Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկի Կը Յատկացնէ Կարիքաւոր Հայ Ընտանիքներուն


Արամ Ա․ Կաթողիկոսին հրաւիրած մտաւորականներու հաւաքը Անթիլիասի մայրավանքէն ներս

ԱՆԹԻԼԻԱՍ,-  Նոյեմբեր 2-ին Անթլիասին մայրավանքէն  ներս Արամ Ա․ կաթողիկոսի հրաւիրած մտաւորականներու հաւաքին Վեհափառ Հայրապետը յայտարարեց, որ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն,  Կաթողիկոսարանը հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի կը յատկացնէ կարիքաւոր ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ լիբանանահայ օրաթերթերուն տասական միլիոն լիբանանեան ոսկի։

Հաւաքին ընթացքին Կաթողիկոսը նախ պարզաբանութիւն տուաւ ներկաներուն Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ Կաթողիկոսարանի բացած դատին վերջին զարգացումներուն: Անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ կացութեան, յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպման աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Միաժամանակ, ան շեշտեց ողջ Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման հրամայականը՝ ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ ազգային պահանջատիրութեան առաւել հզօրացման: Վեհափառը յայտնեց, որ այս գծով ինք նախնական աշխատանքներու լծուած է:

Մտաւորականներու հաւաքին արծարծուեցաւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տնտեսական տագնապը յատկապէս՝ անոր հետեւանքները Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս: Այս հարցին շուրջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ   լիբանանահայութիւնը, որպէս Սփիւռքի կարեւոր համայնքներէն մէկը, կարելի բոլոր միջոցներով այս գաղութը պէտք է պահել զօրեղ ու աշխոյժ: Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին պատճառով բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է զանազան միջոցներով օժանդակել համայնքային կառոյցներուն ու ընտանիքներուն:

Այս ծիրէն ներս ան կոչ ուղղեց Լիբանանահայ գործարարներուն, որ ներկայ դժուար պայմաններուն գործէ չ’արձակեն իրենց հայ աշխատաւորները, լիբանանահայ ունեւորներուն, որ ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանան մեր կառոյցներուն, դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն,  լիբանանահայ Հոգեւոր, համայնքային, կուսակցական, կրթական, բարեսիրական  ու ընկերային կառոյցներուն,  հանդիպումներու ճամբով խորհրդակցելու ու հաւաքական մօտեցումներ ճշդելու համայնքը յուզող ներկայ մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ, բոլոր գաղութներուն, որոնք փոխանակ հեռուէն միայն դիտելու ու մտահոգուելու, նիւթապէս օժանդակեն Լիբանանի հայութեան կարիքներուն:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին յայտարարեց, որ Կաթողիկոսարանը հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի կը դնէ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ, որպէս անմիջական օժանդակութիւն՝ յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն: Արարատ, Ազդակ եւ Զարթօնք օրաթերթերուն կը յատկացնէ տասական միլիոն լիբանանեան ոսկի՝ առ ի գնահատանք ու զօրակցութիւն իրենց կատարած աշխատանքներուն: