Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն կը Հետեւի Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն


ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան հետ միատեղ, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը դարձուցած է առաջնահերթութիւն իր հայրապետական աշխատանքի ծիրէն ներս։ Սուրիահայութեան վերականգնումը նկատելով համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այս ուղղութեամբ ան մնայուն կապի մէջ է թեմերուն, Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կառոյցներու եւ անհատներու հետ, որպէսզի վերականգնումի գործընթացքը դրուի աւելի կազմակերպ հիմքերու վրայ։

Այս օրերուն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանք, վերականգնումի շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու Նորին Սրբութեան հետ։ Սրբազանը Սուրիոյ մէջ կատարուած նախնական աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով կատարուող նախապատրաստական աշխատանքները, անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց եւ պատասխանատու անձերը Անթիլիաս հրաւիրեց խորհրդակցութեան համար։ Նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտին, կը ծրագրուի վերականգնումի ընդհանուր հաւաք կազմակերպել սկզբունքով Սեպտեմբերի սկիզբը։