Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկեան Իշխան»ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը


Դեկտեմբեր 11ին, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը:

Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ նախագահին միջեւ` ներկայութեամբ Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար Հրայր Սարգիսեանի եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայութեան, Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութեան, հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:

Ապա` նախագահն ու վեհափառ հայրապետը ուղղուեցան դէպի նախագահական ապարանքին կից գտնուող հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային երեկոյ` ներկայութեամբ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահին, Կիպրոսի մէջ զանազան երկիրներու դեսպաններու, երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 500 կիպրահայերու:

Մշակութային ձեռնարկէն առաջ, յաջորդաբար խօսք առաւ փոքրամասնութեանց նախարարը, որ նախագահին անունով ողջունեց վեհափառ հայրապետը, պաշտօնական հիւրերը եւ Կիպրոսի հայ համայնքը: Խօսք առաւ նաեւ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, որ կիպրահայութեան անունով երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Կիպրոսի կառավարութեան, համայնքի բոլոր կարիքներուն մատակարարման համար, այսպէս` ամրապնդելով եւ ապահովելով հայկական հարուստ մշակոյթի, լեզուի եւ կրօնական ինքնութեան պահպանումը:

Արամ Ա. Իր խօսքին մէջ  անդրադարձաւ Կիպրոսի կարեւոր դերին` Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, յատկապէս տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ, հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան` Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակներէն սկսեալ։ Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի, մանաւանդ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած խնդիրներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ «կը մերժենք բռնատիրական միջոցներով ու զէնքի ուժով կացութիւններ պարտադրելու մօտեցումները եւ անարդար գրաւումներու օրինականացումը, ինչպէս` թրքական բանակին կողմէ Կիպրոսի գրաւումը եւ Երուսաղէմի հռչակումը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք»: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Կիպրոսի նախագահին ու կառավարութեան ցուցաբերած հոգածութեան եւ իբրեւ իր սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն, նախագահը պարգեւատրեց «Կիլիկիեան իշխան»-ի շքանշանով:

Շքանշանը ստանալէ ետք Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին համար: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ համայնքի զաւակներուն` զանոնք նկատելով պարկեշտ ու աշխատասէր անդամները Կիպրոսի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ կիպրահայերուն մասնակցութիւնը Կիպրոսի յառաջդիմութեան եւ զարգացման աշխատանքներուն: