հայրենի ժողովուրդին կամքին ու սպասումներուն թարգմանը ըլլալով՝ ան նոր էջ բացաւ Հայաստանի ներկայ ժամանակներու պատմութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ հաւատքով իր մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի հզօրութեան ու ծաղկման աշխատանքներուն։

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Վեհափառ Հայրապետին եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ ազգաշէն գործունէութիւնը ու նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերն ու դերակատարութիւնը ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքի վերակազմակերպման առաքելութեան մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռը յատկապէս իրենց ներդրումը ունեցած են Լիբանանի վերելքին։

Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Նորին Սրբութեան տարած աշխատանքը՝ հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման ապահովման նպատակով ու նշեց. «Մենք հիացած ենք Ձեր ստեղծագործ եւ լայնածաւալ աշխատանքով, որի արդիւնքում յաջողութեամբ կերտում էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ նրա սփիւռքեան թեմերի ու թեմական կառոյցների երեկուան ու այսօրուան պատմութիւնը»։

Փաշինեան իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Երախտապարտ ենք, որ Դուք Ձեր ականաւոր գիտնականի, հայագէտի եւ կրօնագէտի իմաստութիւնը միահիւսելով Ձեր անհուն հայրենասիրութեանն ու մշտական ծառայութեանը՝ շուրջ կէս դար Ձեր սրբազան առաքելութիւնն էք կատարում առ Աստուած, առ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի եւ առ Հայրենիք»։

Աւարտին, ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին։